Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Օրագրութիւն՝ Օր 20

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 16 Յուլիս 2014

Պսակադրութիւն կայ Հայ Առաքելական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ Պէյրութ:

Շարականներու հմայիչ երգեցողութեան մէջ հայ ընտանիք մը կը կազմուի: Քիչ յետոյ հարսանեկան հանդէս մը պարերով ու հայալեզու երգերով պիտի թնդացնէ վարձուած գեղահիւս սրահ մը Պէյրութի մէջ:

Նոր Հայ ընտանիք կազմողները՝  Հէրի եւ Սինդիա:

Հաւնեցա՞ք:

Եթէ Պէյրութի մէջ փեսան պիտի կոչուի Հէրի եւ հարսը՝ Սինդիա, հապա Նոր Զելանտայի մէջ ի՞նչ պիտի կոչուին:

Ո՞ւր են մեր հայալեզու չքնաղ անունները:

Չէ՞ր կրնար փեսան կոչուիլ Հրայր եւ հարսը՝ Ծովինար: Անունները մեր ինքնութիւն են: Ինչո՞ւ կորսնցնել ինքնութիւնը եւ հագնիլ օտար շապիկ: Չէ՞ որ շապիկը լոկ կեղեւ է եւ շապիկներու տակ հայախօս մարմիններ կան, որոնք հասակ առած են Հայ տուներու մէջ եւ հայկական թաղամասերու մէջ մանաւանդ:

Նոր սերունդ ըլլալ երբեք նշանակելու չէ զարդարուիլ այսպէս կոչուած նոր անուններով: Հին կոչուած հայկական անունները նշանակութիւն ունին, ազգը կը ներկայացնեն, մեր արմատները կը ներկայացնեն, արմատներ, որոնք մայր հողին կառչած, Հայ հողը Հայ կը պահեն, որքան ալ գերեվառուած ըլլան:

Այս բոլորը եթէ անտեսեն Լիբանանի հողին վրայ հասակ առած մեր երիտասարդները, որ հայապահպանութեան մեր կեդրոններէն հզօրագոյնն է տակաւին, հապա ի՞նչ ըսենք Ատիս Ապապայի մէջ հասակ առած Հայ մը, որ տակաւին պահած է իր Անդրանիկ անունը, Մուշեղ անունը, որոնց երգեր նուիրած են մեր բանաստեղծներն ու երաժիշտները:

Հապեշիստան ծնած հայերուն չնմանի՞ն Պէյրութի մէջ ծնածները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին