«Հայաստան գործ ունի երկրի մը հետ եւ երկիր մը ղեկավարի հետ, որ կ’օգտագործէ ցանկացած ձեւ, ցանկացած կարելիութիւն, որոնց մէջ՝ սուտն ու կեղծիքը: Առանց որեւէ բանէ ամչնալու». Յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Խօսելով արտաքին քաղաքական զարգացումներուն մասին, նախագահը նշեց.« Անհրաժեշտ է օգտագործել իւրաքանչիւր կարելիութիւն մեր գործընկերներուն, մեր բարեկամներուն, նաեւ բոլոր անոնց,որոնք այնքան ալ լաւ չեն տրամադրուած մեր նկատմամբ, հասցնելու ճշմարտութիւնը, հասցնելու մեր տեսակէտը: Աշխարհը արագ կը փոխուի եւ մեր հակառակորդներուն հնարաւորութիւնները կը մեծնան եւ մենք իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու: Գիտէք՝ մենք գործ ունինք երկրի մը հետ, եւ երկրի մը ղեկավարին, որ ցանկացած ձեւ, ցանկացած հնարաւորութիւն կ’օգտագործեն, որոնց մէջ՝ նաեւ սուտն ուկեղծիքը: Եւ անոնք ոչ մէկ բանէ չեն ամչնար: Ամէն օր մարդոց բանտ կը նստեցնեն կամ կը սպաննեն ապա կ’ըսեն, որ իրենց հասարակութիւնը կը զարգանայ: Ես վստահ եմ, որ Ատրպէյճանի եւ յատուկ ծառայութիւնները եւ ղեկավարութիւնը վստահ են,որ այդ լրագրողները չեն կրնար դառնալ Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններու գործակալ: Ակնյայտ է չ՞է բոլորիս: Բայց անոնք առանց ամչնալու այդպիսի պիտակներ կը դնեն,այսինքն՝ օգտագործելով հակամարտութիւնը, կը փորձեն իրենց երկրին մէջ հաստատել իրենց կարգերը». ըսաւ նախագահ Սարգսեան: