Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շէնքին մէջ Սեպտեմբեր 26-ին կազմակերպուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-ամեակին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ելոյթով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական զարգացումներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններուն: Բարձր գնահատելով հայ համայնքի դերակատարութիւնը հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման եւ Լիբանանի զարգացման գործին մէջ` դեսպան Քոչարեան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր կառոյցներուն եւ անհատներուն:
Դեսպան Քոչարեան մասնաւորապէս նշեց. «Ձեր կազմակերպուած եւ հետեւողական համայնքը մեր կողքին եղած է 23-ամեայ անկախ հանրապետութեան բոլոր օրհասական պահերուն: Այսօր միասին պիտի ամրացնենք մեր պետութիւնը` հայոց հայրենիքը: Ձեր հարուստ գիտելիքներով, փորձով եւ նուիրուածութեամբ կը շարունակէք նպաստել բարեկամ Լիբանանի զարգացման, եւ ի հարկէ հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման: Իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ բոլորիդ` բոլոր կառոյցներուն եւ անհատներուն, շարունակական աջակցութեան եւ ամէնօրեայ համագործակցութեան համար: Մենք կը հպարտանանք ձեզմով: Հայրենիքի դռները միշտ բաց են ձեզի համար: Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորիս մեր ազգային տօնին առիթով: 23-րդ անգամ ըլլալով մենք միասին կը տօնենք իրականացած երազանքի փառայեղ տօնը: Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը մեր ազգի անվտանգութեան եւ միասնականութեան երաշխիքն է»:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին` դեսպան Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս Լիբանանի խորհրդարանին, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը ջանք պիտի չխնայէ շարունակելու պայքարը պատմական ճշմարտութեան վերականգնման, համընդհանուր ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներուն վերացման ուղղութեամբ:
Երեկոյի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբը` խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Պարգեւ Թասլաքեանի ղեկավարութեամբ:
Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր, վարչապետի ներկայացուցիչ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ, արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ դեսպան Սաատ Զախիա, երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ տասնեակ մը դեսպաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, քաղաքական կուսակցութիւններու, նախկին նախագահներու, վարչապետներու, կրօնական համայնքներու առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, լիբանանահայ համայնքի ազգային կառոյցներու ղեկավարներ: