Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Վարչապետը Ընդունած Է Ֆրանսայի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 5 Սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռոուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ ֆրանսացի պատգամաւորներուն այցելութիւնը պիտի նպաստէ հայ-ֆրանսական բազմաոլորտ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու ընդլայնման: «Մենք մեծապէս կարեւորում ենք Ֆրանսիայի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներում յարաբերութիւնների զարգացումը: Ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի մեր երկկողմ կապերն էլ աւելի զարգանան, ինչի համար կայ մեծ ներուժ», նշած է վարչապետը:

Ընդգծելով, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ գործունէութիւն ծաւալած են ֆրանսական 180 ընկերութիւններ՝ Յովիկ Աբրահամեան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային այդ թիւը աւելնայ։ Վարչապետը եւ Պրիւնօ Լը Ռոուն յայտնած են, որ Հայաստան կրնայ հարթակ հանդիսանալ ֆրանսական ընկերութիւններուն՝ եւրասիական շուկայ մուտք գործելու համար:

Ըստ Պրիւնօ Լը Ռոուի՝ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի զարգացմամբ ու պատրաստ է հետագային եւս համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել այդ գործին: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին՝ Պրիւնօ Լը Ռոու ըսած է. «Ինչպէս Հայաստան տուած իր այցելութեան ընթացքին նշեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, մենք ունինք քաղաքական կամք՝ ամբողջացնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը, որուն իբրեւ արդիւնք կը նախատեսուի քրէական հետապնդում բոլոր անոնց, որոնք կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Վստահ ենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ունի կանխարգելիչ դերակատարութիւն, եւ խաղաղութեան հաստատման համար կարեւոր է անոր ժխտումը բացառելը»: Պրիւնօ Լը Ռոուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին կարեւոր նկատած է նաեւ հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական կապերու սերտացումը՝ միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ անհրաժեշտ աշխատանքներ տանելու համար:

Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի խորհրդարանականներուն՝ իրենց դիրքորոշման համար եւ ընդգծած, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան նման ոճրագործութիւնները ժամանակին չդատապարտուին, ապա անպայման անոնք պիտի ունենան կրկնուելու հաւանականութիւն:

Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ընդգծած անոր լուծման անհրաժեշտութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ։

Կողմերը քննարկած են նաեւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն առնչուող օրակարգային այլ հարցեր:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին