*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*
«80-է աւելի տարիները մոռցնել տուող երիտասարդն էր
իր երիտասարդներուն մէջ, երիտասարդներու անկեղծ վկայութեամբ»
Հրաչ Երուանդ
ՆԱԹԱՆԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԸ
Նաթանեանները Վան գաղթած են հին Պարսկահայք նահանգի Սիւմա եւ Բառատոստ գաւառներէն, որ Վանի Հեքիարիի սահմանակից կէս հայաբնակ տարածք մըն էր։ Նաթանեան գերդաստանի հին անունն էր Նատան, որ կու գայ պարսկերէն Նա-Տէիր բառէն, որ կը նշանակէ տուրքէ զերծ, մելիք։ Մարկոս եւ Պօղոս վարդապետ Նաթանեաններ Նատան բառը հայացուցեր են եւ Նաթանեանի վերածեր։ Բայց Կարապետ եւ Յարութիւն (Միքայէլի հայրը) մինչեւ իրենց կեանքին վերջը Նատան ստորագրած են։ Հին վանեցիները կը յիշէին ու կ՛ըսէին Նատանենց տունը եւ ոչ թէ` Նաթանեաններուն։
Պատմութիւնը հետեւեալն է. Հին ատեններ Մեծ Զապ գետի ճիւղերուն միջեւ գտնուող Սիւմա, Բառատոստ եւ Շիրուան (արքայից) գաւառները ունէին հայերով եւ քիւրտերով լեցուն աւաններ եւ գիւղեր, մօտաւորապէս 150 հազար բնակչութեամբ։ Այս հողամասին վրայ բազմաթիւ էին հայերէն խօսող քիւրտերը եւ քրտերէն խօսող հայերը, որոնք ենթակայ էին Նաթանեաններու մելիքութեան։
ԺԷ. դարուն, Շահ Ապպաս ճնշումներով եւ ասպատակութիւններով կը սկսի նեղել Նատաններու շրջանակը եւ վերջապէս ու պաշտօնապէս կը մերժէ ճանչնալ Նատաններու մելիքութիւններու ինքնավարութիւնը։ Շահը կը հրամայէ Նատաններուն, որ խումբեր կազմեն եւ ասպատակեն սահմանակից Օսմանեան գիւղերը։ Երբ Նատանները խոհեմութիւն կը համարեն թշնամիներու թիւը չաւելցնել եւ կը մերժեն Շահ Ապպասի հրահանգները կատարել` Շահը բարկացած հրաման կու տայ Նատաններու գիւղերը մէկ առ մէկ ասպատակել, որ իր կարգին կը յանգի զինեալ դիմադրութեան եւ ընդհարումներու։
Պարսից գերադաս զինեալ ուժերուն դէմ չկարենալով դիմադրել, պարտաւորուած` Նատանները խոյս կու տան Վանի շրջանէն, որպէս քաղաքական ապաստանեալ, իսկ Օսմանեան իշխանութիւնները, որոնք կը քաջալերէին նման ապստամբութիւնները, սիրով տեղ կու տան Նատաններուն։ Օսմանցիներու օգնութեամբ գուցէ կարող կþըլլար անոնց վերադարձը Սիւմա, բայց 1639ի կնքուած դաշնագրութեամբ, օսմանեան ու պարսկական կռիւները վերջ կը գտնէին եւ Նատանները կþիջնէին Վան քաղաք եւ կը հաստատուէին Արարուց, Չաղլի փողոցի վրայ։
Նաթանեաններու տոհմը տուած է ծանօթ անուններ հայ կեանքին։ Կարապետ աղա` Վանի կուսակալ Խալիլ փաշայի խորհրդատուն էր (կրնար կախաղանէն մարդ արձակել), Աւետիս` մեծահարուստ վաճառական մը, հարստութիւնը ՀԲԸՄի կտակած, Գաբրիէլ` վերջին դատաւորը Վանի, Յարութիւն` խելքով ու դրամով հարուստ վաճառական, Պօղոս վարդապետ` մնայուն բարեկամը հայ գիւղացիին, Գարուն` խմբագիր ու բանասէր եւ վերջապէս Միքայէլ` արմենական յեղափոխական, գիւղատնտես, գրող, անշահախնդիր ազգային ու կրթական գործիչ։
Միքայէլ ծնած է Վան 1867ին, հայրը` մահտեսի Արթին (Յարութիւն` որդին Ազատի) եւ մայրը` Անթառամ (Տէր Բարսեղեան գերդաստանէն)։ Մեծ եղբայրը` Գաբրիէլ` դատաւոր Վանի մէջ, փոքր եղբայրը` Ռափայէլ` նահատակուած Բարթողոմէոսի դաշտին վրայ, Մկրտիչ Աւետիսեանի կողքին։ Քոյրերն էին` Զարուհի (ամուսնական անունով` Կարսեան) եւ Մաքրուհի (ամուսնական անունով` Շատախցեան)։
Միքայէլ նախնական կրթութիւնը ստացած է Մկրտիչ Փորթուգալեանի ղեկավարած Արարատեան-Միացեալի Վարժապետանոցին մէջ եւ ապա` երկրորդական կրթութիւնը Փորթուգալեանի Կեդրոնական վարժարանին մէջ։
ՀԱՍԱԿ Կ՛ԱՌՆԷ ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
1878ին ռուս-թրքական պատերազմին հետեւանքով, պալքանեան ժողովուրդներու անկախութեան համընթաց, թրքահայաստանի մէջ եւս ծայր տուած էր անկախութեան գաղափարը` թրքական լուծէն, եւ զօրացած էր այդ Սան Սթեֆանոյի դաշնագրով, որ հետագային` Պերլինի վեհաժողովին մէջ պիտի փոխուէր 16րդ յօդուածով։
1885 Յունիս 3ին կառավարութիւնը կը գրաւէ Վարագայ տպարանը, իսկ Յունիս 13ին կը փակէ Փորթուգալեանի Կեդրոնական Վարժարանը, դպրոցական շրջանը դեռ չլրացած։ Այդ տարուան Կեդրոնականի վերջին կարգի աշակերտներն էին Միքայէլ Նաթանեան, Կարապետ Աճէմխաչատուրեան, Գրիգոր Աճէմեան, Արիստակէս Ախիկեան, Փանոս Թէրլէմէզեան, Խաչատուր Խոստիկեան։
Վանէն դէպի աքսորավայր կը ճամբուին հայ դիմադրական գաղափարախօսութեան ռահվիրաներէն Մկրտիչ Խրիմեանը (Հայոց Հայրիկ) եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանը` Վանի մէջ թողելով հասուն եւ յեղափոխաշունչ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Վարժապետանոցի եւ Կեդրոնականի սաներ էին. Գրիգոր Պէօզիկեան (Շիկահեր), Ղեւոնդ Խանճեան (համայնավար պետական դէմք` Աղասիի հայրը), Գրիգորիս Թէրլէմէզեան, Ռուբէն Շատուորեան (Վանի կուսակալութեան գանձապահ), Գէորգ Օտեան (դաստիարակ եւ տնօրէն), Գրիգոր Աճէմեան (Գուրգէն Մահարիի հայրը), Գարեգին Բաղեշցեան, Մաքնոս Պարութճեան, որոնք Մկրտիչ Աւետիսեանի (Թէրլէմէզեան) գլխաւորութեամբ նոյն տարուան` 1885ի աշնան հիմնադրեցին Արմենական կազմակերպութիւնը։
Շատ շուտով անոնց եկան միացան Արմենակ Եկարեան, Փանոս Թէրլէմէզեան (յետագային նշանաւոր գեղանկարիչ), Հայրապետ Ճանիկեան (Մշոյ եւ Պիթլիսի մասնաճիւղերու հիմնադիր), Արիստակէս Ախիկեան, Միքայէլ Նաթանեան, Արտակ Դարբինեան, Յովհաննէս Գուլօղլեան եւ ուրիշներ։
Փորթուգալեան, Պոլսէն` Փարիզի վրայով (շրջան մը հոն ապրելէ ետք) կþանցնի Մարսէյլ (Ֆրանսա), ուր հիմը կը դնէ յեղափոխական առաջին թերթին` «Արմէնիա»ին, որուն ազատաշունչ ոգիով լիցքաւորուեցան ու ազգային ազատագրական պայքարի շունչով տոքորուեցան Վանի իր երբեմնի աշակերտներն ու համակիրները։ Թերթին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէր Օգոստոս 11, 1885ին։ Միւս կողմէ, պէտք է ընդունիլ նաեւ, Միհրան Տամատեանին սա կարծիքը. «արդէն Փորթուգալեան յեղափոխական գինիին մէջ շատ ջուր խառնած էր եւ իր թերթը գրեթէ չափաւորական ուղղութիւն մը ունէր»։ Ֆրանսա իր հաստատուելովը, փայլատակող այդ յեղափոխաշունչ գործիչին գաղափարական ծայրայեղութիւններէն բան մը փոխուած էր։ «Արմէնիա»ն դարձաւ օգտակար Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հայերուն եւ արտասահմանի հայերուն միջեւ յարաբերութեան միջնորդ եւ անոնց իւրաքանչիւրին կացութիւնը իրարու ծանօթացնելու միջոց։ Փորթուգալեան թէեւ ինքզինք յեղափոխական չդաւանեցաւ, սակայն իր աշակերտներն ու երկրպագուները հեռաւոր Վանի մէջ, հիմնեցին առաջին յեղափոխական կազմակերպութիւնը։
Արմենական կազմակերպութիւնը ամբողջութեամբ ազգային կազմակերպութիւն է` ծնունդ առած մայր հողի սրտին` Վասպուրական աշխահին մէջ։ Ունեցաւ ճշգրիտ մէկ գործելակերպ ի տարբերութիւն միւս երկու կուսակցութիւններուն։ Ինչպէս յետագային Արտակ Դարբինեան պիտի գրէր. «Նպատակին շուրջ պայքար չկար … պայքարը որդեգրուած միջոցներուն շուրջն էր։ Հնչակեանները իբր միջոց ընտրեր էին ընդհանուր ապստամբութիւնը … իսկ դաշնակցականները այդ միջոցը մասնակի ապստամբութեան մէջ պիտի փնտռէին»։ Միջոցներու հանդէպ որդեգրուած այս տարբեր մօտեցումները միջավայրի արդիւնք էին, որովհետեւ հնչակեաններն ու դաշնակցականները կազմակերպուելով Ժընեւի եւ Թիֆլիսի մէջ եւ բաղկացած ըլլալով առաւելապէս կովկասահայերէ, յստակ պատկերացում չունէին արեւմտահայերու վիճակին մասին։ Եւ ինչպէս Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան կþեզրակացնէ, «Իրենց բարի ցանկութիւնները անոնց [միւս երկու կուսակցութիւններուն] դրդեցին իյնալու անհասանելի երազներու եւ արկածախնդրութիւններու գիրկը»։
Արմենականները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին առաւելաբար կրթական գործին եւ զինավարժութեան վրայ, յատկապէս երկրորդ պարագային` չափազանց զգոյշ։ Այդպէս ալ, Միքայէլ Նաթանեանի յետագայ ազգային ծառայութեան գլխաւոր դաշտը մնաց կրթական շարժումը։
ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԸ
Երբ Մկրտիչ Աւետիսեան կը ստիպուի հեռանալ Վանէն (վերադարձաւ միայն 1895ին Սալմաստէն), Վանի կիրակնօրեայ դպրոցի հոգը մնաց Միքայէլ Նաթանեանի, Գէորգ Օտեանի եւ Արիստակէս Ախիկեանի ուսերուն վրայ։
Ըսենք որ Նաթանեան, այնուհետեւ, կը դառնար կուսակցական եւ հանրային գործիչ։ Իր ուսուցիչին` Մկրտիչ Փորթուգալեանին շարժումը, որ մկրտուած էր մեծ յեղափոխականին հրատարակած «Արմէնիա» թերթին անունով, կը ջանայ իր ընկերներով ժողովուրդին ու մա՛նաւանդ` երիտասարդութեան մօտ վերածել յեղափոխական մտածողութեան մը, եւ իր համարձակ գործունէութեամբ աչքի կþիյնայ կառավարութեան կողմէ։
Հազիւ 20 տարեկան, 1887ին, Խալիլ փաշա, իր իշխանութեան սկիզբները` աննշան պատճառներով կը ձերբակալէ Միքայէլ Նաթանեանը եւ իր ընկերները` Գէորգ Օտեան եւ Յովհաննէս Քանքանփանօեան եւ երեքով կþաքսորէ Գոնիա (Աքսէրայ)։ Միայն չորս ու կէս տարի ետք ընկեր Միքայէլ Նաթանեան կþարժանանայ ներման եւ 1891ին կը վերադառնայ Վան։ Դարձեալ, նո՛յն Վանի կուսակալին` Խալիլ պէյի միջնորդութեամբ, ան սուլթան Համիտէն ներում ստանալով կը յաջողի Միքայէլ Նաթանեանը Վան վերադարձնել։
Ամբողջ հինգ տարիներ Միքայէլ Նաթանեան կ՛ունենայ բեղմնաւոր ու կազմակերպչական կուսակցական ու կրթական կեանք։ 1895ին Մկրտիչ Աւետիսեան կը վերադառնար Վան։ Ժամանակը եկած էր Արմենական կազմակերպութիւնը համահայկական քաղաքական կուսակցութեան մը վերածելու, այլեւս վերջ տալու համար ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ զոյգ քաղաքական կազմակերպութիւններու արկածախնդրական եւ ազգավնաս բացայայտ գործունէութեան։ Արմենականները համոզուած էին, որ արեւմտահայերը իրենք իրենց պէ՛տք է լուծեն արեւմտահայութիւնը յուզող հարցերը։ Անմիջապէս մշակեցին նոր «Ծրագիր» մը։ Դժբախտաբար, յետագայ դէպքերը խոչընդոտեցին այդ մտադրութեան իրագործմանը։
Այսպէս, վրայ կը հասնին 1895ի թրքահայ գաւառներու համահայկական ջարդերը, ընդ որում Վանի դէպքերը 1896ի գարնան։ Արմենականներ գուշակելով սուլթանի դաւադրութիւնները, ինքնապաշտպանութեան կարելի բոլոր միջոցները գործադրելով հանդերձ, ջանացին ոչ մէկ պատրուակ տալ թուրք մոլեռանդութեան բորբոքումին։ Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարութիւնը ստանձնեց Մկրտիչ Աւետիսեան, որ նոր էր վերադարձած Սալմաստէն։ Իրեն կ՛աջակցէին դաշնակցականներու ներկայացուցիչ Պետօն եւ հնչակեաններու` Մարտիկը։ Այդ տարուան գարունը եղաւ Վանի հայութեան համար տագնապալի։ Դիմադրութիւնը յաջող կþընթանար մինչեւ որ անգլիական հիւպատոսը` Ուիլիըմսը իր միջամտութիւնը բերաւ ապահովելու Վանի հայութիւնը, պայմանաւ որ զինեալները հեռանային Վանէն։ Յետագայ դէպքերը ցոյց տուին թէ հիւպատոս Ուիլեամսի այս հաւաստիքն ալ պարզ խաբէութիւն մըն էր։
Այնուհետեւ, աւարտը եղաւ տխուր. Վանի կռուող երիտասարդներէն 600 արմենականներ առաջնորդութեամբ Մ. Աւետիսեանի Բարթողոմէոս վանքի վրայով կը պատրաստուէր մեկնիլ Պարսկաստան։ Անպատսպար մնաց Վանն ու հայաբնակ Այգեստանը։ Սակայն, անակնկալօրէն, ութէն տասը հազարի հասնող թուրք եւ քիւրտ զինուորներ կը կտրեն արմենականներու ճամբան եւ Բարթողոմէոս Առաքեալի դաշտին վրայ արմենականներ կþունենան անհաւասար մարտ, որուն ընթացքին կը զոհուին արմենականներն ու անոնց հերոսը` Մկրտիչ Աւետիսեան։
Եղած կորուստը անփոխարինելի էր։ Փորթուգալեանի եւ Խրիմեանի ներշնչումներէն ծնած խոստմնալից երիտասարդութիւնն էր որ կþանհետանար` թողելով սակաւաթիւ մնացորդներ Վանի մէջ, ինչպէս` Փանոս Թէրլէմէզեանը, Գրիգոր Պէօզիկեանը, Գարեգին Բաղէշցեանը (Մանուկեան), Միքայէլ Նաթանեանը, Ռուբէն Շատուորեանը, Գրիգոր Աճէմեանը եւ քանի մը ուրիշներ։ Մտաւորականութեան այս անհետացումը աւելի սուղ արժեց Վասպուրականին եւ ամբողջ հայութեան, քան բուն իսկ Վանի կոտորածը։
Նոյն տարուան աշնան, Միքայէլ Նաթանեան դարձեալ կը հետապնդուի ոստիկանութեան կողմէ, բայց այս անգամ կը պահուըտի եւ ապա կը ստիպուի գաղտնօրէն հեռանալ Վանէն եւ Պարսկաստանի վրայով անցնիլ Կովկաս։
Այս պիտի ըլլար մեր ընկերոջ վերջնական հրաժեշտը իր ա՛յնքան սիրած Վանէն։ Այնուհետեւ, իր ապրած բովանդակ օրերուն համար, Աղթամարն ու Այգեստանը պիտի մնային լոկ յիշատակներ։
Այդ օրերուն էր Խանասորի արշաւանքը քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին դէմ. ի վերջոյ, Խանասորը ունեցաւ իր տխուր աւարտը։ Թէեւ մինչեւ այսօր ալ դաշնակցութեան փառքը կը կազմէ այդ, բայց կþարձանագրենք Արմենակ Եկարեանի յուշերէն արշաւանքի հետեւանքին մասին. «Ան մեզի արժեց մօտ 4,000 անձի կորուստ, որովհետեւ քիւրտերը ատկէ զայրացած յարձակեցան իրենց շրջանի հայաբնակ գիւղերուն վրայ ու ջարդեցին հայ գիւղացիները»։
Վերոյիշեալ արմենականներու ձերբակալման պատճառը Կովկասի մէջ հետեւեալն էր։ Ռուսական Կայսրութեան արտաքին գործոց նախարար Սազանովի օրով անգլեւռուս հակամարտութիւնը նոր փուլի մը մէջ մտած էր, ինչպէս անգլեւթուրք յարաբերութիւնները։ Այսպիսով, կարճ շրջանի մը համար միայն, ռուսեւթուրք բարեկամութիւն մը վերահաստատուած էր։ Ասոր որպէս արդիւնք ցարական կառավարութեան առաջին զոհը պիտի դառնար Խրիմեան ինքը, որ նմանապէս թրքահայ մըն էր եւ անխախտ հայրենասէր մը։ Ատեն մը նոյնիսկ ծրագրուեցաւ Էջմիածնի Մայր Աթոռը Սիպերիա փոխադրել։ Ցարը կþաշխատէր սիրաշահիլ Թուրքիան` արգիլելու համար անոր ամբողջական զինակցութիւնը` արեւմտեան պետութիւններու հետ։ Տխուր օրեր էին մեզի համար։
Ու ասոր որպէս հետեւանք, Խրիմեան Հայրիկին անձին կամ Աթոռին ձեռք դպցնելը անհեռանկար քայլ մը պիտի ըլլար. ուստի ցարական ոստիկանութիւնը իր մոլուցքը թափեց Խրիմեանի շրջապատին վրայ եւ 1898ին բանտարկուեցան Խորէն Խրիմեանը (Կաթողիկոսին եղբօր զաւակը), Գ. Բաղէշցեանը, Փանոս Թէրլէմէզեանը (որ Սան Փեթերզպուրկի մէջ նկարչութեան ուսանող էր), Ագրիպպասեան եւ Միքայէլ Նաթանեանը։ Մեծ մասը արմենականներ, որոնք բացայայտօրէն դէմ եղած էին Խանասորի արկածախնդրութեան։ Ասոնք բոլորն ալ 6էն 12 ամիս Թիֆլիսի հռչակաւոր Մետեխի բանտին մէջ պահուեցան, զատ զատ խցիկներու մէջ, զուրկ դուրսի աշխարհին հետ հետ յարաբերութիւն ունենալէ, շինծու եւ ծանր ամբաստանութիւններով։
Մօտ տարի մը տեւող այս չարչարալից բանտարկութեան եւ հարցաքննութեանց ընթացքին, ռուս հնարամիտ ոստիկանութիւնը չյաջողելով ոեւէ ամբաստանութիւն հաստատել, ի վերջոյ ստիպուեցաւ ազատ արձակել Խորէն Խրիմեանը, Պարսկաստան ղրկել Գ. Բաղէշցեանն ու Փ. Թէրլէմէզեանը` պարսկական անցագիր ունենալնուն պատճառով եւ Թուրքիա վերադարձնել Միքայէլ Նաթանեանը։
Այս դատապարտութիւններէն ետք, մեր ընկերները առաջնորդուեցան Թիֆլիսի նահանգային բանտը, ուր անոնք կողոպտուեցան եւ շղթայակապ, ղրկուեցան դէպի Պաքու, Աղեքսանդրապոլ եւ Կարս հասարակ ոճրագործներուն հետ։ Միքայէլ Նաթանեան Կարսի մէջ դարձեալ բանտ դրուեցաւ, մինչեւ որ անոր Թուրքիոյ հիւպատոսարանին յանձնելու գործողութիւնը լրացաւ։ Բանակցութիւնները երկար տեւեցին եւ ի վերջոյ գլուխ չելան, բարեբախտաբար։ Պոլսոյ իշխանութիւնները Ռուսիոյ թրքահայ գաղթականները իրենց տեղերը վերադարձնելու ընթացքին, քաղաքական դաւ մը կարծեցին տեսնել եւ հիպատոսը ստիպուեցաւ պաշտօնապէս յայտարարել թէ իր կառավարութիւնը կը մերժէ զանոնք ներս ընդունիլ։ Կարճ ժամանակ ետք, ոստիկանութիւնը ձեւական երաշխաւորութիւններով ազատ արձակուեցան բոլորն ալ։
Միքայէլ Նաթանեան կ՛անցնի Պաքու։
ՖՐԱՆՍԱ ՈՒՍԱՆԵԼԷ ԵՏՔ, Կ՛ԱՆՑՆԻ ԵԳԻՊՏՈՍ
Խրիմեան Կաթողիկոսի խորհուրդով, գիւղատնտեսութիւն ուսանելու համար, Նաթանեան կը մեկնի Ֆրանսա եւ Նանսիի երկրագործական վարժարանը կþարձանագրուի որպէս ուսանող։ Կազդուրման շրջան մը կ՛ըլլայ այդ, անկասկած, իր ուսանողութեան օրերուն, ծանօթանալով Արեւմուտքին եւ անոր քաղաքական ու ընկերային աշխարհին։ Յաջողութեամբ կþաւարտէ համալսարանին դասընթացքները։
Ընթացաւարտ ըլլալէ ետք է, որ 1902և1903ին Եգիպտոս կու գայ, ուր կարճ ժամանակ ետք Ազգային Առաջնորդարանի սեփական ագարակներուն տեսչութեան պաշտօնին կը կոչուի։
Ամերիկայի Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան հատուածը (իր «Ազգ» թերթով) լիազօրութիւն տուած էր Յունուար 1, 1908ի պաշտօնագրով Եգիպտոսի շրջանակին, որպէսզի միութեան հող մը գտնէ նոյնախոհ կուսակցութիւններու` Արմենական (կեդրոնը` Վան), եւ «Միութենականներ»ու (կեդրոնը` Պուլկարիա) հետ։ 1908ի սկիզբները Գահիրէի մէջ խորհրդակցութիւն կը կատարուի այս երկու հատուածներուն միջեւ։
«Գաղափարակցական Միութիւն»ը կը ներկայացնէին ընկերներ Գրիգոր Պէօզիկեան (Շիկահեր), որ 1907ին, Թաւրիզէն Պուլկարիա անցնելէ ետք կու գար Գահիրէ, որպէս լիազօր Պուլկարիոյ Յեղափոխական Միութեան եւ Միքայէլ Նաթանեան եւ Յարութիւն Պէյլարեան, իսկ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը` Մ. Տամատեան, Կ. Գրիգորեան, Տոքթ. Ա. Էնֆիէճեան, Շ. Հովիւեան եւ Փոքր Հայքէն` կուսակցական գործիչ Ժիրայր Վաչէ։
Գաղափարներու նոյնութիւնը եւ անկեղծ տրամաբանութիւնը կը միացնէ այս երկու հատուածները «Միացեալ Հայ Յեղափոխական Կազմակերպութիւն» անունին տակ։ Սեպտեմբեր 15, 1908ին բանակցող երկու կողմերը անհրաժեշտութիւն գտան, որ թրքահայ դատին համար առանձին կուսակցութիւնները համախմբուին։ Այս պահանջները առաւել հրամայական կը դառնային մանաւանդ այն կազմակերպութիւններուն համար, որոնք գործելով ազգային հողի վրայ եւ չունենալով հայեացքներու տարբերութիւն, կրնային համախմբուիլ։ Համաձայնագիրը կը ստորագրեն Վերակազմեալ Հնչակեաններու կողմէ Միհրան Տամատեան, Կարապետ Գրիգորեան եւ Շաւարշ Հովիւեան, իսկ Գաղափարակցական Միութեան կողմէ` Գրիգոր Պէօզիկեան եւ Միքայէլ Նաթանեան։
Այսպիսով ալ, պաշտօնապէս յառաջիկայ ՌԱԿի միութեան կազմութեան մէջ Արմենական կուսակցութեան մասնակցութիւնը ապահով կը դառնայ շնորհիւ արմենական պատուական եւ հեռատես զոյգ ընկերներուն։
Թուրքիոյ մէջ սահմանադրութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք, երբ իրաւունք կը տրուէր իւրաքանչիւր քաղաքական կուսակցութեան գործելու օրինապէս, մեր մտաւորական առաջնորդներէն Վահան Մալէզեան գաղափարը կը յղանայ նոր կազմակերպութեան մը ծնունդ տալ։ Այս առթիւ, տեղի կþունենայ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն կը մասնակցէին նոր կազմուած Միացեալ Հայ Յեղափոխական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ եւ Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչ Յ. Ասատուրեան։ Խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին։ Դաշնակցութիւնը կը հրաժարի նման միութեան մէջ մաս եւ բաժին ունենալէ։ Մնացեալ ընկերները կþորոշեն կուսակցութիւնը կոչել Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութիւն եւ Հոկտեմբեր 28, 1908ին, Վահան Մալէզեանի Աղեքսանդրիոյ տան մէջ, ծրագրի կարգ մը փոփոխութիւններ արձանագրելէ ետք, Հոկտեմբեր 31ին, Գահիրէի մէջ, հիմնադիրներու ներկայութեան, վերջնականապէս կը հռչակուի կոչը։ Միքայէլ Նաթանեան այս մասին գրած է Լեւոն. Աճէմեանի «Եգիպտահայ Տարեցոյց»ի 1925ի թիւով։ Պէտք է արձանագրել որ նոր կազմակերպութեան ուժն ու զօրավիգը կը հանդիսանան Արմենական ու Վերակազմեալ ընկերները։
ՍԿԻԶԲ ԻՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ
1908ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով, Պոլսոյ մէջ հիմնուած` «Հայոց Միացեալ Ընկերութիւն»ը կը վերսկսի գաւառներու մէջ իր կրթական ձեռնարկներուն։ 1910ին կը հրաւիրէ Նաթանեանը Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ շրջանի կրթական տեսչութեան պաշտօնին, նոյն ատեն ՀԲԸՄը զայն կը նշանակէ այդ շրջաններու գործադիր-ներկայացուցիչ։
Մայիս 8, 1910ին, Միքայէլ Նաթանեան Կիլիկիա կը մեկնի որպէս Նանսի համալսարանէն վկայեալ հողատնտես` Հայոց Միացեալ Ընկերութեան նոր ծրագրի համաձայն գիւղատնտեսական վարժարաններ հաստատելու համար։ Այդ շրջանին, այնուհետեւ, իբրեւ կուսակցական եւ կրթական գործիչ, լայն միջոցներ կþունենայ պատասխանատու պաշտօններ վարելու Կիլիկիոյ, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։
Պատերազմէն ետք, ՀԲԸՄի կողմէ պաշտօն կը ստանայ Տէօրթ Եոլի Քելեկեան եւ Սիսուան որբանոցներու կառուցման հսկելու եւ որբերը հոն տեղաւորելու. ստանձնելով նաեւ անոնց խնամատարութեան, հսկողութեան եւ կրթութեան գործը։
ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ` ՀԱՅՈՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին հետեւանքով, Փետրուար 28, 1919ին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած հայկական ջարդերուն որպէս հետեւանք կը կազմուի քննիչ յանձնաժողով մը։ Միքայէլ Նաթանեան ջարդի եւ թալանի համար կազմուած այս վերոյիշեալ հարցաքննիչ յանձնաժողովին պատրաստակամ մէկ անդամը կþընտրուի։ Այս յանձնախումբը կþորոշէ եւ տեղեկագիր մը կը պատրաստէ, յայտնելով թէ` կոտորածները չէին ծրագրուած ու գործադրուած արաբներու կողմէ, այլ այդ եղած էր` թուրք Իթթիհատական կուսակցութեան դրդումով, որ գիտէր օգտագործել տգէտ ամբոխին յոռի մտայնութիւնը։
Քննիչ յանձնաժողովը իր գործը երեք շաբաթէն աւարտելով զայն կը յանձնէ անգլիական զինուորական իշխանութեան։ Զինուորական իշխանութիւնները Զօր. Ալենպիի հրամանով կը կազմեն Պատերազմական Ատեան մը, որ իրեն հիմ ունենալով քննիչ յանձնաժողովին տեղեկագիրը, կը սկսի դատել ջարդին եւ կողոպուտներուն իսկական պատասխանատուները։
Այդ դատավարութեան հետեւանքով կը յայտարարուի ոճրագործներուն, մարդասպաններուն եւ անոնց հետ մասնակից ոստիկաններուն մահուան դատապարտումը եւ ուրիշ շատերուն ալ` տարբեր ժամանակներով բանտարկութիւնը։
Հալէպի կառավարութիւնը նոյնպէս կը դատապարտուի վճարելով մօտ 80 հազար սթերլինկ տուգանք վնասուած հայերուն բաժնուելու համար։ Միքայէլ Նաթանեան արդար կերպով իր լաւագոյնը կþընէ Հալէպի հայոց, այդ ջարդին պատասխանատուները պատժելու համար եւ օրին կը ստանայ գնահատանքի նամակներ Հայ Ազգային Միութեան կողմէ։
ԴԱՐՁԵԱԼ ԳԱՀԻՐԷ, ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ՈՐՊԷՍ ԽՄԲԱԳԻՐ ՌԱԿ-Ի ՄԱՄՈՒԼԻՆ
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1925ի վերջը, Նաթանեան նորէն Գահիրէ կը վերադառնայ, ուր ատեն մը որպէս օգնական խմբագիր կ՛աշխատի «Արեւ» օրաթերթին մէջ, ընկերներ Յովհաննէս Յակոբեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Յովհաննէս Պօղոսեանի խմբագրութեանց շրջանին, մինչեւ 1923, երբ վերստին եւ այս անգամ ՀԲԸՄի Փարիզի կեդրոնին կողմէ կը հրաւիրուի Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ շրջաններուն իր կրթական եւ որբախնամ հաստատութեանց որպէս կրթական տեսուչ, եւ այս հանգամանքով ալ կու գայ Պէյրութ։
Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԽՈՆՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿԸ
Այդ թուականներուն երբ Ալեքսանտրէթի սանճաքը դեռ Թուրքիոյ տրուած չէր, Միքայէլ Նաթանեանի տեսչութեան ընթացքին կային մօտ 130 դպրոցներ, որոնց բոլորին պատասխանատուութիւնը ինք կը ստանձնէ` ի հաշիւ ՀԲԸՄին։ Մասնաւորապէս գործօն դեր կþունենայ ան ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան մէջ։
Միքայէլ Նաթանեան 1933ին, ՀԲԸՄի կողմէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի դպրոցներուն կրթական տեսուչ կը կարգուի, այս պաշտօնը կը տեւէ մինչեւ 1945ի վերջերը, երբ յառաջացեալ տարիքին բերումով Բարեգործականի Նիւ Եորքի կեդրոնը վերջ մը դնելով իր պաշտօնին, համեստ գումարով մը զինք հանգստեան կը կոչէ։ ՀԲԸՄը գնահատելով 1910էն ի վեր Միքայէլ Նաթանեանի մատուցած անընդհատ ծառայութիւնը` 1953ին «Պատուոյ Անդամ»ի տիտղոս կը պարգեւէ։ Ան մինչեւ իր վերջին շունչը կը պահէ հաւատքը Միութեան հանդէպ եւ խանդավառութեամբ ու եռանդով կը գրէ ու կը քարոզէ այս միութեան փառքն ու օգտաշատ գործունէութիւնը։
ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակէն ներս բազմաթիւ որբերը` ծնողազուրկ այդ դժբախտները` Նաթանեանի անկեղծ սրտին մէջ կը գտնեն հարազատ ծնողաց գուրգուրանքն ու սէրը։
ՎԱՍՏԱԿԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ
Կրթական գործին զուգահեռ, Պէյրութի մէջ, Մ. Նաթանեան անդամ կþարձանագրուի ՀԵԸի Զարեհ Նուպար ակումբին եւ կը ծառայէ ՀԵԸին, երկար տարիներ մնալով անդամ ու ատենապետը անոր Կեդրոնական Վարչութեան։ ՀԵԸի ծագումը սերտօրէն կապուած է Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցին գործունէութեան հետ, որ որբերու հաւաքի գործը կը կազմակերպէր եւ որբանոցներ կը բանար։ Նպաստամատոյցը (Նիր Իսթ Ռիլիֆ) խորհեցաւ նաեւ կազմակերպել միութիւն մը իրար մօտ բերելու բոլոր չափահաս կամ նախկին որբերը եւ կազմեց Նիր Իսթ Լիկը։ Բացուեցան մասնաճիւղեր Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի որբանոցներուն մէջ, կեդրոն ունենալով` Պէյրութը։ Բաբգէն Արք. Կիւլէսէրեաեն (ապա` աթոռակից կաթողիկոս Կիլիկեան Աթոռի) տեսնելով շարժումին կարեւորութիւնը, 1931ին բոլորը կը համախմբէ ընդհանուր անունի մը տակ։ 1933ին ՀԲԸՄը գնահատելով ՀԵԸի տարած ազգօգուտ գործունէութիւնը զայն առաւ իր հովանաւորութեան տակ։ Ընկերակցութեան հիմնադիրները եղան Բաբգէն Կիւլեսերեան եւ Շահէ Գասպարեան սրբազան հայրերը, Ճանիկ Չագըր (ՀԲԸՄի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի օրուան ատենապետը) եւ ընկերներ Միհրան Տամատեան ու Տոքթ. Յակոբ Թոփճեան։
Միքայէլ Նաթանեան ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի մէջ մի՛շտ պահեց մշտանորոգ երիտասարդական կորովը եւ իր աջակցութիւնը բերաւ երիտասարդներու կազմակերպումին ու բարգաւաճումին։ ՀԲԸՄի վեթերանի վկայականին արժանացաւ 1947ին։
Իր մարդկային արժանիքները, օրին, գնահատած են նաեւ ոչ հայ պետական անձնաւորութիւններ։ Այս գրութեամբ կþարժէ յատկանշական դրուագ մը պատմել իր մարդկային յարաբերութիւններու ազնուահոգի շարքէն։
Վեհափառ Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի կաթողիկոսութեան գահ բարձրանալու առաջին օրերուն էր` 1945ի սկիզբին։ Ամէն օր Անթիլիաս կþայցելեն ականաւոր անձնաւորութիւններ` շնորհաւորելու Նորին Սրբութիւնը։ Լիբանանի նախկին վարչապետ Մեթր Սամի պէյ Սոլհն ալ` զարմիկը առաջին վարչապետ Ռիատ պէյ Սոլհի, շնորհաւորական այցի եկած է։ Ընդունելութեան սրահին մէջ, ուր ներկայ են հայ ականաւոր անձնաւորութիւններ, վարդապետներ, քաղաքական ժողովի անդամներ, նաեւ` Միքայէլ Նաթանեան։ Պահ մը ետք, կը հասնի Վեհափառը եւ կþընդունուի յոտնկայս։
Սամի պէյ Մեծ Պատերազմէն առաջ իր ուսումը Պոլսոյ մէջ ստացած` կը խօսի մաքուր թրքերէն։ Տեսակցութիւնը կþըլլայ սիրալիր։ Սամի պէյ, իր մօտ կը կանչէ Նաթանեանը եւ Վեհափառին կþըսէ. «Պարոն Նաթանեան մօտ 30 տարուան բարեկամ մըն է ինծի. աքսորի եւ տառապանքի ընկերս Տէր Զօրի մէջ։ Մեծ պատերազմի ժամանակ, նոյն վրանին տակ կը մնայինք, անձկութեան եւ թշուառութեան մէջ, սպասելու լա՛ւ օրերու»։
Միքայէլ Նաթանեան կը պատասխանէ. «Հայերու հետ արաբ հայրենասէրները եւս տարագրուած էին այդ շրջանին. որոնցմէ մէկն էր Սամի պէյ։ Լաւատես էր ան։ Տառապանքի եւ անստուգութեան այդ տարիներուն, ան սիրտ ունէր կատակելու, կþըսէր. «Հայաստան եւ արաբ աշխարհը պիտի ազատուին Օսմանեան լուծէն»։ Օր մը ես վարչապետ պիտի ըլլամ ազատ Արաբիոյ մէջ, իսկ դուն` կրթութեան նախարար Հայաստանի մէջ։ Սամի պէյին նախատեսութիւնները մասամբ իրականացան։ Ինք վարչապետ եղաւ, բայց կրթական նախարար չեղայ …»։ Ներկաները կþըսեն. «կրթական նախարար չեղաք, կրթական տեսուչ եղաք, որ շատ հեռու չէ կրթական նախարարի պաշտօնէն»։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿ
Կուսակցութեան միութենէն ետք, Պոլիս, 1921ին, ընկեր Նաթանեան եղաւ անվճար գործիչը ՌԱԿին։ Յարգուած իր շրջապատէն ու մա՛նաւանդ երիտասարդներէ դարձաւ արմենականութեան ո՛գին մեր կուսակցութեան մէջ։ Արմենական կազմակերպութեան յեղափոխական ու ազատագրական պայքարի վերջին մոհիկանն էր ան եւ պաշտելին` ՌԱԿի շարքերը զինուրագրուող նոր սերունդին։
Կարճատեւ շրջան մը` 1942ին Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ամենէն տաք օրերուն, եղաւ խմբագիր «Զարթօնք» օրաթերթին, յաջորդելով ընկեր Յակոբ Դաւիթեանին։
Երկար տարիներ եղաւ Պէյրութի ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի սիւներէն, յաճախ գործակցելով մեր վաղեմի գաղափարակից ընկերներուն։ Անոր գործակցութիւնը, շրջան մը Պէյրութի մէջ Միհրան Տամատեանի հետ, եղաւ մեծապէս օգտակար, մա՛նաւանդ «Զարթօնք» օրաթերթի հիմնադրութեան եւ ՀԵԸի կազմութեան հետ կապուած ։
Ան տիպար կուսակցական մըն էր. նուիրուող, հաւատաւոր, պարկեշտ ու օրինապահ։
Աշխատակցեցաւ կանոնաւորաբար ռամկավար ազատական մամուլին եւ յատկապէս` Գահիրէի «Արեւ»ին, Պոստոնի «Պայքար»ին, Պէյրութի «Զարթօնք»ին, Հալէպի «Եփրատ»ին, ինչպէս նաեւ` Նիւ Եորքի Հայաստանի Կոչնակ»ին, Անթիլիասի «Հասկ»ին։ Նաթանեան աշխատակցած է անցեալ դարու սկիզբի հայ թերթերուն` ինչպէս Մարսէյլի «Արմէնիա»ին, Մեն Սէ ծածկանունով, Պոլսոյ «Շիրակ»ին …։
Նաթանեան հրատարակած է «Հայ ազատագրման շարժման հետքերով – ՌԱԿի ծագումն ու կեանքը» աշխատութիւնը։ Գահիրէի մէջ լոյս տեսած է 1990ին Տիգրան Գէորգեանի խմբագրութեամբ եւ Հայ Ազգային Հիմնադրամի հրատարակութեամբ` «Արմենական Կուսակցութիւնը – ծագումէն մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կազմութիւնը» գիրքը։
1947ին, Գահիրէ տպուած «Յուշեր Արմենակ Եկարեանի» գրքին երկրորդ մասը հեղինակած է։
«Կոչնակ»ներուն մէջ գրած է «Փարաւոն Ախնաթոն նախակարապետ կրօնական բարեկարգումներու, ՔԱ 1550 թուականի», երկար յօդուածաշարքը, Փետրուար-Մարտ, 1927ին տպուած։ «Հինաւուրց Եգիպտոսի գաղտնիքները, գտնուած գերեզմաններ եւ մանաւանդ զմռսուած մարմիններ» Ապրիլ 1928ի թիւ։ «Հայազգի Մեմլուք, որդի Աւագի եւ Նաբոլէոն Պոնաբարթի հաւատաւոր զինակից» Մարտ, 1926։
Գրած է կենսագրութիւնները Ապահ Պետրոսեանի, Մելգոնեան հարազատներու, Մկրտիչ Փորթուգալեանի, Համբարձում Երամեանի, Տիգրան Մերճանեանի եւ այլոց։
«Ծրարներ Միհրան Տամատեանէ», որ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Միհրան Տամատեանի պաշտօնական նամակներու, փաստաթուղթերու դասաւորմամբ յօդուածաշարքն է։ Որպէս ճշմարիտ պատմաբան` Նաթանեան կը վերապրեցնէ Կիլիկիոյ վերջին աղէտին սիրտ կսկիծեցնող վէրքերը։ Կը գրէ թուականներու կարգով, կը շարադրէ դէպքերը եւ ի յայտ կը բերէ մեր հերոսներուն կռիւները, ինչպէս նաեւ աղէտին ալ պատասխանատուներուն անքաւելի մեղքը։ Տամատեանի կողմէ աւանդ ձգուած այդ պաշտօնական թուղթերը դիմակազերծ կþընեն դաշնակից պետութիւններէն ոմանց երկդիմի եւ թրքասիրական քաղաքականութիւնը եւ կþապացուցանեն որ Ֆրանսան որոշած էր Կիլիկիայէն քաշուիլ եւ հազարաւոր հայեր թուրքերու գութին յանձնել, ստանձնելով մեր անկախութեան ձգտումներուն գերեզմանափորի պաշտօնը։
ՄԱՀՆ ՈՒ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Միքայէլ Նաթանեան կը մահանայ Յունիս 8, 1954ին, Պէյրութի մէջ։ Ամիս մը առաջ` Մայիս 9ին, կը վախճանէր Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը։ Նոյն տարին կը մահանային, արկածի հետեւանքով, ընկեր Արշակ Չօպանեանը եւ ընկեր Սեդրակ Կէպէնլեանը։ Ռամկավար Ազատական շրջանակը չորս մեծ սուգեր կը դիմաւորէր նոյն օրերուն։
Ազգային յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 13, Կիրակի առտու։ Հոծ բազմութիւն մը փութացած էր Ս. Նշան Մայր Եկեղեցին, իր վերջին յարգանքը մատուցանելու Մեծ եւ Ամբողջական Հայուն։ Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագէն ետք, հաւատաւոր երիտասարդներ Միքայէլ Նաթանեանի դագաղը ուսամբարձ բերին եկեղեցւոյ դասը, ուր պատուի կեցած էին ՀԵԸի սկաուտները։
Թաղմանական արարողութիւնը կը նախագահէր Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Խորէն Եպս. Բարոյեան, շուրջը ունենալով` Արտակ Վրդ. Մանուկեան, Գարեգին Աբղ. Սարգիսեան, Արտաւազդ Աբղ. Թրթռեան։ Առաջնորդը կը ներկայացնէ ողբացեալին կեանքն ու գործը։
Հոգեհանգստեան սրտայոյզ արարողութենէն ետք, ՌԱԿի ղեկավարներ եւ բարեկամներ դագաղը առած իրենց ուսերուն վրայ, գացին միանալու հսկայ թափօրին։ Եւ վերջին հանգրուանը` Ֆըրն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատունը` գաղափարակից եւ սրտակցորդ երիտասարդներու հարիւրաւոր ձեռքեր վերամբարձ տարին մարմինը մեծ հայուն, իրա՛ւ մարդուն։
Թափօրին առջեւէն, համազգեստաւոր եւ սուգի ժապաւէն կուրծքին` շարք շարք կը քալէին Վահան Թէքէեան վարժարանի, Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարաններու սան եւ սանուհիները, իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած շուրջ 90 ծաղկեպսակներ, որոնք դրկուած էին կուսակցական ակումբներէ, ՀԲԸՄի զանազան մարմիններէ եւ մասնաճիւղերէ, վարժարաններէ, հայրենակցական միութիւններէ, թերթերու խմբագրութիւններէ, ընկերներու եւ համակիրներու կողմէ։ Անոնց կը հետեւէին ՀԵԸի սկաուտներ, զոյգ երկրորդական վարժարաններու նախկին շրջանաւարտներէ, օրիորդներէ եւ երիտասարդներէ։ Դագաղին առջեւէն կþերթային քահանայից դասը եւ դպիրները, որոնք պարբերաբար կþերգէին թաղմանական շարականներ։
Նաթանեանի դագաղը կարծէք կþառաջնորդուէր Վանի ու Այգեստանի փողոցներէն …։
Հակառակ կէսօրուան տաքին, դագաղին կը հետեւէր բազմութիւն մը, որուն մէջ աչքի կը զարնէին ամէն հոսանքէ ղեկավարներ, ազգային ծանօթ անձնաւորութիւններ, տնօրէններ, միութեանց ներկայացուցիչներ. մէկ խօսքով` ամէն գաղափարէ եւ խաւէ հարիւրաւոր սգակիրներ։ Նաեւ, բազմաթիւ ազգայիններ եկած էին Հալէպէն, Դամասկոսէն, Զահլէէն եւ Թրիփոլիէն` մատուցելու իրենց յարգանքի վերջին տուրքը ողբացեալ Միքայէլ Նաթանեանին։
Սէն Ժոզէֆ որբանոցի նուագախումբը պարբերաբար կը նուագէր մահանուագներ` աւելի տպաւորիչ դարձնելով թափօրը։
Լիբանանի հայութիւնն էր որ եկած էր վերջին եւ արժանի յարգանքը տալու այս բազմաշխատ մտաւորականին եւ ազգային գործիչին, որ իր կենդանութեան եւ իր մինչեւ վերջին շունչը խրտչած էր ցոյցէ եւ գովաբանական ելոյթէ։ Յուղարկաւորութեան բազմութիւնը անտարակոյս իրենց սրտերուն խորը կը զգային կորուստին մեծութիւնը, որովհետեւ Նաթանեանի նման նուիրուած, անխոնջ եւ ամբասիր ազգասէրներու կարիքը տակաւ աւելի զգալի կը դառնար։
Գերեզմանատան մատուռին մէջ կատարուած եկեղեցական արարողութենէն ետք, իբր յարգանքի տուրք դամբանականներ խօսեցան Բիւզանդ Եղայեան յանուն ՀԲԸՄի, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան` ՌԱԿի Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջանակին, Խոսրով Թիւթիւնճեան` վասպուրականցիներուն եւ Անդրանիկ Անդրէասեան` ՌԱԿի Ամերիկայի եւ արտասահմանի շրջանակներուն։
ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԿԵՐ ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱԹԱՆԵԱՆԻ ՎԱՍՏԱԿԻՆ
Հրաչ Երուանդ (Պոստոն). «Հայրենի հողէն հեռու եթէ իր հայրենասիրութեան մղումով անսասանօրէն կառչած մնաց մեր կուսակցութեան, իր իմացական պատրաստութիւնը գրիչին հետ ու գրիչէն անդին ծառայեցուց կրթական ու մարդասիրական կոչումին, ատոր լայն դաշտը գտնելով ՀԲԸՄի մէջ։ Ան իր բուն տարրին մէջ էր այդ դաշտին վրայ. Բարեգործականը ունէր որբերու բազմութիւններ, որոնք թէ կրթութիւն կը սպասէին եւ թէ` գուրգուրանք, եւ ընկեր Նաթանեան ունէր ոսկի սիրտ մը այդ ծնողազուրկ դժբախտներուն տալու համար սեփական ծնողքի մը գորովն ու գուրգուրանքը եւ ունէր իմացական պարկեշտութիւնը տեսնելու համար որ իր խուզարկու աչքերուն յանձնուած դպրոցներուն մէջ պիտի տիրէ ճիշդ ու առողջ կրթութեան մթնոլորտ»։
«… Ու կրնա՞յ ըլլալ ապրուած երկար կեանքի մը համար աւելի մեծ ներբող քան այն թէ գեղեցիկ էր իր վերջաւորութիւնը, ինչպէս էր սկզբնաւորութեան մէջ, գեղեցիկ նուիրումով, աշխատասիրութեամբ, տեսլապաշտութեամբ։ Այդպէս էր հմայքոտ Վասպուրականի աւանդութիւնները մարմնաւորող այս արժէքաւոր զաւակը, ընկեր Նաթանեան, որ իր աչքերը կը փակէր իր ծննդավայրէն հեռու, այնքան լուսեղէն յիշատակներ ձգելով իր ետին»։
Երուանդ Տէր Մկրտիչեան (Ֆրանսայ). «Վանի Նաթանեան գերդաստանի այս շառաւիղը` նուիրուած անշահախնդիր գործիչ մըն էր որ ՀԲԸՄի եւ Լիբանանի հայոց նուիրած է ամբողջ կեանք մը կամ 65 տարիներ։ Միքայէլ Նաթանեան գործեց անձանձիր` վասպուրականցիի յամառութեամբ եւ մեռաւ գրիչը ձեռքը։ Միքայէլ Նաթանեաններ ամէն օր չեն ծնիր»։
Գ. Սարուխանեան (Թեհրան). «Գացիր հասնելու զէնքի եւ մտքի ընկերներուդ, որ անհամբեր սպասում են իրենց սաներից մի լուր առնելու։ Տուր առաջին ողջոյնս մարտական աւագ ընկերներիդ Աւետիսեանին, Թանգարաջեանին, Զէյթունցի Հովիին, Տրբէին, Փանոյեան Օհանէսին, Արշակ Չթճեանին, Թիւթիւնճեան երեք եղբայրներին եւ մեր պաշտելի Սեպուհին»։
Անդրանիկ Լ. Փոլատեան (Նիւ Եորք). «Համալսարանական ուսանողութեանս օրերուն միասին բնակեցանք մէկ տան երդիքի տակ, մասնակից ըլլալով նոյն ճաշասեղանին։ Վայելեցի Միքայէլ Նաթանեանի մտերմութիւնն ու մեծ բարեկամութիւնը։ Շատ ու թանկագին յիշողութիւններ ունիմ մեծ Վանեցիէն, մեծանուն Արմենականէն, Բարեգործականի անբասիր ու Անձնուէր Գործիչէն։ Շատ շատ պարտական եմ իրեն»։