Շաբաթ, 20 ՍԵպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմին տարեկան հանդիպումը, որ ամէն տարի կը կատարուի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը եւ վերամուտի նախօրեակին:
Հանդիպումը սկսաւ ժամը 9:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն ընթացքին գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան ուսուցիչներուն համար Աստուծմէ խնդրեց իմաստութիւն եւ համբերութիւն, եւ այն բոլոր գեղեցիկ առաքինութիւնները, որոնցմով ուսուցիչ մը օժտուած կ’ըլլայ եւ զանոնք անփոխադարձօրէն կը փոխանցէ աշակերտներուն: Ան նաեւ մաղթեց որ յառաջիկայ ուսումնական տարին ըլլայ բեղմնաւոր եւ հեզասահ տարի մը, եւ հայ քրիստոնեայ ուսուցիչը կարենայ իր առաքելութիւնը հեշտութեամբ կատարել հայ քրիստոնեայ վարժարանին մէջ:
Ս. Պատարագի աւարտին վարժարանիս 2014-2015 տարեշրջանի անձնակազմը նկարուեցաւ իր խմբային նկարը եւ ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:
Առաջին հերթին խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին կապակցութեամբ բարեմաղթութիւնները կատարելէ ետք, բարի գալուստ մաղթեց վարժարանիս ընտանիքին միացած նոր ուսուցիչներուն, անդրադարձաւ գալիք տարեշրջանին ի գործ դրուելիք ակադեմական ծրագիրներուն, ընդ որում նախակրթարանի դասարաններուն մէջ արաբերէն պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ քաղաքացիական կրթութեան դասանիւթերը կը փոխարինուին անգլերէն Social Studies-ով: Ան նաեւ նշեց վարժարանիս նորարարութիւնները՝ 4-րդ յարկի կառուցումն ու արդիականացման միջոցներով օժտուած ըլլալը, եւ BT3 դասարանի, Special Education Department-ի եւ American Program-ի բացումը:
Տիկ. Պոյաճեանին յաջորդեց վարժարանիս արուեստից բաժնի համակարգող Տիկ. Մէյրի Կիւրիւնլեանին խօսքը, որ նաեւ պատասխանատուն է աշակերտներուն համալսարանի ցուցումունքներ տուող Orientation Office-ին, որ այս տարի հիմնուած է աւարտական դասարաններու աշակերտներուն դէպի համալսարան ճամբան հարթելու համար:
Ապա խօսք առաւ Օրդ. Լարա Քուտուզեան, որ զեկուցեց Special Education Department-ի եւ American Program-ի մասին, եւ լուսաբանութիւններ փոխանցեց այս բաժանմունքներուն գործընթացերուն եւ կիրարկման մեթոտներուն մասին:
Աւարտին, հիւրընկալեցինք Աժանլթունի Անթունիէ դպրոցի տնօրէն՝ հայր Անտրէ Տահէրը, որ շեշտը դրաւ աշակերտներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն եւ անոնց պատճառով դասարաններուն մէջ յառաջացած հակասութիւններուն վրայ, նկատի առնելով անոնց զգացական, հոգեկան, ընկերային եւ մշակութային նախադրեալները՝ զանոնք յաջողութեամբ շրջանցելու համար:
Այնուհետեւ լեզուական եւ գիտական նիւթերու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի եւ արուեստից բաժանմունքներու ուսուցիչները խմբակներու բաժնուելով արծարծեցին իրենց դասաւանդած նիւթերուն տարեկան ծրագիրը եւ իրագործելի աշխատանքները:
Հանդիպումը աւարտեցաւ ժամը 2:00-ին եւ ներկաները բաժնուեցան այն յոյսով, որ 2014-2015 տարեշրջանը սկիզբ կ’առնէ ու կը շարունակուի ապահով պայմաններու մէջ եւ կ’ունենայ անխափան երթ ու յաջողութեամբ պսակուող աւարտ:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ