*ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ – ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Ծանօթացէ՛ք: Սա տիկին Ռոզան է: Քրիստոնեայ ազնուական սուրիահայ տիկին մը:
Նման կերպարի մը հայուհի ըլլալու փաստը, նախ կրնայ ցնցել ընթերցողին էութիւնը, ապա տեղի կու տայ զանազան մտորումներու: Գուցէ ոմանք այպանեն, ուրիշներ մեղադրեն, կամ արդարացնեն երբ իմանան, որ ան կ՛ապրի Սուրիոյ Րաքքա շրջանի Թալ Ապեատ-Այն Արուս քաղաքի մէջ, ուր ներկայիս զաւթուած է մորուսաւոր մարդանման էակներու կողմէ եւ այնտեղ կը գործէ անոնց պարտադրած շարիաթի օրէնքը: Չմոռնանք յիշել, որ այս տիկինը նոյնիսկ իր քրիստոնեայ մնալու հարկը (ժիզյէթ) կը վճառէ… պարտաւոր է…:
Ծանօթացնելու համար յիշեմ, որ Թալ Ապեատ եւ Այն Արուս գիւղաքաղաքները կը գտնուին Սուրիոյ հիւսիսային սահմանագիծի մօտ, Հայկական Ուրֆա եւ Կարմուշ քաղաքներէն ընդամէնը 60 քիլոմեթր հարաւ: Այս գիւղաքաղաքները հիմնած են Ուրֆացիներն ու Կարմուշցիները: 1960 ականներուն այստեղ կար մօտ 400 հայ ընտանիք, չորս եկեղեցի, երկու մեծ դպրոց: Թալ Ապեատի եւ Այն Արուսի խօսակցական լեզուն հայերեն էր՝ Ուրֆայի բարբառը: Արաբ կամ Քիւրտ մը իրաւունք չունէր քաղաք մտնել ինքնագլուխ: Սակայն մինչեւ Սուրիոյ թնճուկը (չորս տարի առաջուայ տուեալներով) արդէն երկու գիւղաքաղաքները լռիւ Հայաթափ եղած էին, բնակիչները տեղափոխուած էյին Հալէպ, Լիբանան եւ այլուր: Իսկ մնացած մի քանի Հայ ընտանիքներ տէր կանգնելով իրենց լայնատարած հողերուն, մեծածաւալ ցանքին ու հողագործութեան բարեբեր գործին, կը շարունակէին ապրիլ տարիներու ընթացքին իրենց արդար քրտինքով կառուցած ապարանքներուն մէջ: Ահա այդ դասի ներկայացուցիչներէն մէկն է ազնուափայլ տիկին Ռոզան:
Ես այս պարագայէն կամ դրուաքէն աւելի կ՛ուզեմ մատնանշել երեւոյթ մը, որ մէկ բառով կրնանք կոչել՝ փոքրամասնութիւն…:
Նման տարազն ու կենցաղը անհարիր է մեր ազգային մշակոյթին ու մտածելակերպին, սակայն փոքրամասնութեան մը ներկայացուցիչը ըլլալով, ենթարկուելով մեծամասնութեան պարտադրած օրէնքներուն, տիկին Ռոզան պարտաւոր է այսպէս հագուիլ եւ նոյնիսկ իր կենցաղը համակերպել մեծամասնութեան կենցաղին, որ գուցէ սկզբնական շրջանին դժուար ու անմարսելի ըլլայ իր համար, սակայն ժամանակի ընթացքին ընտելանալով արդէն սովորոյթ կը դառնայ…: Մեծամասնութիւնը իր օրէնքները կը պարտադրէ փոքրամասնութեան վրայ, որուն կը մնայ հլու եւ հնազանդ ենթարկուիլ այդ օրէնքներուն, եւ աստիճանաբար սեփականը համարել: Կարկինը լայն բանալով կը համարձակիմ ըսելու, որ ամէն մէկ Հայ ինչ որ չափով «տիկին Ռոզա» մըն է: Ոմանք սեւ չատրաններով, ոմանք կիսամերկ, ուրիշներ՝ մարմնի տարբեր մասերը թաթուներ նկարած, կամ օղակներով զարդարած, ոմանք մազծածկներով… եւ այս մեծամասնութեան թելադրած օրէնքները չեն սահմանափակուիր արտաքինով միայն, այլեւ կը թափանցեն կենցաղի այլ ոլորտներ ինչպէս լեզուն, տրամաբանութիւնն ու դատողութիւնը, եւ մենք պարտադրաբար փոխելով մեր ազգային կենցաղը, լեզուն եւ տրամաբանութիւնը, համակերպելով տեղի մեծամասնութեան օրէնքներուն, կը հասցնենք փոխել մինջեւ իսկ մեր մշակոյթը եւ աստիճանաբար «նոր»-ը մեր «հարազատ»-ը համարելով, կ՛այպանենք մէկ այլ սփիւռքահայի, որ ուրիշ մեծամասնութեան մը մէջ գտնուելով, աստիճանաբար ձեւաւորած է այդ գաղութին համապատասխան իրեն ազգային «հարազատ» մշակոյթը… եւ ահա, եկէք հաշուենք թէ աշխարհի վրայ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, քանի «նոր» Հայկական մշակոյթ յառաջացած է եւ գոյութիւն ունի այսօր, որոնք իրար հանդէպ երբեմն մինջեւ իսկ քննադատութենէ անդին՝ հակամարտութեան կ՛անցնին պնդելով, որ. «Հայկականը ես եմ», «դուն ես այլափոխուածը»:
Կը խորհիմ թէ այս բոլորը փոքրամասնութիւն ըլլալու հետեւանքներն են, իսկ այլընտրանքը՝ արի տուն, արի Հայաստան:
Իսկ տանն ապրիլը ո՞վ ըսաւ, որ հեշտ է: Ո՞վ ըսաւ, որ կենցաղը եւ տրամաբանութիւնը նոյնն է: Աւելին՝ նոյնիսկ լեզուն տարբեր է: Սուրիահայ ըլլալով անկեղծօրէն այստեղ եւս երբեմն ես ինծի ,փոքրամասնութինե կը զգամ: Սակայն երբ կը յիշեմ որ Երեւանը ինքնին փոքրամասնութիւններէ կազմուած է՝ պարսկահայ, լիբանանահայ, իրաքահայ, վիրահայ, Կիւմրեցի, Իջեւանցի, Գորիսեցի, Արցախահայ, հին եկող, նոր եկող… քիչ մըն ալ… Երեւանցի: Կը հասկնամ, թէ ո՛չ մէկ խմբաւորում մէկ այլի մը ճնշելու, թելադրելու, վերլուծելու կամ դատելու կարողութիւնը կամ իրաւասութիւնը ունի: Բայց ընդհանուր մշակոյթ եւ կենցաղ բնորոշող գիծ մը գոյութիւն ունի՝ էական գիծ մը, որ բոլորին հարազատ է եւ իրաւասու է իսկական ազգային կոչուելու: Այդ գծին առանձնայատկութիւնները ճշգրիտ ձեւով թուել կը դժուարանամ: Այն պարզապէս կարելի է ոչ թէ տրամաբանութեամբ հաշուել, այլ՝ այստեղ ապրելով զգալ:
Որպէս յաւելուած՝ թէպէտ ես իմ սեփական տանս մէջ, ճնշուած փոքրամասնութիւն մը չեմ, բայց յարգելով ամուսինս, կը ներկայացնեմ իր թելադրած գաղափարը. «Հայոց աշխարհը ընդգրկելով ծովային, դաշտային եւ լեռնային շրջաններ, համապատասխանաբար ունեցած է տարբեր մշակոյթներ եւ կենցաղներ: Լեռնցի մարդու կենցաղը եւ մշակոյթը բաւական տարբեր ըլլալու է դաշտային մշակէն կամ ծովեզերեայ ձկնորսէն, դեռ չհաշուած գիւղացին եւ քաղաքացին, անոնց նիստն ու կացը եւ տարազը իրար քիչ նման են…»:
Ուրեմն ի՞նչ… տիկին Ռոզային տարազը մօտ ապագային պիտի դիտենք որպէս Սուրիահայ, Իրաքահայ կամ Լիբանանահայ կնոջ ազգային տարա՞զ… Աստուած չընէ:
Երեւան