Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Ամառնային Սկաուտական Բանակումները

«Միասնական աշխատանքով յառաջդիմենք,  հայրենասիրական ոգիով շարունակենք, Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը.-ի անունը միշտ բարձր պահելով»:

Այս նշանաբանով  առաջնորդուած Անդրանիկ Անթիլիասի Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը-ի Սկաուտական շարժումին մաս կազմող խումբերը, 16 Օգոստոս -էն մինչեւ 7 Սեպտեմբեր 2014 երկարող ժամանակամիջոցին, սկաուտական բանակումին մասնակցելով առիթը ունեցան, հեռանալու իրենց սովորական առօրեայէն գեղատեսիլ անտառային բնութեան մէջ, անոնք գործադրեցին սկաուտականբազմատեսակյայտագիր, օգտագործելով ամբողջ տարեշրջանի մը ընթացքին  իրենց ամբարած գիտելիքները:

Բանակումի աւարտին, երբ անոնք կը վերադառնային իրենց սովորական առօրեային, անոնք առաւել եւստոգորուածէին նորանորսկաուտականտուեալներովեւփորձառութիւններով:

Բանակումի նախապատրաստութեան համար, առաջին հերթին, խմբապետական կազմերը իրենց օգնականներով աշխատանքը սկսան. որմէ ետք, սկաուտական, արենուշական, գայլիկական, արծուիկական, երէցական և քարավելական խումբերը հերթականութեամբ կատարեցին իրենց բանակումները:

Իւրաքանչիւր խումբ իրեն յատուկ սկաուտական ծրագիրը, ձեռային աշխատանքները իրագործեցին:

Քսաներեք օրերու վրայ երկարող այս ժամանակամիջոցին, բանակավայրը  նման էր մեղուափեթակի մը, հոն իւրաքանչիւրը ունէր իր դերը եւ բոլորը կողք կողքի,  հիանալի խմբային աշխատանքի մթնոլորտ մը կը տիրէր, որուն իբրեւ արդիւնք հաճելի ու հետաքրքրական միջավայր, արշաւներ ու գեղակերտ ձեռային աշխատանքներ, իսկ երեկոները խարոյկի շուրջ երգ ու կանչեր և դաստիարակչական զրոյցներ:

Սկաուտական ամառնային բանակումներու ամենասպասուած օրը ընդհանուր խարուկահանդէսի օրն է: Այդ օրը ծնողք և բարեկամներ կայցելէն բանակավայր, իսկ երեկոյեան մասնակից խումբերը բոցավառող խարոյկին շուրջ հաւաքուած ներկաներուն կը հրամցնեն գեղեցիկ յայտագիր մը:

Շաբաթ 6 Սեպտեմբեր, ընդհանուր բանակումի  խարուկահանդէսի օրն է: Մասնաճիւղի սկ. բոլորը խումբերը բանակավայր կը գտնուին: Բոլորն ալ անհամբեր կը սպասեն իրենց ծնողներն ու հարազատները: Բանակավայրը ժամ առ ժամ կը խճողուի միութենական անդամներով ու համակիրներով: Բոլոր խումբերը կը նախապատրաստուին օրուան մեծ հանդիսութեան: Երեկոյեան ժամը վեցին, խարոյկահանդէսին կը նախորդէն սկաուտական երդման  եւ դրօշակի զոյգ արարողութիւնները:

AYA camping 2

Քիչ ետք ՀԵԸի փողերախումբի առաջնորդութեամբ,  ամրապինդ քայլերով բոլոր խումբերը տողանցեցին 500ի հասնող հոծ բազմութեան  մը խանդավառ ծափողջուններուն  արժանանալով: Լիբանանի, Հայաստանի, Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան քայլերգերէ ետք փողերախումբը նուագեց մի քանի հայկական կտորներ, ապա քոյր Լորի Զատիկեան ու եղբայր Բիւզանդ Պալիոզեան օրուան հանդիսութեան բացումը կատարեցին եւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցելու համար հերթաբար հրաւիրուեցան Գործադիր Մարմնի փոխ Ատենապետ Տիար Վազգէն Այվազեան, Ան բարձր գնահատեց սկաուտական կազմերու աշխատանքը որոնք միշտ ալ նորանոր յաջողութիւններ կ’արձանագրեն: Ապա Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վիգէն Չերչեան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ տարեկան բանակումներն ու այլ ձեռնարկները մեր պանծալի Միութեան գործունէութեան գրաւականն են եւ իր հերթին շնորհաւորեց մասնաճիւղին սկ. Ընդհ. Խմբապետ եղբ. Էտի Թորամանեանը, բոլոր խումբերն ու խմբապետական կազմերը, ինչպէս նաեւ ողջունեց ՀԵԸի վեթերան սկաուտներու համախմբումի վերականգնումը, Սկ. փողերախումբը եւ Անթիլիասի Սկ. Ծնողաց վարչութեան նուիրական ջանքերը, որոնք զօրավիգ կը կանգնին եւ սատար կը հանդիսանան սկաուտական շարժումին:

Փողերախումբի վարչութեան կողմէ խօսք առաւ պրն.ԿարօԿէօքէզեան, ան ներկայացուց փողերախումբի առաջընթացը՝եւ բոլորին ուշադրութեան յանձնեց թէ խումբը հալէպահայ ղեկավար պրն.Վիիգէն Չալեանի ջանքերով կը ձգտի հասնիլ արժանաւոր մակարդակի,  եւ շուտով նուագահանդէսով մը ելոյթ պիտի ունենան. որուն մանրամասնութիւնները շուտով կը փոխանցուին հանրութեան:

Հասաւ խարոյկի խորհրդանշական պահը: խարոյկը վառելու համար հրաւիրուեցան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վիգէն Չերչեան, Գործադիր Մարմնի Փոխ Ատենապետ Տիար Վազգէն Այվազեան, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին Ատենապետ Տիար Կարօ Ճըղլեան, Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Տիար Վաչէ Աւետիքեան, Ծնողաց Վարչութեան Ատենապետուհի Տիկին Թալին Թիւթիւնճեան եւ Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումի Ատենապետուհի Տիկին Մայտա Քիւրէճեան: Խարոյկին բոցավառ ճրագը լուսաւորեց բանակավայրը ու անմիջապէս ետքը սկիզբ առաւ օրուան յայտագիրը «Կեանքը Անցեալին Եւ Ներկայիս» խորագրով: Թատրոնին հերոսներն էին Մեծ մայրիկի դերով քոյր Ալին Աշակերտեան, թոռներ՝ արենուշ Գարին Պոյաճեան եւ սկաուտ Ճոն Գարամանլեան, որոնք հաճելի եւ հետաքրքրաշարժ ներկայացումով մը լուսարձակի տակ առին հին ու նոր սերունդի սկաուտական կեանքը, հայկական մշակոյթն ու արդի արհեստագիտական սարքերու օգտագործումի դրական ու ժխտական անդրադարձները: Կենդանի պատկերներու կողքին, յատկանշական էր սկ. Բուրգը, ղեկավարուած Եղիկ Աւետիքեանի կողմէ: Մէջ ընդ մէջ,  յայտագրին մաս  կազմեցին սկաուտական բոլոր խումբերը, հետեւեալ պարերով ու նուագներով՝

Խաղավայրի պար եւ Barbie Girl պար-Արծուիկական խմբակ

          Զինուորներու պար-Գայլիկական խմբակ

          «Սարերի Քամի» երգի կատարում կիթառի նուագակցութեամբ Շեֆ Բիւզանդ Պալիոզեան եւ Ռաֆֆի Քելէշեան:

          Rock and Roll պար- Քարաւելական խմբակ

          Հայկակն եւ pop- պար Արենուշական խմբակ

          Նուագ ստեղնաշարի (օրկի) վրայ- Գայլիկ Ռիք Կարապետեան եւ Արենուշ Քէյթ Կարապետեան

          Բուրգ պար- Սկաուտական խմբակ

          Փակում հայկական ժողովրդական պար սկաուտներու եւ արենուշներու կատարողութեամբ:

Ներկաները, գնահատանքի եւ քաջալերանքի ծափահարութիւններով հաստատեցին իրենց գոհունակութիւնը որը արժեւորման ձեւ մըն էր բոլոր մասնակիցներուն եւ բեմահարթակի ետին կանգնող բոլոր պատասխանատուներուն:

Խարոյկահանդէսի ընթացքին, մերթ ընդ մերթ կը յայտարարուէին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ի նպաստ Անթիլիասի Սկ. շարժումին:

          Շնորհակալ եւ գնահատելի տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն էր սոյն միջոցառումը: Վարձքը կատար սկաուտական նուիրեալ բոլոր կազմերուն և վարչութիւններուն,  որոնք  ջանք չեն խնայեր ամբողջ տարուան ընթացքին դաստիարակչական յայտագիրներով և զանազան ձեռնարկներով սկաուտական գործունէութիւնը արդիւնաւորելու:

                                                                             Նայիրի Ճիճի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին