Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները` Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Ara Aharonian

Երխատաւոր Տէր Ստեփանեան ծնած է 1894-ին՝ Չորք Մարզպան: Ան հասակ պիտի առնէր ընտանեկան տոհմիկ մթնոլորտի մէջ ու կը յաճախէր ծննդավայրի նախակրթարանը, ապա՝ Ազգային միջնակարգ վարժարանը, որուն ընթացքը պիտի աւարտէր 1908-ին: Ապա առիթը կ’ընծայուի Տէր Ստեփանեանին մեկնելու Պոլիս երկրորդական ուսումը ստանալու Պեզազեան վարժարանին մէջ: Բարձրագոյն կրթութեան համար կ’ընտրէ երկրաչափութեան ճիւղը, որ պիտի ընդհատուէր 1912-ին Պալքանեան պատերազմին պատճառով: 1913-ին կը ստիպուի վերադառնալ ծննդավայրը եւ  կը պաշտօնավարէ իր յաճախած կրթական օճախէն ներս:

Կանուխէն իր մէջ յայտնաբերուած ըլլալով գրելու եւ դասաւանդելու յատկութիւնները, իրեն կը վստահուի վարժարանի տնօրէնութեան պատասխանատու պաշտօնը:

1915-ին հազիւ 21 տարեկան, Մարտիրոսը կը ձերբակալուէր Օսմանեան կառավարութեան կողմէ ու կը դատապարտուէր երկու տարուան բանտարկութեան Ատանայի մէջ:

1917-ին զինք կ’աքսորեն Տէր Զօր: Իր ծննդավայրի աքսորեալ հայրենակիցներէն կ’իմանար իր ծնողաց սպաննուիլը թուրք բարբարոսներու ձեռքով: Կ’որոշէ վերադառնալ ծննդավայր Չորք Մարզպան 1919-ին, ուր տակաւին գոյութիւն ունէր փոքրաթիւ գաղութ մը: Հոն կը հանդիպի աքսորէն ազատած քանի մը հարազատներու:

Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ տեղւոյն ազգային կեանքին՝ անդամագրուելով Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան, միաժամանակ աշխատակցելով «Նուիկ» շաբաթաթերթին, որ մեկնակէտը պիտի ըլլար իր խմբագրական ապագայ գործունէութիւններուն:

Յաջորդ տարի՝ 1920-ին, որպէս երիտասարդ կուսակցական, կը մասնակցի  Ռամկավար Կուսակցութեան ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին որպէս պատուիրակ Չորք Մարզպանի կուսակցական ակումբին: Ժամանակի ընթացքին իրեն կը վստահուէր Կիլիկիոյ մէջ կուսակցական ու  հասարակական կարեւոր պաշտօններ:

Տէր Ստեփանեան շուրջ երկու տարի մնալէ ետք ծննդավայրը, անսակարկ եւ խանդավառ կը նուիրուի ազգային վերածնունդի աշխատանքներուն: Դժբախտաբար ուրիշներու կարգին ինք եւս Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով պիտի ստիպուէր հեռանալ ծննդավայրէն ու հաստատուիլ Ալեքսանտրէթ՝ 1922-ին:

Ալեքսանտրէթի մէջ իրեն կ’առաջարկուի Ազգային Նուպարեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը, Տէր Ստեփանեան խանդավարութեամբ կ’ընդունի առաջարկը եւ կը նուիրուի նոր սերունդի դաստիարակման սրբազան գործին երկար տարիներ: Տնօրէնութեան պաշտօնը վարած շրջանին, ան կ’ընտրէ իսկապէս նուիրեալ դաստիարակներ, որոնք Ալեքսանտրէթի գաղութէն ներս կը յաջողին պատրաստել ազգային ու հայրենասիրական տենթով տոգորած սերունդ մը:

mardiros D. S.

Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան այս շրջանին իր հայրենակից՝ Արիս Շաքլեանի հետ կը սկսի հրատարակել գաղափարական ենթահող ունեցող խմորատիպ «Զարթօնք» շաբաթաթերթը, որ հետզհետէ կը դառնար շրջանի հայութեան համար փնտռուած թերթ մը:
Հասարակական կեանքի իր աշխոյժ գործակցութիւնը կը վստահի իր հետեւորդներուն եւ գործընկերներուն, որոնք ներշնչուելով իրմէ, լծուած էին Ալեքսանտրէթի մէջ ՌԱԿ-ի տեղական ակումբին կազմակերպչական աշխատանքին:

Ալեքսանտրէթի պարպումին հետեւանքով, 1939-ին տեղւոյն  հայութիւնն ալ կը ստիպուէր հեռանալ: Կրթական օճախները կը փակուէին եւ տնօրէն Տէր Ստեփանեան իր կազմած ընտանեկան բոյնով կը հաստատուէր Պէյրութ:

Պէյրութի մէջ իրեն կը վիճակուի որպէս դաստիարակ, պաշտօնավարել ՀԲԸՄիութեան նորահաստատ Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանէն ներս շուրջ երկու տարի, մինչեւ 1941: Ապա զինք կը գտնենք երբեմն Հալէպ ու Դամասկոս՝ կրթական եւ հասարակական պատասխանատու առաքելութեամբ:

Որպէս չափածոյ արձակ, Տէր Ստեփանեան հրատարակութեան յանձնած է «Անդերգ»ը ու «Դրուագ մը Հերոսական Չորք Մարզպանէն» որ շատերուն համար յայտնի է որպէս «Քաջերու Հայրենիքը»:

Հալէպի մէջ 1947-ին կը դառնայ ՌԱԿուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Եփրատ»ի խմբագիրը շուրջ մէկ տարուայ համար եւ յաջորդ տարին կը հրաւիրուի Պէյրութ ստանձնելու փոխ տնօրէնի պաշտօնը ՀԲԸՄիութեան մանչերու Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն ներս երկու տարուայ համար:

Այս շրջանին ան կ’աշխատակցէր «Եփրատ» եւ «Զարթօնք» պաշտօնաթերթերուն՝ «Կիլիկեան Արծիւ», «Կիլիկեան Յուշեր» եւ  «Սուլթանին Աղջիկը» յօդուածաշարքերով:

1951-ին Պէյրութի մէջ, որպէս հայրենասէր ան կ’ենթարկուի մահափորձի: Այդ դէպքէն ետք ան մամուլին կը յանձնէր հրապարակագրական յօդուածաշարք մը «Զրոյց Ոճրագործ Հայ Եղբօրս Հետ», դաստիարակելու նպատակով  սփիւռքահայութեան մէջ հայրենադարձի դէմ մոլուձքէ տառապող զանգուածները: Նոյն տարին ինքն ալ ընտանիքով կը ներգաղթէ հայրենիք: Խորհրդային  Հայաստանէն ներս Տէր Ստեփանեան կը լծուէր կրթական գործի եւ Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի մահուընէ ետք կը դառնար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ,  միաժամանակ իրեն կը վստահուէր Գէորգեան Ճեմարանի վերատեսուչի պաշտօնը, զոր կը վարէ յաջորդ հինգ տարիներուն մինչեւ 1957:

Այսպիսով վերջ կը գտնէր ՌԱԿ-ի անխոնջ երախտաւոր Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանի կրթական ասպարէզը, եւ 1960-ին 66 տարեկանին, աչքերը կը փակէր Հայրենիքի մէջ:

Այսօր, Լոս Անճելըս հաստատուած իր հարազատներէն շատերը, որոնք թրծուած մեծ երախտաւորի հայրենասիրութեամբ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայրենասիրական աշխատանքներուն:

2005-ի Սեպտեմբերին, մեր հայրենիք գտնուելու օրերուն, Սբ. Գայեանէ եկեղեցւոյ համալիր այցելութեան ընթացքին, լուռ աղօթք մրմնջելու առիթը ունեցանք մեր յարգելի երախտաւոր, Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանի հոգւոյն, անոր շիրիմին վրայ, որ կից է Ռաֆիի նշանաւոր «Խենթ»ի շիրիմին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին