*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 6 Յուլիս 2014
Արմիկիս ամէնօրեայ այցելութիւնները անդէի թեմէն՝ կը շարունակուին: Այսօր ալ նոր այցելութիւն, այդ շքեղ այցելութիւնը շուրթիս բերին քերթուած մը զոր ձեզ կ’ընծայեմ, ահաւասիկ.-
Անբաժանելի
Երեք տարին դարձաւ անցեալ
Բայց ներկայ ես դո՛ւն, սիրելիս,
Տաւիղ էիր դուն բարեհունչ
Երբ լռեցիր յանկարծօրէն
Բայց հնչիւնները քու տաւիղիդ
Մագնիսուեցան ուղեղիս մէջ
Ու սնունդ են իմ հոգիիս …
Իսկ հոգէառն երբ իմացաւ
Թէ անբաժան ենք յաւիտեան,
Անբաժանը ինչպէ՞ս բաժնել,
Տրտում տխուր որպէս պարտեալ
Փոսթանկի հեռացաւ …
Յաղթարշաւներ կը շարունակուի
Արդէն քանի՜, քանի տարի՜
(Դարեր ըլլան կարծես դարեր)
Խինդ ու խրախոյս տալով ինծի
Սէրն անմահ է, մահը պարտեալ,
Ու յաղթականն ընդմիշտ դուն:
Այսպէս օրը իրիկուն ըրի խինդով անցած հին օրերու հաշւոյն: