Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Թուրքիա Կը Հետեւի Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Պատրաստութեանց

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարա կը հետեւի Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ հայակական կողմի նախապատրաստութիւններուն:

Թրքական «Հապերլեր» կայքին համաձայն՝ Չաւուշօղլու առաջ քաշած է թրքական քարոզչամեքենայի չարչրկուած միտքը այն մասին, թէ պատմութիւնը քաղաքականութեան խառնելը սխալ է, ու յիշեցուցած է, թէ տարիներ առաջ Էրտողան առաջարկած էր Հայաստանի նախագահին՝ համատեղ պատմական յանձնաժողով մը ստեղծել՝ «իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար», զոր, սակայն, հայկական կողմը մերժած էր:

Չաւուշօղլու մեղադրած է Հայաստանն ու հայկական Սփիւռքը՝ «երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացնել»ու յանցանքով: Ան մասնաւորապէս դժգոհութիւն յայտնած է այն բանէն, որ ժամանակ առ ժամանակ, ներքին կամ միջազգային խորհրդարաններու մէջ կը քննուի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը՝ փափաք յայտնելով, որ «այս խնդիրը պատմաբաններու յանձնուի»:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին