Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Մաղթերգը Փոխելու Առաջարկ

*ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ*

Haig Naccashian

Նոր չէ այս նախաձեռնութիւնը, որ առաջին անգամ առաջարկուեցաւ Հենրիկ Անասեանի կողմէ՝ որդեգրուելով շատերու կողմէ, մինչեւ  այսօր գործածուող «Մեր Հայրենիքը Թշուառ Անտէր»-ը փոխարինելու համար «Մեր Հայրենիք Ազատ Անկախով»:

Բայց այս առաջարկը մերժուեցաւ, որովհետեւ եղանակը ինքը թշուառ է: Առաջարկուեցաւ , որ մնայ Արամ Խաչատուրեանի  մաղթերգը՝ «Սովետական Ազատ Աշխարհ Հայաստան»-ի Սովետականը զեղջելով , սակայն Սովետական իշխանութեան տխուր յիշատակներով տառապող  ժողովուրդէն այդ ալ մերժուեցաւ՝ հակառակ այդ սրբագրութեան, երբ Արամ Խաչատուրեանի աշխարհահռչակ ստեղծագործութիւնը այս կամ այն պատճառով մերժուեցաւ, կամ այլ հիանալի ստեղծագործութիւններ, որոնք լի ու լի կը ծառայեն այդ նպատակին, ինչպէս Առնօ Բաբաջանեանի «Սարդարապատի Յաղթերգը», որ ունկընդիր բազմութիւնները ոտքի հանելու ուժը ունի, Էտկար Յովհաննէսեանի «Երեւան Էրեբունին» եւ շատ ուրիշներ, որոնցմով հարուստ է հայ երաժշտութիւնը:

Հայրենի պետութեան եւ խորհրդարանին ուշադրութեան կը յանձնեմ այս երկուքը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կարողութիւնը ունի ժողովուրդին հայրենասիրական զգացումները արթնցնելու եւ հայրենիքի զօրացման եւ պաշտպանութեան համար իր քրտինքն ու արիւնը թափելու:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին անհրաժեշտ է այդ լալկան եղանակը փոխարինել վերոյիշեալ յաղթերգներու մէկով կամ միւսով:

Մոնթրէալ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին