Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայաստանի Մէջ Լաւ Գիտեն Թէ՛ Անվտանգութեան, Թէ՛ Խաղաղութեան Գինը, Յայտարարած Է Սարգսեան

Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Նիւփորթ քաղաքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 Սեպտեմբերին մասնակցած է ՆԱԹՕի անդամ ու Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու (ISAF) առաքելութեան մասնակից գործընկեր երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, որ տեղի ունեցած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ։

ՆԱԹՕ-անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժեր ձեւաչափով վերջին այս հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու առաքելութեան արդիւնքները եւ նախանշուած նոր՝ «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան ուղղութիւնները:

Սերժ Սարգսեան հանդէս եկած է ելոյթով։ Հանրապետութեան նախագահը նախ ողջունած է հիւրընկալ երկրի վարչապետը՝ Տէյվիտ Քամերոնը, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը, հանդիպման մասնակիցները, որոնց կարգին աֆղան գործընկերները:

«Որպէս ՆԱՏՕի գործընկեր եւ միջազգային անվտանգութեան ապահովմանն իր մասնակցութիւնը բերող պետութիւն՝ Հայաստանը 2010թ. Փետրուարից ներգրաւուեց Աֆղանստանի Միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերում՝ մէկ տարի անց՝ 2011թ. Յուլիսին, եռապատկելով իր զօրախմբի թուաքանակը: Անցած չորս ու կէս տարիների ընթացքում հայ խաղաղապահները Միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերի շրջանակներում ձեռք բերեցին փոխգործակցութեան անգնահատելի փորձ: Յատուկ կ՛առանձնացնեմ Գերմանիայի հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որը, վստահաբար, ՆԱՏՕի անդամ եւ գործընկեր երկրների փոխգործակցութեան լաւագոյն եւ ուսանելի օրինակ է», յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահն ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ լաւ գիտեն թէ՛ անվտանգութեան, թէ՛ խաղաղութեան գինը: Սերժ Սարգսեանի համաձայն՝ անոնց համար մեր երկիրը ստիպուած է պայքարիլ գրեթէ ամէն օր: «Վաղը այստեղ, այս նոյն դահլիճում փաստաթուղթ է ընդունուելու, որը կապ ունի իմ ժողովրդի անվտանգութեան ու մեր տարածաշրջանի խաղաղութեան հետ: Երկու տարբերակ կայ. կա՛մ կ՛ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմամբ զբաղուող միակ մասնագիտացուած միջազգային կառոյցի՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի բառապաշարը, որն այստեղ առաջարկւում ու պաշտպանւում է համանախագահող երկրների կողմից, այստեղ՝ ի դէմս ԱՄՆի եւ Ֆրանսիայի, կա՛մ կրկին կ՛անցնի սեփական ժողովրդի աչքում մեր հարեւան բռնապետի դէմքը փրկել ցանկացող մէկ այլ անդամ երկրի լոբբինգը, որը, հաւատացնում եմ ձեզ, որեւէ լաւ տեղ չի տանում: Կա՛մ կը յաղթեն առողջ բանականութիւնն ու խաղաղութեան ձգտումը, կա՛մ կրկին լուռ խրախուսուած կը մնան այլատեացութեան խորացումը, պատերազմի հռետորութիւնն ու մարդկային կեանքեր խլող ապագայ բոլոր սադրանքները, որոնք այդպէս հեշտօրէն հրահրում է սեփական զինուորի կեանքին որեւէ արժէք չտուող ու նման թղթերից թեւեր առնող Ադրբեջանը», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին