*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
«Ապրիլ հաւատքով, Աղօթել յոյսով, Ծառայել սիրով»:
Պօղոս Առաքեալ
Սփիւռքի հայութեան ազգային դիմագծի պահպանման եւ օտարութեան մէջ հայօրէն ապրելու հոգեկան սնունդի հայթայթման գործին մէջ, անփոխարինելի դեր կատարած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը:
Հաւատքն ու հայ մշակոյթը եղած են մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ պահպանման գլխաւոր ազդակները:
Հայը ուր որ գացած է, իր առաջին գործը եղած է հայ եկեղեցի կամ մշակոյթի կեդրոն մը կառուցել: Եկեղեցին մեր հոգեւոր կեանքին աղբիւրն է եւ ազգային տունը միաժամանակ: Եկեղեցին է որ կը հաւաքէ, կը համախմբէ եւ կը կազմակերպէ հայ ժողովուրդի զաւակները Սփիւռքի մէջ եւ անոնց հոգիները կը լեցնէ հաւատքով, յոյսով, հայրենասիրութեամբ եւ բարի ծառայութեանց ոգիով:
* * *
Տաս տարի առաջ, Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ հիմը դրուեցաւ Լա Գանիատա քաղաքի ծուխին: Ծուխի մասնակի ժամերով հովիւ նշանակուեցաւ Թահանկա քաղաքի եկեղեցւոյ ժրաջան եւ հմուտ կղերական՝ Տէր Յովսէփ աւագ քահանայ Յակոբեան: Նմանապէս նշանակուեցաւ վարչութիւն մը, որուն ատենապետութիւնը մեզի վստահուեցաւ:
Առաջնորդ Հօր ցուցմունքներով եւ իմաստուն ղեկավարութեամբ հովիւ եւ վարչականներ գործի անցնելով եւ ամէն տարի նոր յաջողութիւն մը արձանագրելով, կարճ ժամանակի մէջ այս ծուխն ու մանաւանդ անոր հովիւը յատուկ տեղ գրաւեցին գաղութիս կեանքին մէջ:
Որպէս աղօթատեղի, վարձուեցաւ Լա Գանիատա քաղաքի քաղա-քապետարանի մեծագոյն հանդիսասրահ՝ Cornishone-ը: Կառուցուեցաւ շարժական խորանը, հրաւիրուեցան դպիրներ, սարկաւագներ, սպասար-կելու համար Ս. Խորանին: Գնուեցան սրբանկարներ: Կազմուեցաւ ծուխի Ս. Ներսէս Շնորհալի դպրաց դասի երգչախումբը: Կեանքի կոչուեցաւ շատ աշխոյժ Տիկնանց յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ՝ աննման Տիկ. Լենա Սիմոնեանի, իր կողքին ունենալով վարչութեան գանձապահը եւ բաբախուն սիրտը հանդիսացող, հանգուցեալ Մարալ Ղարիպեան-Սարաֆեանը:
Ունեցանք մեր Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դասընթացքները: Կազմուեցաւ Երիտասարդաց յանձնախումբը: Մեծաշուք հանդիսութեամբ նշուեցան ծուխի տարեդարձները: Մեր ծուխի սարկաւագներէն երկու հոգի քահանայ ձեռնադրուեցան, տասնեակ մը սարկաւագներ, կիսասար-կաւագներ եւ դպիրներ ձեռնադրուեցան:
Նորակազմ Լա Գանիատայի ծուխը, շնորհիւ Տէր Յովսէփին, վարչութեան եւ յարակից մարմիններու բեղմնաւոր աշխատանքին, իր ար-դիւնաւէտ ներդրումը ունեցաւ թէ թեմական կեանքէն ներս եւ թէ ալ գաղութային կեանքի մէջ: Այցելած են Արարատ Տան տարեցներուն, օժանդակած են գաղութիս քոյր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, իրենց նիւ-թական նպաստը բերած են Հայաստանի զանազան ծրագիրներուն œ հաստատութեանց:
Քանի մը տարիներու ծառայութենէ ետք, Թահանկա քաղաքի ծուխը, որ Սեպտեմբեր 1986-էն ի վեր հիմնուած էր եւ վարձու եկեղեցիի մը մէջ իր ծառայութիւնները կը մատուցանէր, միացաւ Լա Գանիատայի ծուխին եւ այս երկու ծուխերու միացումով վերանուեցաւ Լա Քրեսենթա Հովիտի Ծուխ:
Այս միացումէն ետք, սկիզբը գնուեցաւ փոքրիկ կալուած մը Լա Քրեսենթա քաղաքի Foothill փողոցին վրայ, ուր քանի մը տարի գործելէ ետք, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կարգադրութեամբ եւ կապերով, գնուեցաւ Թահանկա քաղաքի մեր նոր կալուածը, որուն հասցէն է՝ 10154 Montair, Tujunga, California 91042: Մօտ մէկուկէս արտավար հողատարածքի վրայ այժմ ծուխը ունի գեղա-կերտ եկեղեցի մը, մօտ 200 հոգինոց սրահ մը, ընդարձակ կանգառ եւ յարակից մասնաբաժիններ եւ եկամտաբեր բնակարաններ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նոր եկեղեցիին համար նոր ձեռնա-դրեալ երիտասարդ հովիւ մը նշանակեց, յանձինս Արժ. Տ. Աւետիս քհնյ. Աբովեանի, որ Արեւմտեան թեմէն ներս զանազան պաշտօններ ստանձնած է: Ան նոր աշխուժութիւն մտցուց œ նոր ծրագիրներ մշակեց: Արդէն իսկ գործող մարմիններուն վրայ աւելցան ընտանեկան ամսական խրախճանքները, Սուրբ Գրոց ուսուցման œ անգլերէն լեզուի, նկարչու-թեան, պարախումբի եւ քարաթէի դասընթացքները եկեղեցիէն ներս:
Ժողովուրդը մեծագոյն սիրով œ ուրախութեամբ Մայր եկեղեցին կը յաճախէ եւ կ՛օգտուի այս դասընթացքներէն, հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստանալով:
Մեծագոյն ուրախութեամբ յիշենք, թէ մեր շատ աշխոյժ Շաբաթօրեայ վարժարանը անուանուեցաւ Սփիւռքի մեծանուն եւ վաստակաւոր կրթական մշակ Երուանդ Պապայեանի անունով:
* * *
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Կլեն-տէյլի Central պողոտային վրայ գտնուող Ֆենիսիա հանրածանօթ ճաշա-րանին մէջ, Արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիքը, հովանաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի պիտի ունենայ տարեկան ճաշկերոյթ-խրախճանքը:
Պէտք է յիշել նաեւ, որ այս ծուխի մէկ մասնիկը հիմնուած է Սեպտեմբեր 1986-ին եւ անոր առաջին պատարագը կատարած է, նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Կիրակի, Մայիս 1 1987-ին, Կլէն-տէյլի Վերտուկօ փողոցին վրայ գտնուող Մեթոտիստ եկեղեցիին մէջ:
Տարիներէն աւելի գործն է կարեւորը, եւ այսօր ունինք մեր սեփական փառաշուք եկեղեցին, որ կը գործէ եւ պիտի շարունակէ գործել Աստուծոյ փառքին ու ժողովուրդիս պայծառութեան համար:
Այստեղ, կ՛արժէ յաջորդականութեամբ յիշատակել անունները այս ծուխին ծառայած կղերականներուն՝
Հանգուցեալ Տ. Կոմիտաս աւագ քհնյ. Շիրինեան
Տէր Զաւէն աւագ քահանայ Տէմիրճեան
Տէր Դաւիթ քհնյ. Զելֆէեան
Տէր Յովսէփ աւագ քահանայ Յակոբեան
Տէր Աւետիս քահանայ Աբովեան:
Յիշենք նաեւ, թէ մեր ծուխէն ներս բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւր կղերականներ Ս. Պատարագ մատուցած են եւ ժողովուրդին հոգեւոր քարոզներ տուած են: Նմանապէս Հայրենիքէն կամ Սփիւռքի մեր գաղութներէն երգիչներ եւ երգչախումբեր հրաւիրած ենք մաս կազմելու ծուխի Ս. պատարագներուն, ինչպիսին են հանգուցեալ Լուսինէ Զաքարեանը, Մարիետա Անասեանը, խմբավար Հենրիկ Անասեանը, պոլսահայերու Խաչատուրեան հանրածանօթ երգչախումբը, գլխաւորու-թեամբ Ստեփան Սարկաւագ Կէօզումեանի, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Կոմիտաս երգչախումբը, եւայլն:
Նմանապէս կÿարժէ յիշել անունները մեր ատենապետներուն՝
Խաչիկ Ճանոյեան
Վարդան Նազիրեան
Ստեփան Յովակիմեան
Նորայր Խաչատուրեան
Խաչիկ Ճանոյեան (Բ. շրջան)
Վահան Ալատատեան
Օննիկ Ալեքսանեան
Վահան Ալատատեան (Բ. շրջան)
Հրայր Եղիայեան:
Յիշատակութեան արժանի են ծուխի բոլոր նուիրեալ վարչականները, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատու- ները, դպրաց դասի անդամները, սարկաւագները, նուիրատուներն ու բարերարները:
Այս բոլոր ազգայինները հրաւիրուած են ներկայ ըլլալու յիշարժան եւ պատմական այս տօնակատարութեան:
Նուիրատուութեան, մոմավառութեան կամ տոմսերու համար դիմել, յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհի՝ Լենա Սիմոնեանին:
Հեռաձայնի թիւն է՝ (818) 383-1322:
Տոմսի նուէրն է, լման ընթրիքը ներառեալ, միայն 80 տոլար:
Սիրելի հայրենակիցներ, եկէք բոլորս միասին, արդար եւ անխառն ուրախութեամբ մը նշենք մեր ծուխի այս տարեդարձը, միշտ Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն տալով այս հոգեւոր տան եւ ծուխին համար:
Կ՛սպասենք ձեր զանգերուն: