Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ»-ը Թուրքիոյ Մէջ Ցուցադրելու Առաջարկ

Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու հարցը կրկին օրակարգի վրայ է, այս անգամ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «The Cut» ֆիլմի բեմադրիչ, գերմանաբնակ թուրք Ֆաթիհ Աքինի կողմէ։

«Արարատ»ը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու իրաւունքը 12 տարի առաջ գնած էր թրքական «Պելկէ ֆիլմ» ընկերութեան սեփականատէր Սապահետտին Չեթինը, սակայն ֆիլմը ցարդ Թուրքիոյ մէջ չէր ցուցադրուած, քանի որ Չեթին կը վախնայ, որ նման քայլ մը վտանգէ սրահներու սեփականատէրերու ապահովութիւնը:

Չեթին այժմ կը կարծէ, որ Թուրքիա փոխուած է եւ կը փափաքի Թուրքիոյ մէջ ցուցադրել ֆիլմը: Ան տեղեկացուցած է, որ ֆիլմը ցուցադրելու առաջարկներ ստացած է բազմաթիւ սրահներէ, սակայն չէ յստակացուցած, թէ ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ առաջին ցուցադրութիւնը:
Աքին յայտնած է, որ իր ֆիլմը Թուրքիոյ մէջ կրնայ ցուցադրուիլ Հոկտեմբերին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին