Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Տիգրան Մանսուրեանը Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Երեք Երկ Ունի

ՀՀ ժողովրդական արտիստ երգահան Տիգրան Մանսուրեանը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած իր գործերը պիտի ներկայացնէ ՀՀ նախագահի կողմէ ստեղծուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին` համերգային երեկոյ կազմակերպելու համար: ՀՀ նախագահի հրամանագրով՝ երեք տարի առաջ ստեղծուած յանձնաժողովը կը նախապատրաստէ այն հիմնական ձեռնարկներուն շարքը, որոնք պէտք է իրականացուին 2015-ին ընդառաջ եւ 2015-ի ընթացքին: Այս մասին կը ներկայացնէ Armenpress.am-ը:

«Ես Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին նուիրուած երեք ստեղծագործութիւն ունեմ: Ալտի եւ նուագախմբի կոնցերտ եմ գրել` «Երեք արիայ` երգելու Արարատին բացուած պատուհանից» խորագրով: Գրել եմ եւս մի գործ` Թաւջութակի կոնցերտ` «Ու՞ր է Աբէլ եղբայրը քո» խորագրով: Բացի այդ, ունեմ նաեւ «Ռեքուիեմ»-ը, որը գրել եմ գերմանական ընկերութեան պատուէրով»,- նշած է Մանսուրեանը:

Անուանի երգահանին խօսքով` այս երեք ստեղծագործութիւնները միասին կը կազմեն մէկ համերգ: «Պէտք է առաջարկեմ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին այդ գործերով համերգ կազմակերպել: Ի դէպ, գործերից Թաւջութակի կոնցերտը Հայաստանում դեռեւս չի հնչել»,-աւելցուցած է երգահանը:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին