Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Ապրելու Ուժը»

*ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*

jebejian

«Մայե՛սթրօ, քսանհինգ տարիներ առաջ հանդիպած ենք հօրեղբօրս տան մէջ` Հալէպ…»:

7 յուլիս 2014, Պէյրութի միջազգային օդակայան: Կը պատրաստուէի մեկնելու Երեւան, երբ օդակայանին մէջ հանդիպեցայ Ռոպերթ Ամիրխանեանին: Թէեւ մէկ օր առաջ` յուլիս 6-ի Պէյրութի մէջ տուած իր ելոյթին չէի կրցած ներկայ գտնուիլ, բայց մեծ ուրախութիւն էր հանդիպիլ անոր նոյնինքն օդակայանին մէջ: Նկատի ունենալով, որ երկուքս պիտի մեկնէինք Երեւան եւ նոյն թռիչքով` առաջնորդեցի զինք սպասման բաժին, ու առիթ ունեցանք զրուցելու…:

«Հալէպ քոլեճի բացօթեայ բակին մէջ տուած ձեր ելոյթը շատ լաւ կը յիշեմ, աւելի քան քսանհինգ տարիներ առաջ», ըսի մայեսթրոյին` աւելցնելով. «Եւ որմէ ետք` հօրեղբօրս տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի բնակարանին մէջ մեր հաւաքը…»:

«Էտ ի՞նչ քաղցր յիշատակներ է, որ արթնցուցիր»: Մայեսթրոյին դէմքին վրայ անուշ օրերու վերադարձը ուրուագծուեցաւ, եւ սկսաւ մեր զրոյցը: Թէեւ սկսանք խօսիլ երգի եւ երաժշտութեան, բայց նաեւ մշակոյթի ու անոր հասկացողութեան, ազգային մշակոյթի ըմբռնումին…: Բայց եւ այնպէս կարելի չէր նաեւ չանդրադառնալ հայրենիքին, որուն նկատմամբ մեծ սէր ու նուիրում ունի Ռոպէրթ Ամիրխանեան: «Գեղեցիկ երկիր մը ունինք` բնութիւնը, ջուրը, լեռները…: Ներշնչում են, եւ կապուած եմ շատ զօրաւոր կերպով»:

Ան կը հաւատայ մշակոյթի հասկացողութեան եւ անոր իւրաքանչիւր բաղադրամասին: Եթէ կայ երգը, պարը, բայց Ամիրխանեան կը հաւատայ ամբողջական մշակոյթի հասկացողութեան, անոր համար մեր կենցաղը, ապրելակերպը, արուեստը, երգը, երաժշտութիւնը ու գրականութիւնը կը կազմեն մէկ մեծ ամբողջութիւն: Ու տակաւին ան ամուր կառչած այս «արժէքին»` կ՛աշխատի իր ամբողջ էութեամբ «չկորսնցնել զայն»:

«Մշակոյթ հասկացողութեան կորուստը մեզի համար մեծագոյն կորուստն է: Ճիշդ այս հասկացողութեամբ` ես հարց տուի մեր պետականութեան, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս է մեր ազգային մշակոյթի ինքնութիւնը եւ ուղղութիւնը…»:

Ռոպերթ Ամիրխանեան կը հաւատայ կեանքին ու անոր մէջ մարդուն հաղորդականութեան եւ հաղորդակցութեան արժէքին: Պէյրութի օդակայանի մէջ մեր երկու ժամուան հանդիպում-զրոյցը կարծէք երկար տարիներու բարեկամութիւն մըն էր… Անոր համար բարեկամութիւնը «հոգեւոր արժէք» է` «եսին եւ մենքին հասկացողութիւնն է», ուր ան «կը կիսէ ուրիշին հետ` մենքի մէջ ըլլալու հասկացողութեամբ»:

Բայց կայ նաեւ իմ «խոստովանութիւն- երախտագիտութիւնս»: «Երբ դպրոցական պատանի աշակերտներ էինք, Պէյրութ, Հայաստանէն ժամանած իւրաքանչիւր արուեստագէտ, անոնց համերգներն ու յօրինումները մեր ազգային ինքնութիւնները լիցքաւորեցին: Այս իմաստով ձեր յօրինումները եւ ստեղծագործութիւնները մեր պատանեկան կեանքերուն` այդ օրերէն սկսեալ` հայրենասիրական մեծ թափ տուին»:

Ռոպերթ Ամիրխանեան կ՛ապրի Երեւանէն դուրս` Ուշի գիւղին մէջ, որ մօտաւորապէս երեսուն վայրկեան հեռու է: «Ամէն առաւօտ կ՛արթննամ եւ կը սկսիմ ստեղծագործել: Շատ աշխատանք կայ ամբողջացնելու: Իսկ գիւղական կեանքը աշխատելու եւ ստեղծագործելու յատուկ եռանդ կու տայ…»: Եւ չուշանար սրամիտ ու դիպուկ կատակը. «Երեւի գիւղի արջառներն ալ աւելի լաւ կաթ կ՛արտադրեն` ամէն օր լսելով իմ երաժշտութիւնս…»:

Կը սիրէ բանաստեղծութիւնը: «Անհրաժեշտ է, որ բանաստեղծին եւ բանաստեղծութեան հոգին դուրս հանես, որպէսզի կարելի ըլլայ երաժշտական յօրինում կատարել: Եւ այդ հոգիի իմ երգը լսելով` կ՛աշխատիմ, որ լսողը իր կենցաղին հարազատ մնայ եւ դառնայ ապրելու ուժ ունեցող մարդ»:

Թռիչքի ժամը հասած էր…: Օդանաւին մէջ չէր կրնար առանց աշխատանքի կենալ…: Ձեռքի պայուսակէն հանեց փոքր համակարգիչը եւ սկսաւ աշխատիլ իր յօրինումներուն վրայ: Կը դիտէի մայեսթրոն, մինչ ան կ՛աշխատէր թռիչքի ժամանակ, բայց նաեւ կը մտածէի նոյնինքն «հոգիին» մասին, զոր երեւի կը փորձէր դուրս հանել եւ նոյն «հոգիին» ետին կեցող իր երաժշտութիւնը, որ պիտի տար «ապրելու ուժ»…

Եղած էր աւելի քան ութ տարիներ, որ մայր հայրենիք չէի այցելած…: Կամովին չէր, պարզապէս աշխատանքային զբաղուածութեան եւ ճամբորդական տարբեր գործուղիներու պատճառով: Բայց ուրախ էի, որ կրցայ երկու շաբաթներու ընթացքին Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութիւնը իրագործելու: Շատ բան փոխուած էր իմ վերջին այցելութենէս ետք: Ես ալ կը նայէի ու կը դիտէի չորս կողմս տարբեր տեսադաշտով` եւ երեւի կեանքին շնորհած տարբեր փորձառութիւններով եւ հասունութեամբ: Թումանեան եւ Աբովեան պողոտաներուն վրայ անպայման բարեկամի մը կրնաս հանդիպիլ, բայց մանաւանդ այս օրերուն, երբ բաւական մեծ թիւով հալէպահայ ծանօթներ ալ Հայաստան են: Հայերէն է չորս կողմը ու տակաւին` քրիստոնեայ…: Մեր միջին արեւելեան տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ մանաւանդ այս իրականութիւնները «ապահովութիւններ» են…: Հանրապետութեան հրապարակի կեդրոնը իւրաքանչիւր երեկոյեան երաժշտական-ջուրերու այսպէս ըսած «մենահամերգները» գրաւիչ են, բայց նաեւ ինչքան կանաչ է Երեւանը…: Այցելութիւններ յաջորդեցին իրարու` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նախարարութեան աշխատանքային անձնակազմին, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատուին հետ: Ազգային թանգարան, Հայ աւետարանական եկեղեցի եւ Աւետարանական կեդրոն, Հայ կաթողիկէ եկեղեցի, «Սիվիլիթաս», «Ազգ» շաբաթաթերթ, «Սփիւռք» գիտաուսումնասիրական կեդրոն, Ամերիկեան համալսարան, Ցեղասպանութեան թանգարան, «Տար 12» եւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայաններ, «Հայերն այսօր», Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տուն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնատեղի, «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօն ու տակաւին…:

Պէտք էր այցելէի  Արցախ, որպէսզի կարենայի վայելել եւ ըմբոշխնել գեղեցիկ լեռներն ու բնութիւնը եւ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը «Լեռնային»  կոչուած է…: Պետական, քաղաքական ու ընկերային կառոյցներու աստիճանական զարգացումով` Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կամաց-կամաց միջազգային ընտանիքին կը պարտադրէ իր ամբողջական եւ իրաւական ճանաչումը:

Բայց անհրաժեշտ էր զգալ եւ կիսել ժողովուրդի տրամադրութիւնը, եւ լաւ ձեւերէն մէկը հանրային ինքնաշարժներու վարորդներուն հետ զրոյցն է: Կայ շատ արագ կերպով հաստատուա՞ծ հաղորդականութիւն, ուր արդէն կեանքի փորձառութիւնը եւ պատմութիւնը կը կիսուի, եւ կը դառնաս բարեկամը Սուրիկին, Ռազմիկին, Գէորգին, Կարոյին եւ ուրիշներու: Մասնագիտութիւննե՞րը` լրագրող, ճարտարապետ, բանասէր ու տակաւին այլ…: Եթէ գործ չկայ, բայց կայ գործ ստեղծելու եւ առանց «ամչնալու աշխատանքի նետուելու եւ աշխատելու տրամադրութիւնը»: «Պիտի ապրինք»-ը եղած է կարգախօս, եւ կ՛ուզեն ամէն գնով օրապարհիկը ճարել…: «Հինգ տարի Կիպրոս ապրեցայ», Սուրիկն է խօսողը, «հիմա վերադարձայ Երեւան եւ կ՛ուզեմ հայրենիքիս մէջ աշխատիլ եւ ապրիլ: Տունս հոս է…»: Սուրիկը իր վարորդի աշխատանքին մէջ կը տեսնէ ու կը գտնէ իր «ապրելու ուժը»…:

Դժուարութիւններ նաեւ առկայ են մայր հայրենիքին մէջ…: Բայց ո՞ւր եւ ո՞ր երկրի մէջ այդպէս չէ…

Եւ այս դժուարութիւնները` իմա՛ մարտահրաւէրները` Հայաստանի մեծ ու համընդհանուր «համայնապատկերին» մէկ մասն են… Եւ հայրենի իրականութիւնը պէտք է դիտել այս մեծ ու համընդհանուր «համայնապատկեր»-ի պրիսմակէն` զայն պահելու եւ զօրակցելու տրամադրուածութեամբ…:

Լաւապէս դիտեցի այս «համայնապատկերը» հայրենի հողին վրան, բայց վերադարձայ այդ պահէն երկու շաբաթ առաջ մայեսթրոյին հետ իմ հանդիպումիս, երբ ան դուրս կը հանէր «հոգին»` եւ նոյն այդ «հոգիին» տուն տուող «ապրելու ուժը»: Հայրենի հողին վրայ ես ապրեցայ-վերապրեցայ «ապրող (ապրելու) այս ուժը», որ մեր ազգային-մշակութային պատմութեան տուած է զօրաւոր սլացք եւ հասուցած է մեզ մինչեւ օրս…:

Այսօրը այս է, հապա՞ վաղը…:

Մայեսթրոն է դարձեալ…:  «Այս ապրելու ուժով մենք կրնանք շարունակել մեր պատմութիւնը: Եւ այս պատմութիւնը մեզի համար սրբազան է, որովհետեւ մեր հայրենիքի երջանկութեան պատմութիւնն է…»:

«Ապրելու ուժը» եւ «հայրենիքի երջանկութեան պատմութիւնը»: Իրարմով եւ զիրար ամբողջացնող երկու անբաժանելի իրականութիւնները:

Ռոպերթ Ամիրխանեանի «ապրելու ուժը», նաեւ` իւրաքանչիւր հայու…: Եւ հայրենիքի «հոգիով» է, որ հայը իր «ապրելու ուժը» պիտի կերտէ: Բայց այս «ուժը» նաեւ պիտի ներարկէ կարողութիւն` շարունակելու համար «հայրենիքի երջանկութեան պատմութիւնը»:

 

 

 

 

 

 

 

RSS FEED

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին