Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Օրագրութիւն՝ Օր 14

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 7 Յուլիս 2014

Երէկ պէտք էր գրած ըլլայի: Այցելութիւն մը ահա՝ բարեկամիս, գրագէտ ու մանկավարժ, բազմավաստակ Պէպօ Սիմոնեանին, որ միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր շաքարախտէ: Յաճախ զինք այցելելու սովորութինը ունիմ: Ամէն երթալուս կը կրկնեմ իրեն մեր դասախօսներէն մէկուն ըսածը մեզի երբ բժշկական ուսանող էի Երեւանի մէջ: Այդ կրկնած խօսքս հետեւեալն էր.- Եթէ շաքարախտէ տառապող անհատը յարգէ բժիշկին թելադրանքները՝ կ’ապրի հարիւր տարի …

Իսկ Պէպօն թէ.- Եղբայր, այսպէս ապրելուն հերն էլ անիծած, շաքարախտը ամէն օր կեանքս կ’ուտէ եւ դուն հարիւր տարի կու տաս ինծի որ շարունակեմ տառապի՞լ … Այս ապրիլ չէ եւ շաքարը իմ ոխերիմ թշնամիս է:

Այդ պահուն ներս մտաւ օրուան մասնագէտ բժիշկը որուն հետ համբուրուեցայ ըսելով.-Բժիշկ, այս համբոյրը բարեկամիս լաւ նայելուդ համար է:

Այս բժիշկը բուժող մասաժիստ էր, որ կը դժուարանար իր մասնագիտութիւնը անունով մը որակել: Զի այս գործը բազմաճիւղ է:

Բժիշկը կը շարուանկէր մարցումի իր գործը, մինչ մենք կը խօսէինք գրականութեան մասին: Գրականութիւն, գրականութիւն ահա՛ բուժիչ դեղը շաքարախտին:

Հիւանդութեան շուրջ խօսիլը դադրեցուցինք ու օրուան գլխաւոր նիւթը ձեռք առինք՝ ֆութպօլը.- ինչպէս Ֆրանսան պարտուեցաւ Գերմանիայէն: Որքան երկար  տոկաց Ալճերիոյ խումբը Գերմանական խումբին դէմ:

Զուարաճացանք ըսաւ հիւանդ բարեկամս, մոռցանք շաքարախտին բերած աւերները:

Ես որոշեցի շաքարը անիծող բարեկամիս մասին արձանագրել այս խօսքերը: Որո՞ւն դիմել անոր բուժումին համար: Դարձեալ գրականութեան: Վերջապէս երբ կը խօսէինք գրականութեան մասին, բարեկամս հանգիստ կը զգար ինքզինք:

***************

Վանեցի մըն էր խօսողը: Երբ 1970.ի Օգոստոսին Վանէն վերադարձայ Փարիզ, հետս քիչ մը հող բերած էի երկրէն: Այդ հողը կ’ուզէի մօրս գերեզմանին խառնել երբ մեր երկրացիներէն մէկը մեզի եկաւ բարի գալուստ մաղթեց ինծի: Երկրէն եկած էի, երկրին բուրմունքը առնելու եկած էր:

 Երբ իրեն ցոյց տուի հողը, մարդը խնդրեց, որ այդ հողէն պտղունց մը իրեն տամ: Տուի: Առաւ, երկար նայեցաւ հողին, կարծէք անոր նայուածքը արմատ կը նետէր այդ հողին մէջ, յանկարծ  այդ հողը տարաւ բերանը ու ծամելով կուլ տուաւ ու վրան ալ օխա՜յ, ի՜նչ անոյշ էր ըսաւ:

Այս տեսարանը պարզուած միջոցին զաւակներէս մին մեր մօտն էր, որ ժամանակ մը ետք հարց տուաւ ինծի.- Հող ուտող մարդը այսօր ալ հող կ’ուտէ՞ Հայրիկ:

Պատասխանեցի.- Հող ուտող մարդիկը պակսեցան զաւակս, պակսեցան: Այդ սերունդը հողին համը գիտէր …

Յիշեցի, որ իմ կարգիս Վանայ ծովէն շիշ մը ջուր տարած էի Երեւան, նոյն թուականին: Երբ այդ ջուրէն պզտիկ շիշ մը Հայագիտութեան Պրոֆէսօր Մկրտիչ Մկրեանին տուի.- Ջուրը առաւ ափին մէջ, այդ ջուրով խաչակնքեց  ճակատը, այտերը, ձեռքերը, եւ ըսաւ.- Օխա՜յ մերոնուեցանք, երկրի ջուր էր: Երբ Վանէն պատրաստուեցանք հեռանալ հինգ տարեկան էի:

Արցունք ցոլաց այդ հսկայ մարդուն աչքերուն մէջ:

Իսկ Շիրազը զանգ տալով ինծի պահանջատէրի մը պէս բարձրաձայնեց,

-Լսեցի որ Վանայ ծովէն ջուր բերած կը բաժնես, ես Վանեցի չեմ, բայց այդ ծովը մերն է չէ՞, ինչո՞ւ զիս մոռցած ես: Ամէն հայ վանեցի է:

Երբ լսափողը իր տեղը դրի, անմիջապէս աղջնակիս փոքր շիշով Շիրազին ղրկեցի այդ ջուրէն …

Իսկ երբ կանգառի մը մօտ հանդիպեցայ Վիգէն Խեչումեանին, ան իմ ձեռքս առնելով երկու ափերուն մէջ, սեղմեց որքան կրնար ու ըսաւ.-Թորոս ջան, դուն առաջին Հայն ես, որ մեր օրերուն Երեւանէն Վան գացիր ու Վանէն եկար Երեւան, երկիր մը բուրես տղայ …

Իսկ Մկրտիչեան արձակագիրը պահանջք  ներկայացուց ըսելով.- Մեր տղայ, հոս հոն պատմելով մի՛ պարպուիր, նստէ ու գիրք գրէ տեսածներուդ մասին: Ես գրեցի այդ գիրքը, որ լոյս տեսաւ թէ՛ Հալէպի, թէ՛ Երեւանի մէջ

***************

Ժիրայր Դանիէլեան մատենագէտն էր զանգողը.- Եղբայր, Ամերիկայէն  վերջին երկու գիրքերէդ «Ապրիլ» գրատունը ութնական օրինակ խնդրած է: Այսօր իջեցուր այդ գիրքերը Անթլիասի կաթողիկոսարանի գրատուն, անկէ «Ապրիլ» գրատան հասցէով գիրքեր պիտի ղրկեն քու գիրքերուդ հետ:

Տարի: Դանիէլեանը ժպիտով մը ըսաւ.- Գիրքերդ առանց ծախսի պիտի երթան, ուրեմն փոխարժէք մի՛ սպասեր:

Կողքէս բարեկամ մը ըսաւ.- Հայ մարդը ե՞րբ պիտի սորվի դրամ տալ Հայ գիրքին:

Մինչեւ այդ օրը այդ գիրքերէս 350-ական օրինակ մակագրելով բաժնած էի:

Միայն երկու հոգի դրամ առաջարկեցին, որոնց պատասխանեցի.- Բոլոր բոլորէն փոխարժէք չեմ ստացած, ձեզմէ ալ կը մերժեմ ստանալ: Մէկը միայն անոնցմէ վերնաշապիկիս գրպանիկին մէջ դրաւ փոքր գումարը զայրացկոտ պնդելով.- Հայ գիրքը ձրի պէտք չէ բաժնուի, Հայ գիրքը ստացողը պէտք է վճառէ՛ … Ի՜նչ ըսենք փոխուած ժամանակներուն:

Կը յիշեմ օր մը երբ Փարիզ էի, բարեկամս՝ Գէորգ Պաքրճեան, գիրք մը ցոյց տալով ինծի ըսաւ.- Այս մարդը չեմ ճանչնար, իր գիրքէն օրինակ մը մակագրելվ ղրկած է ինծի, ի՞նչ ընեմ:

Ջութակահար Օննիկ Սիւրմէլեանի գիրքն էր: Ըսի, տուր հազար ֆրանք տանիմ իրեն: երաժշտագէտ մըն է Օննիկը ճողոպրած Տրապիզոնի ջարդէն, եղբայրն է Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանին, չէ՞ք ճանչնար:

Օ՜, ըսաւ ո՞վ չի ճանչնար Լեւոն Սիւրմէլեանը, որ գրած է այս անմահ տողը.- Մեռելներուս որպէս խաչ ես այս ծառը տնկեցի …

Օննիկ Սիւրմէլեանը կ’ապրէր Փարիզէն դուրս: Գնացք նստեցայ ու հասայ գիրքին վրայ արձանագրուած հասցէին: Տեղատարափ անձրեւը չէր խնայեր ոչ ոքի: Սիւրմէլեաններուն դուռը թակեցի խխում եղած վիճակով, երբ դուռը բացին, այս ինչ եղած է ձեզի ըսելով սրբիչ մը նետեցին գլխուս: Լաւ մը սրբուելէ ետք երկարեցի Օննիկին ինծի յանձնուած գումարը, Օննիկ Սիւրմէլեանը բացականչեց.- Բազմաթիւ հասցէներու ղրկած եմ այս գիրքէս, սա առաջին գումարն է, որ կը ստանամ, ի՜նչ բարի մարդ է եղեր այս Գէորգ Պաքրճեանը … այս գրուածքները կրնա՞նք կոչել Սփիւռքեան քանդակներ … դուք որոշեցէք:

Յակոբ Ալեքսանեան բարեկամս Հայաստանէն Հալէպ հասած գիրքեր կը սպասէր ցանկացողներու: Օր մը, Յակոբը զանգեց ինծի ըսելով.- Հաճիս մեզի եկուր, խնդրանք մը ունիմ: Գացի: Բարեկամս երեք հատոր հայրենական գիրք տալով ինծի ըսաւ.- Խնդրեմ, այս գիրքերը Զարեհ Սրբազանին տուր, դրամ չառնես, Հալէպի հայոց Առաջնորդն է:

Գացի: Առաջնորդարանը հնամենի էր: Բարձրացայ երկրորդ յարկ, Սրբազանը սեղանի մը առջեւ նստած կարծէք ստուգումներ կը կատարէր տետրերու մէջ:

Աստուած օգնական ըսելով մտայ ներս ու գիրքերը երկարելով Սրբազանին, անմիջապէս դուրս ելլելու փորձ մը ըրի:

Աստուած պահապան, բայց ո՛ւր կը փախչիս որդեակ, գանձումդ առանց կատարելու …

-Սրբազան Հայր, գիրքերը ուղարկողը պատուիրեց.- Չըլլայ Առաջնորդէն դրամ առնես ….

-Հայ գիրքին համար դրամ տալը պարտադիր է, մանաւանդ հայրենիքէն եկող հայ գիրքին: Ո՞վ գիտէ, այս գիրքերը ի՜նչ դժուարութիւններով հասած են Հալէպ:

Սրբազանը բացաւ սեղանին դարակը ու պատշաճ գումար մը երկարելով ինծի ըսաւ.- Ականչիդ օղ ըրէ, Հայ գիրքը անվճար ոչ ոքի տաս:

Ապագայ կաթողիկոսին պատուէրը չկրցայ գործադրել, բայց դիտողութեան արժանացայ բարեկամիս՝ Յակոբ Ալեքսանեանին կողմէ.- Քեզի չըսի՞ թէ Սրբազանէն դրամ չառնես …

Ընթերցողներ, այս գրութիւնս ալ ձեզի տրուած նուէր նկատեցէք …

Սակայն Զարեհ Սրբազանին կաթողիկոս դառնալը անվերջանալի վէճերու դուռ բացաւ, միութեան կոչերու եւս առիթ տալով:

Քրիստոս սէր է ըսին ու եկեղեցին ալ սէր կը քարոզէ, զոր ոչ միայն լսել պէտք է այլ հիմնականը՝ սէրը ապրիլ ու գործադրել յանուն հայազգի յաւերժացումին: Ո՛վ ականջ ունի լսելու, լուից է …

Այո՜, Էջմիածինէն Անթլիաս կամար կայ: Կամար մըն ալ Անթլիասէն Էջմիածին: Թող այդ կամարը ըլլայ ոսկեծին ու ծիածանի գոյներով կամարէ այդ ճամբան, որ կազմերուն համար անհրաժեշտութիւն է, քանի ազգը մէկ է: Սփիւռքը թուրքը ստեղծեց, մենք չեղանք ստեղծողը: Սփիւռք դառնալը չի նշանակեր երկրէն կտրուիլ: Մեր միասնութիւնը թուրքին տրուած պատասխան մըն է ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք:

Այս պատասխանին պատրաստութիւնը երկար ճամբայ կտրեց, որպէսզի այսօր ըսենք.- Պատասխանը մեր, պատրա՛ստ է:

           ***************

Կարծէք վերի հարցին մասին գրած ըլլայ Լիբանանի մեծագոյն բանաստեղծին սա հետեւեալ խօսքերը.-«Աններդաշնակութիւնը, միութեան եւ համաչափութեան վերածելու համար, ձեր սկզբունքներու նախանձախնդրութիւնը, ձեր հոգիին խաղաղարար մը կրնայ ըլլալ: Բայց ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Անհրաժեշտ է որ դուք ալ խաղաղարարներ եւ ձեր բոլոր սկզբունքներուն սիրահարները ըլլաք:»

Ա՛յս է պատուէրը Խալիլ Ճըպրանին անոր «Մարգարէն» գիրքին մէջ:

Խալիլ Ճըպրան այսպէս կ’եզրակացնէ վերի խօսքը.- «Եւ քանի որ դուք, Աստուծոյ տիեզերքին շունչը եւ Աստուծոյ անտառին տերեւն էք, պատճառին մէջ կեցէք եւ փափաքով շարժեցէք:»

      ***************

Յիշեցի օր մը, երբ Շիրազը կը հանդիպի Վախտանց Անանեան գրողին հարց կու տայ անոր.- Դուք որսորդ էք, ինչպէ՞ս անմեղ թռչունները կը սպաննէք, անասուններ կը սպաննէք, որովհետեւ դուք անոնցմէ աւելի զօրաւոր էք չէ՞ … Խեղճ թռչունները ձեզ սպաննելու ուժը չունին, որ մատով կը թրխկացնէք ձեր զէնքը, ո՞ր մատով …

Վախտանգ Անանեանը կը պատասխանէ.-

-Աջ ձեռքիս ցուցամատով …

Շիրազը թէ.- Ուրեմն ձեր աջ ձեռքի ցուցամատով գրականութիւն կը մշակէք, կենդանիները սիրելու կոչ կ’ընէք եւ նոյն ատեն ցուցամատով թռչուններ եւ կենդանիներ կը սպաննէ՞ք:

Անանեանին պատասխանը.- Այո՛, արջ ալ կը սպաննեմ:

Շիրազը թէ.- Մարդ իր նմանին սպաննէ:

Անանեանը թէ.- Շիրազ դուն պտուղ կը սիրե՞ս:

-Հըպը կը սիրեմ:
-Ձմերուկ, խնձոր, տանձ, խաղող, ծիրան կը սիրե՞ս:
-Հըպը՜, այդ ալ շա՜տ, շատ կը սիրեմ …
-Միայն սիրելը չէ, կ’ուտես նաեւ չէ՞ …
-Հըպը, կ’ուտեմ:
-Ըսէ նայիմ ինչպէ՞ս կ’ուտես:
-Դանակով կը կտրեմ սեխը եւ ձմերուկը, խնձորն ու տանձը եւս, եւ կը սկսիմ ուտել …
-Ուրեմն, դանակով կը սպաննես այդ պտուղները եւ կ’ուտես ու վերջն ալ Արարատի մասին բանաստեղծութիւններ ինչպէ՞ս կը գրես, եղա՞ւ ասիկա: Ուրեմն ես զէնքով , դուն դանակով, ես անբան թռչուն եւ անասուն, իսկ դուն անլեզու պտուղներ սպաննելով զբաղած ենք: Զիս մեղաւոր ու դուն քեզ անմեղ կը նկատես չէ՞, ըրածդ հաւնեցա՞ր …
Խնձորը բոյր ունի, սեխն ու ձմերուկը պապակը կ’անցնէ, այդ ալ անոնց լեզուն է: Հապա խաղողին լեզո՞ւն, խաղողը գինիի կը վերածուի եւ դուն խման մըն ես, խմելով կ’արբենաս ու բանաստեղծութիւններ կը գրես:
Ես ալ կաքաւին ու խոճկորին միսը կը սիրեմ, հասկցա՞ր …
-Հասկցայ Վախտանգ ջան, հասկցայ, որ երկուքս նոյն յանցանքը ունինք, զօրաւոր ենք, տկարները կը սպաննենք, թուրքն ալ մեզմէ զօրաւոր եղած է ու մեզ սպաննած է: ժողովուրդներ բճացուցած է, բոլորս կը բողոգենք, թուրքին մահը կ’ուզենք չէ՞ ընկեր Անանեան: Իսկ թռչունները, կաքաւը, խոճկորը, պտուղները որո՞նց բողոքեն, ի՞նչ ճար գտնեն մեզմէ ազատուելու համար …
-Այսօր նորից կոնծած կը լինես Շիրազ ջան:
-Հըպը …

Այս երկխօսութիւնը յանկարծ չկարծէք երեւակայական էր: Բառերս տարբեր դուրս եկան: Բայց պատահարը ճիշդ է:

Այսօր ալ աշխարհի զօրաւորները որ կը ջարդեն տկարները, կ’ոչնչացնեն քաղաքներ, կը կողոպտեն հնագոյն թանգարաններ, դարաւոր մշակոյթ կ’ոչնչացնեն: Բողոք բարձրացնենք որո՞նց դէմ, զօրաւորներո՞ւն, չէ՞ որ անոնք են ոճրագործները:

Կըմնայ զօրանալ, մեր կարգին սպաննել սորվիլ, դառնալ ոճրագործ այս անգամ ոճրագործները ոչնչացնելու համար …

Այս շղթայական առեղծուածը ո՞վ պիտի լուծէ, որ փոխադարձաբար դարերու երկայնքին կը կրկնուի … կրկնութիւնը կ’ըսեն.- Գիտութեան հայրն է, կ’երեւի տխմարութեան ալ մա՛յրը:

Շարենք անունները գիտնականներու ոսկեշղթային, գիտութիւնը մեզ տարաւ հասցուց լուսնին եւ այլ մոլորակներու, բայց արեւին՝ ո՛չ: Կ’այրէ եթէ շատ մօտենաս, զի արեւը գիտնականներէն ու գիտութիւնէն աւելի զօրաւոր է: Կը շարունակուի անտառի օրէնքը՝ առիւծը կը բզքտէ եղջերուն …

Սէրը ըսին պիտի յաղթէ բոլորին:

Խեղճ սէրն ալ կալանքի տակ է: Կը քարոզեն, կը քարոզեն աւելի քան հազար տարիներէ ի վեր, քարոզներէն զաւակներ չծնան: Կ’երեւի մեր մոլորակին ալ բնոյթը ի սկզբունք եղած է նոյնը: Փոխուիլ չի սիրեր, թէեւ գարնան կը յաջորդէ ամառը …

Ճակատագի՞ր է այս մէկը: Իսկ մարդկութեան ճակատէն, սպիտակ ճակատէն ո՞վ պիտի ջնջէ  ճակտի այս սեւ գիրը: Դարերը պիտի ծնի՞ն, որ այս սեւագոյն բիծը տանի եւ աղբանոցի մը մէջ թաղէ …

Երկիր ու երկինք իրար միացան ու ծնաւ սիրոյ քարոզիչ մը: Երկիրը մերժեց սիրոյ երգիչը, ոչ միայն մերժեց, այլ խաչեց զայն:

Կան նոյն քարոզը որպէս պատգամ շարունակողները հաւատալով կամ առանց հաւատալու, ատով կենսաշահոյթ մը գտնելով:

Տեղէ մը եթէ լսող մը կա՞յ, թող օգնէ բոլոր-բոլորին:

Այլապէս քաղաքակրթութիւնները փճացնելու գործը պիտի շարունակուի եւ ինչպէս մեծ մայիկս՝ Գոհարիկը կ’ըսէր.- Տակաւին այս խմորը շատ ջուր կ’ուզէ երբ ինչպէս մեր ցեղասպանութեան օրերուն Եփրատի եզրին հազարաւորներ ծարաւահար եղան … գիտութեան լոյսը, ակնախտիղ լոյսը որո՞նց համար է, լոկ ջարդարարներո՞ւն …

Այս մտորումները կախաղանի ջուանէ օղակի մը պէս վիզիս կը գրկեն, գրկելով մեռցնելու համար զիս: Բայց նոյնիսկ կախաղանի վրայ այդ վիզիս պլլուած օղակը անզօր պիտի մնայ ինձմէ տարածող յոյսի շարունակելիութեան դէմ: Յոյս՝ մարդ արարածին հանդէպ, որ օր մը վերջապէս սիրոյ լոյսէն մութը ապաստանելիք տեղ մը որոնէ … Ի վերջոյ ասունն է որ խելքի պիտի գայ եւ ոչ թէ անասունը: Զի ձեռնածալ նստիլ ու հրաշքներու հաւատացողները նոյնիսկ անապարտ կ’ըլլան, որքան ջարդարարները:

Հրաշքը մարդ արարածն է, որ պարտի հրաշքներ գործել ու ոչ թէ վայրենանալ վերադարձ մը կատարելով ապաստանելու համար իր նախկին որջին՝ քարայրներու մթութեան:

Ա՞յդ պիտի ըլլար վախճանը գիտութեան վերընթաց թռիչքին, որ է աթոմի ուժին տիրապետողը Ճաբոնի մէջ հարիւր հազարներ փճացնելէ ետք, այսօր որպէս նոր առագեալ կը ներկայանայ , որպէս գայլ ոչխարները պահպանող …

Դեմոկրատիա՜ լոկ բարձրահունչ աղաղակ է:
Թող այդ եզրը գործի վերածուի, ՄԱՐԴՈՒՆ կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին