Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Գարեգին Բ. Մտահոգութիւն Յայտնած Է Ամուսնալուծութեան Եւ Սաղմային Վիճակի Մէջ Աղջիկներու Սպանութեան Գծով

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մտահոգիչ կը նկատէ ամուսնալուծութիւններու, յղիութեան՝ սեռով պայմանաւորուած արհեստական ընդհատումներու աճը, ժողովրդագրական անցանկալի փոփոխութիւնները:

«Մեր օրերում արագընթաց փոփոխութիւնների, արժէքների անտեսման պայմաններում ընտանիքի աւանդական ընկալմանը հակադրւում են ծնունդ առնող հոսանքները, կենսատեխնոլոգիական միջոցների առաջադրած մարտահրաւէրները, որոնք թափանցում են մարդու կեանքի նուիրական ոլորտը, յատկապէս՝ որդեծնութեան», ըսած է ան՝ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կազմակերպուած «Ընտանիք, հասարակութիւն եւ եկեղեցի. ժամանակակից մարտահրաւէրներ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ նախ շեշտած է, որ հայ եկեղեցին մնայուն կերպով բարձր գնահատած է ընտանիքի ամբողջականութիւնը եւ անքննարկելի կարեւորութիւնը ժողովուրդին կեանքին մէջ՝ զայն նկատելով հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու պահպանման հիմնասիւն, հանրային առողջ կենսակերպի ձեւաւորման եւ զարգացման համար անփոխարինելի հաստատութիւն:

Անդրադառնալով գիտաժողովի նպատակներուն՝ ան նշած է, որ անհրաժեշտ է բոլոր հարթակներու վրայ նմանատիպ համաժողովներով, եկեղեցական քարոզչութեամբ, մեծ եւ փոքր քննարկումներով, ընտանիքի աջակցութեան ծրագիրերով, պետական, օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով նպաստել ընտանիքի առողջութեան:

Գիտաժողովը կազմակերպած է Մայր աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակը, անոր կը մասնակցին եկեղեցականներ, գիտնականներ, պետական համապատասխան ոլորտներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

www.tert.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին