Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Առօրեայ Նշմարներ` Supermarket-ին մէջ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag profile arorya

«…Ապա եթէ անոնցմէ (Հայեր) երկուքը իրարու հանդիպին տեղ մը այս աշխարհի վրայ, տեսէ՛ք թէ անոնք ինչպէս պիտի ստեղծեն ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ մը»: Վերոյիշեալը՝ Ուիլիամ Սարոյեանի մէկ նշանաւոր խօսքն է այնքան զգացական եւ իրաւացիօրէն արտասանուած: 

Հայերէս ոմանք սակայն այս ստեղծուած «ՆՈՐ  ՀԱՅԱՍՏԱՆ»-ը այնքան կը չափազանցենք, որ երբ երկու հայեր աշխարհի ոեւէ երկրի մը supermarket-ին, սրճարանին, ինչու չէ նաեւ վերելակին մէջ իրար հանդիպին, կը մոռնան թէ երրորդն ալ հայ մը կրնայ ըլլալ կամ պատահական այլ ներկաներուն մէջ ալ հայեր կամ հայերէն հասկցողներ կրնան գտնուիլ եւ կը սկսին ամէն նիւթի մասին խօսիլ ու խնդալ… ներառեալ երրորդին վրայ…:

Չմոռնամ յիշելու, որ այս բոլորը կը պատահին նաեւ՝ բարձրաձայն: Երեւի մեր սիրելի հայրենակիցները հաւատալով, թէ երրորդները  իրենց լեզուն չեն հասկնար, ուրեմն այդ վայրին մէջ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին կամ նուազագոյնը քանի խօսածնին ենթադրաբար չի հասկցուիր, հետեւաբար իրենց ձայնը mute է ուրիշին համար ..:

Շատ չերկնցնեմ:  Եզրափակելու համար ըսեմ. սիրելիներ երբ տեղ մը գտնուիք. մի մոռնաք յիշելու, թէ ձեզմէ զատ այլ հայեր ալ կ՛ապրին Երկիր մոլորակին վրայ: Հետեւաբար եղէք զուսպ ու շրջահայեաց ուր որ ալ գտնուիք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին