Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Փաստեր Կը Յայտնաբերուին

Համացանցին վրայ եւ «Թարաֆ» թերթին մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն՝ թուրք պատմաբաններ Թաներ Աքչամ եւ Տիճլէ Աքար վերջերս Ժընեւի Ազգերու միութեան արխիւին մէջ նոր փաստաթուղթեր յայտնաբերած են Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ։ Այս Արխիւը կը բովանդակէ 1700 հայ կիներու ու անոնց զաւակներու կեանքի պատմութիւնները, որոնք կը կարդացուին սրտի ճմլումով։ Գտնուած փաստաթուղթերը կը պատկանին Հալէպի մէջ Միացեալ Ազգերուն կողմէ հիմնուած եւ Քարէն Եփփէի հսկողութեան տակ գործող «Փրկութեան Տուն»-ին։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա»-ն:

Փաստաթուղթերուն մէջ կան պետական մարդկանց կողմէ գործուած սպանդներու, բռնաբարումներու, թալաններու պատմութիւններ, ինչպէս նաեւ պատմութիւնները կարգ մը թուրք խղճամիտ մարդոց, որոնք հայերու կեանքը փրկել ջանացած են։ Փաստաթուղթերը կը խօսին հայերու պաշտպան կանգնած մեծ թիւով այլ իսլամներու մասին եւս։ Բոլոր այս արձանագրութիւնները անգլերէն են, բայց Աքչամ, Աքար ու Մաթիաս Պիորնլունտ մեծ աշխատանք կը տանին, որպէսզի անոնք հրատարակուին նաեւ թրքերէնով։

Ստորեւ՝ երկու պատմութիւն, որոնք տեղ գտած են վերեւը նշուած թղթակցութեան մէջ.

ԷԼՄԱՍԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Առաջինը կը վերաբերի ուրֆացի Մկրտիչ Պաղտասարեանի դստեր Էլմասին։ Ան երեսուն տարեկան էր, երբ հասաւ Հալէպի Փրկութեան Տունը։ Էլմաս իր զաւակներուն ու մօրը հետ աքսորուեցաւ, երբ իր ամուսինը կը ծառայէր Թուրքիոյ բանակին մէջ։ Ծանր եղաւ աքսորի ճամբան։ Երբ Սեւերեկ մօտեցան, իր զաւակներէն մէկը հոն ձգելու ստիպուեցաւ, որովհետեւ այլեւս չէր կրնար իր գիրկը կրել զայն։ Միջոց մը եւս քալեց իր գրկած երկրորդ երախային հետ, բայց այնքա՛ն ուժասպառ էր, որ ստիպուեցաւ երկրորդն ալ հոն թողուլ։ Այդ միջոցին իրեն մօտեցաւ քիւրտ մը, որ ըսաւ, թէ իրեն հետ ամուսնանալ կ՛ուզէ։ Քիւրտը առաւ ու իր գիւղը տարաւ Էլմասը։ Երբ գիւղ հասան, Էլմաս խոյս տուաւ ու ապաստանեցաւ պետութեան մօտ։ Այս անգամ գիւղի պաշտօնական անձն էր, որ Էլմասը իր տունը տարաւ։ Էլմաս հասկցաւ, որ անոր ալ նպատակը նոյնն էր։ Քանի մը օր ետք ամուսնացաւ այդ մարդուն հետ, բայց մարդը տասը օր ետք Էլմասի երրորդ զաւակը գետ նետեց։ Էլմաս ստիպուեցաւ եօթը ամիս ապրելու իր որդին սպաննողին հետ։ Այնուհետեւ, անկէ ալ խոյս տուաւ ու հարուստ թուրքի մը տան մէջ աշխատեցաւ որպէս սպասուհի։ Այս միջոցին, Հալէպէն իր ամուսինէն լուր ստացաւ, փախաւ, բայց զինուորները զինք բռնեցին ու Մարտին բերին։ Հոն, հողագործութեան տնօրէնին քով ծառայեց երկու տարի, ապա հայ հոգեւորականի մը օգնութեամբ խոյս տուաւ ու Հալէպ գնաց։ Ապաստանեցաւ Փրկութեան Տան մէջ, ապա գտաւ իր ամուսինը եւ բաժնուեցաւ Տունէն։

ԱՆՆԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Աքսորի ընթացքին այրերը կը հաւաքէին, որպէսզի զանոնք սպաննէին։ Այսպէս, տարուեցաւ նաեւ Աննա Սարգիսեանի եղբայրը։ Բայց եղբայրը խոյս տուաւ ու պահուըտեցաւ Խարբերդի մօտ գիւղի մը մէջ։ Աննա իր մօրը եւ մօրաքրոջը հետ միասին գնաց գիւղը պահուըտած իր եղբօրը քով։ Քանի մը օր ետք, տանտէրը, որ թուրք մըն էր, Աննային ըսաւ, թէ կը շարունակէ անոր եղբայրը եւ մայրը իր քովը պահել, եթէ Աննա յօժարի իրեն հետ ամուսնանալ, իսկ եթէ մերժէր, ապա զանոնք պիտի յանձնէր կառավարութեան։ Աննան վախցաւ եւ ամուսնացաւ մարդուն հետ, իսկ թուրքը իր խոստումը յարգեց եւ մինչեւ պատերազմի աւարտը պահպանեց Աննայի եղբայրը, ապա զայն Տերսիմ ղրկեց։ Աննա այս տարիներուն ընթացքին թուրքին հետ ապրեցաւ եւ անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ, նոյնիսկ յաջողեցաւ զայն համոզել, որ ան քրիստոնեայ դառնայ եւ իրեն հետ միասին Թուրքիայէն հեռանայ։ Արդարեւ, պատերազմէն ետք, անոնք Սուրիա գացին։ Աննա Փրկութեան Տան շնորհիւ գտաւ Պէյրութ բնակող իր մայրը։ Ամուսինը, որ անոր հետ միասին Պէյրութ եկած էր, գործ փնտռեց բայց չկրցաւ գտնել, որովհետեւ միայն թրքերէն գիտէր, այդ պատճառաւ ալ, ան Թուրքիա վերադարձաւ, իսկ Աննան մնաց Սուրիա՝ իր մօրը հետ միասին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին