Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Օրագրութիւն՝ Օր 11

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 4 Յուլիս 2014

Այսօր, ինծի համար մեծ անակնկալ էր՝ լսել ձայնը Փարիզի մէջ ապրող բարեկամիս շատ մօտէն փըրոմընատ պանդոկէն:

Յուշեր, յուշեր կը թեւածեն օդին մէջ եւ յիշողութեանս պատուհանին վրայ կը գրուին ճամբորդութիւն մը անոյշ երբ 1970 թ.ի Օգոստոսին մենք թռիչք առինք Փարիզէն ու պահ մը հանգիստէ ետք Պոլսոյ մէջ Մարմարային ափերուն թռիչքը մեր շարունակեցինք դէպի Վան:

Սա րոպէին, այդ պատմութիւնը կրկնել չէ նպատակս:

Ահա Պէյրութեան մայրուղիի մէկ ճաշարանի մը սեղանին շուրջ կեանք տուինք անցնող տասնամեակներու բազմահարիւր դէպքերուն՝ մեր կեանքին մէջ ու կեանքին ազգային սեւ, սպիտակ դէպքերուն:

Անձնական դէպքերը ծալքի տակ պահենք: Խօսեցանք ազգային ցաւերու մասին: Նիւթ կը պակսի՞ Փարիզէն մինչեւ Պէյրութ:

Փարիզի մէջ մայր լեզուով օրաթերթ չունինք: Անցեալին ալ կար միայն «Յառաջ»ը: Այսօր ալ կայ միայն «Նոր Յառաջ»ը, որ արդեօք քանի հայու կը հասնի:

Պէյրութի մէջ շունչ մը կայ.- երեք օրաթերթ, մէկ քանի շաբաթաթերթ, ամսաթերթ, գրական պատբերականներ.- Բագին, Կամար, Ծաղիկ …

Վերջապէս շունչ մը, որ լիաթոք շնչել ըլլայ:

Շուտով ժամանէ պիտի հարիւրամեակը Հայոց ցեղասպանութեան, արդեօք հայրենիք, Արցախ, եւ Սփիւռք կարելին ընեն պիտի դիմաւորելու համար պատմութեան մեր մեծագոյն պարտութիւնը, որ պարտադրուեցաւ մեզի Օսմանեան եաթաղանով:

Ի՞նչ է վիճակը մերձաւոր Արեւելքի հայութեան: Հալէպը կրակներու մէջ է, Քեսապ վերադարձ մը կայ, այս գաղութները պիտի կարենա՞նք պահել, Իրաք-Սուրիա բոցերէն կրակ մը կրնա՞յ հասնիլ Լիբանան:

Ժամը եօթնէն մինչեւ կէս գիշեր, վերջին մեկնողները ճաշարանէն եղանք մենք առանց կարենալ լուծումներ տալու վերի բոլոր հարցերուն:

Մեր կեանքը, կեանքը աշխարհին ճիւաղներու ձեռքին է:

Ճակատագիր որ կ’ըսեն սուտ է երբ ճակատագիր պատրաստողները ճիւաղներ են ու բէթրոլի մրցակիցներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին