Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հանդիպում Մը Մօտիկ Անցեալիս Հետ

ՃԷՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

10453447_10152123927451960_5685766462297924977_n

«Այստեղ եմ ծնուել ես, այստեղ մեծացել, այս ջուրը խմել սառնորակ…»

Այս երգին բառերը կը մտմտամ շշուկով մը ակամայ՝ երբ արդէն ինքնաթիռը վայրէջք կը կատարէ Պէյրութի օդանաւակայան, որ առաջին հանգրուանն է Դամասկոս տանող ճանապարհին…: Սակայն ենթագիտակցութեանս մէջէն մռայլ ձայն մը, (որ ամուսինիս ձայնին կը նմանի) զիս կը յանդիմանէ ըսելով. ,աղջիկ Երեւանին նուիրուած այս համով երգը ուրիշի համա՞ր կ՛երգես…ե, իսկ իմ ձայնս շատ հանգիստ կը պատասխանէ. ,բայց չէ որ ես իսկապէս՝ այստեղ եմ ծնուել եւ այստեղ մեծացել…ե:

Եւ ուրտեղէն ո՞ւր յանկարծ կը մտաբերեմ Գէւորգ Էմինէն որոշ տողեր՝

«Մենք կէս ենք… Չլինէինք կէս՝ Հայ կը լինէինք, Եւ ոչ թէ Թուրքահայ կամ Ֆրանսահայ կամ Արաբահայ…»

Ամուսինս եւ երկու աղջիկներս ինծի երեք շաբաթ արձակուրդ տուին, որպէսզի ընտանեկան պատասխանատուութիւնէ հեռու, վայելեմ Միջերկրականի մարգրիտ Պէյրութը եւ հարազատ ծննդավայրս՝ Դամասկոսը: Գիտէի սակայն, որ արձակուրդը առանցին պիտի անցնեմ միայն ֆիզիքապէս, որովհետեւ հոգեպէս անոնք միշտ հետս պիտի ըլլան, մանաւանդ երբ այցելեմ վայրեր, հանդիպիմ հարազատներու եւ ընկերներու որոնց հետ անցեալ մը վայելած ենք ընտանեոք: Մէկ խօսքով՝ հանդիպում մը պիտի վայելէի՝ մոտիկ անցեալիս հետ…: Մինջեւ Դամասկոս անցնիլս, ծրագրած էի քիչ մը Պէյրութը վայելել: Որքան ճիշդ ածական մը վաստակած է այս երկիրը՝ (Petit Paris)… բայց կը խորհիմ թէ անիկա անցեալին էր՝ 60-ականներուն, իսկ հիմա այդ (petit)-ը արդէն մեծցած, հասակ արած, Paris-ին անդին քաշուիր կ՛ըսէ…:

Պէյրութ

Ոչ միայն հարազատ վայր, այլեւ՝ հարազատ միջավայր: «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքին մեկնարկումի միջոցառումով զբաղած էր ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակը, որուն մաս կազմելու պատիւը ունեցած էի: Երանելի պահեր վայելեցի միջոցառման ընթացքին, որպէս Երեւանի ներկայացուցիչը անոր խմբագրական կազմին մէջ, արտասանելով պատշաճ խօսք մը ապա առիթին նուիրուած կապույտ կարկանդակը կտրելուն մասնակցելով՝ Պէյրութի ՌԱԿ-ի ղեկավարներու կողքին:

Յաջորդող օրերուն Լիբանանի մեր ընկերներուն հետ միութենական, ազգային եւ համամարդկային նիւթեր զրուցելով, հայապահպանման ու հայ դատի հետապնդման խոչընդոտները վերլուծելով ու ծրագիրներ մշակելով՝հայրենասիրութեանս պակաժը կը լեցուէր: Այստեղ ազգային կեանքը եռուն է տարին 12 ամիս, մարդիկ հայավարի կ՛ապրին, հայերեն կը շնչեն ու հայրենիք կ՛երգեն: Իսկապէս ճիշդ ըսուած է՝ Լիբանանը սփիւռքահայութեան սիրտն է…

Դամասկոս

Պարզապէս մայրաքաղաքի մը անուն է գուցէ՝ բայց ոչ ինծի համար…: Ես այդ անուամբ կը հասկնամ մանկութիւնս, երիտասարդութիւնս. յասմիկ բուրող Ս.Սարգիս եկեղեցոյ մէջ՝ թագ ու պսակս… եւ կաղանդ պապուկ: Այս քաղաքին մէջ Աստուած ինծի նուիրած է երկու աղջիկներ, անկրկնելի օրեր, անսահման երջանկութիւն եւ սէր…:

Դամասկոս ըսելով կը հասկնամ հայրիկս, որուն յիշատակը կը պատմեն հարազատ ակումբներս, առաջնորդարանս ու հողը օրհնուած այս քաղաքին…: Այստեղ են դեռ անկեղծ ընկերուհիներս դպրոցական, միութենական ու ընտանեկան, որոնց հետ հանդիպելով եւ առընչուելով՝ Դամասկոսի մէջ իմ դամասկոսը ապրեցայ մի քանի օր: Այս այցելութիւնս երրորդ անգամ ըլլալով զիս գործնականօրէն յամոզեցին, որ կան մարդկային չափանիշներ որոնք ենթակայ չեն ոչնչացման, ինչպէս անկեղծութիւնը, ընկերութիւնն ու սէրը…:

Տուն դարձի ճանապարհս կրկին պիտի անցնէր Լիբանանէն, ուր հարազատներուս եւ հին ու նոր ընկերներուս ներկայութիւնը պիտի վայելէի, Պէյրութի շքեղ պճնանքը ապրէի եւ Միջերկրականի ջուրով զովանայի:

Կրկին անգամ ինքնաթիռը վայրէջք կը կատարէր… կրկին Գէւորգ Էմինը յիշեցի՝

«Մենք կաղ ենք կիսով… Քանզի ուր էլ մեր ոտքը դնենք՝ Սուրիոյ աւազին, Փարիզի մայթին, Նեղոսի ափին, Մեր միւս ոտքը խրուիլ է Մասիսի լեռան ձյունի մէջ…:»

Երեւան Այսօր Երեւանէն եւ պաշտօնապէս ու գրաւոր, խորին շնորհակալութիւնսկը յայտնեմ բոլոր իմ հարազատներուս, ընկերներուս, բարեկամներուս եւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան, ինծի երանելի պահեր ու անմոռանալի յիշողութիւններ պարգեւած ըլլալնուն համար: վստահ եմ որ երեք շաբթուայ տեւողութեամբ ստացած դրական լիցքս՝ զիս երկար ժամանակ պիտի ծառայէ:

Սեպտեմբեր 2014 – Երեւան

Յ.Գ. Դէպի Երեւան վերադառնալը (տուն դարձ) անուանելս անսահման գոհունակութիւն պատճառեց ամուսինիս, որ յօդուածիս նախագիծը աչքէ անցընելէ ետք՝ ,ուրեմն վերջապէս ընդունեցիր որ Երեւանն է քու տունդե բացականչեց…: Չուզեր հասկնալ, որ ես ազգասէր ըլլալէ բացի նաեւ կին մըն եմ, եւ տունս այնտեղ է, որտեղ ինքն ու աղջիկներս կ՛ապրին…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին