Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահն Ու Բարձրաստիճան Միւս Պաշտօնեաներն Այցելած Են «Եռաբլուր» Պանթէոն

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ Կիրակի 21 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Մերօրեայ անկախութեան կերտողներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար «Եռաբլուր»- այցելած էին նաեւ  Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան, պատգամաւորներ եւ բարձրաստիճան այլ անձիք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին