Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Իրաքցի, Ղազզացի, Եզիտի Որբեր Եւ … Հայ Որբանոցայիններ

Կեանքին մէջ իրադարձութիւններու խաչաձեւումներէն ոմանք ուշադրութիւնս կը գրաւեն: Շա՜տ ուրիշ իրադարձութիւններ կը սպրդին ինձմէ, որովհետեւ կա՛մ չեմ լսած անոնց մասին, կա՛մ ալ անոնց պատմական նմանակներուն անծանօթ եմ, չեմ գիտեր, անգիտակ կամ անտեղեակ եմ…:

Ղազզայի տակաւին զարգացող սպանութիւնները ուշադրութիւնս գրաւեցին նաեւ փոքրիկներու սպանութեան առումով: Այդ մասին չէ որ պիտի գրեմ, այլ՝ մութին մէջ մնացած որբացուածներուն մասին: Քանի՞ հոգի են որբացուածները: Շատ չե՞ն: Իսկ աւելի քան կէս դարէ իվեր շարունակուող արաբ-իսրայէլեան սպանութիւնները արդեօք որքա՞ն որբ յառաջացուցին:

Այս որբերէն «ի՞նչ շինուեցաւ»ն է իմ հարցս, այսօր:

Ինծի կը թուի թէ այս հէգ որբերէն թնդանօթի մսացու, անհանդուրժող, իրար ատող եւ կռուազան եւ կռուասէր սերունդ շինուեցաւ մանաւանդ: Ինքզինք երկարացնող, ինքզինք վերաճեցնող սպանութիւն: Իսկ այս որբերը կրնայի՞ն ուրիշ բանի վերածուիլ:

Եթէ շուրջ տաս տարի ետ երթամ՝ պիտի յիշեմ Սատտամի Իրաքին պարտադրուած պաշարումը, որուն հետեւանքով մանկասնունդ կարելի չեղաւ ներածել ու կարիքաւոր սերունդներ, մանաւանդ նորածիններ մահացան: Այն ատեն ըսուեցաւ որ միլիոնի կը հասնի այդ դժբախտ զոհերուն թիւը: Թերեւս չափազանցութիւն կայ թիւին մէջ: Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ պաշարման հետեւանքով երեխաներ, նորածիններ մահացան: Փակագիծի մէջ յիշեցնեմ որ Առաջին Համաշխարհայինին Օսմանեան Թուրքիան պաշարման ենթարկեց Լեռնալիբանանը: Այդ սովին զոհ գացին աւելի քան հարիւրհազար լեռնականներ:

Բայց չեմ ուզեր անդրադառնալ Իրաքի «իրենց կեանքը ապրած» եւ մահացած նորածիններուն: Ատոնք չեն իմ մտորումներու առարկան այս պահուն, այլ՝ տասնամեակէ մը իվեր Իրաքի մէջ տեղի ունեցող նախճիրային պայթիւններուն հետեւանքով որբացած մանուկներու եւ պատանիներու ճակատագիրը: Ու՞ր են ասոնք, ի՞նչ կ’ընեն: Ասոնցմէ ոմանք Տաէշ չե՞ն դարձած արդեօք: Երբ կը կորսնցնես ծնողքդ, ընտանիքդ եւ ողջմիտ առաջնորդութիւն-դաստիարակութիւն չես ստանար, հաւանականութիւնը մեծ է որ դառնաս Տաէշական: Աւելի ճիշդը՝ նայած ինչպիսի դաստիարակութիւն կը ստանան այդ որբերը, որբացուածները:

Պատմութեան մէջ անոնց նմանօրինակը նշանաւոր, տխրահռչակ օսմանեան միտքի չքնա՜ղ արտադրութիւն ենիչերիներն են…:

Հիմա կարգը եկած է եզիտիներուն: Իրաքի եզիտիներուն: Պայման չէ որ փոքրամասնութիւն ըլլաս, որպէսզի որբացուիս: Առաջնորդներդ ուշադիր, զգօ՜ն պէտք է ըլլան: Առաջնորդները առաջնորդուողներուն մասին պէտք է մտածեն, արթուն ըլլան, դէպքերը կանխատեսեն, զանազան սենարիօներ մշակեն գալիք դէպքերուն առնչութեամբ եւ կանխապատրաստուին, նախապատրաստեն քեզ ու միջոցներ, նախակարգադրութիւններ մտմտան:

Ի՞նչ պիտի ըլլան եզիտիները. ո՞վ պիտի օգտուի անոնցմէ: Ղարաբա՞ղ պիտի տարուին: Ո՞ր պետութիւնը ի՞նչպէս պիտի օգտուի ասոնցմէ:

Սխալ մի՛ տեսնէք պետութիւններու օգտապաշտական մօտեցումը: Քաղաքական խաղին օրէնքներէն է. կա՛մ ողբերգութիւն կը յառաջացնես եւ անկէ կ’օգտուիս, կա՛մ ալ ուրիշներուն ստեղծած, կամ (ինչ որ ձեւով) յառաջացած ողբերգութենէ մը պետականօրէն կ’օգտուիս:

Եթէ չօգտուիս՝ քաղաքականօրէն սխալած կ’ըլլաս: Քաղաքականօրէն կ’այպանուիս իբրեւ տհաս, անփորձ, անատակ: Շրջանի լաւագոյն օրինակներէն մէկը փրակմաթիք Թուրքիան է: Ե՞րբ շատ դաս պիտի առնենք իրմէ:

Քիչ մը շեղեցայ նիւթէս: Կ’ուզէի այս որբացուածներուն միջեւ եղած նմանութիւններն ու տարբերութիւնները ընդգծել: Յամենայնդէպս, համաձայն ենք որ այս դիւրախոցելիներուն տրուած դաստիարակութեան համեմատ ալ արդիւնքներ կ’ունենանք. Այսինքն, ի՛նչ ֆեքթըրիի մէջ կը դնենք հումքը՝ ատոր համեմատ ալ արտադրութիւն կունենանք: Ասոր կ’ըսեն սոշըլ էնճինիրինկ՝ գիտենք: Այսինքն, թէ ուր կ’ուզես տանիլ ընկերութիւնը, հաւաքականութիւնը՝ ատոր համեմատ ուղղութիւն եւ դաստիարակութիւն կու տաս…: Օրինակ, հայ որբանոցայինները:

Եղեռնին հետեւանքով, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով աւելի քան հարիւրհազար հայ որբեր ունեցանք: Ոմանք «որբերու ժողովուրդ» կոչեցին մեզ: Դժբախտաբար, առայժմ, ցարդ, նոյնիսկ յարաբերական համապատկերը չկայ հայ որբերուն ճակատագրին: Բայց գիտենք որ շարք մը որբանոցներու մէջ հայ որբերուն ուսման կողքին տրուեցաւ արհեստի կրթութիւն: Մեր որբանոցայիններէն շատեր, մեր մեծ հայրերը, ատաղձագործութիւն, կօշկակարութիւն, երկաթագործութիւն եւ շատ ուրիշ ձեռային արհեստներ սորվեցան, ոսկի ապարանջաններ անցուցին իրենց ձեռքերուն: Եւ պատեհ առիթին, Երկրորդ Համաշխարհայինի տարիներուն, երբ Միջին Արեւելքի այս երկիրներ ապրանք ներածելը գրեթէ անկարելի էր, այս հայ արհեստատէր որբերը արտադրեցին, բաւարարեցին տեղական շուկային կարիքները, ու փոխադարձաբար օգտուեցան. Սատարեցին տեղական տնտեսական անիւին թաւալումին եւ նիւթապէս վաստկեցան:

Արդիւնքը եղաւ այն որ լիբանահայութիւնը, օրինակ փառաւոր վերելք ապրեցաւ 1950ականներուն, որուն հետեւանքները տեսանք 1960-70ականներուն: Վարձքը կատար իրենց եւ բոլոր անոնց որոնք այդպիսի շինիչ սոշըլ էնճինիրինկ ծրագրեցին եւ անոնց, որոնք լծուեցան այդ ծրագրին գործադրման եւ իրականացման: Քիչ է «վարձքը կատար» ըսել մշակներու, որոնք հայութեան տագնապալի, ճակատագրական, վճռական ու անկիւնադարձային այդ պահուն՝ ողջմիտ կողմնորոշում ունեցան եւ ազգը նորովի շնչաւորող, ազգին յարութեան սատարող տեսլիքն ունենալով օրինակելի նախանձախնդրութեամբ, այդ առաքելութեամբ պարտաւորութիւններ ստանձնեցին:

Եզրակացութիւն պիտի չդնեմ այս մտորումներուս: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛րը թող եզրակացնէ եւ ընէ:

ԴԱՏ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին