Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տիգրան Մանսուրեանը` Դաւոսի Փառատօնին

Տասնամեակներ շարունակ հայ երաժշտութեան զարգացման եւ հանրայնացման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցող ՀՀ ժողովրդական արտիստ, երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան 2014 թուականի Օգոստոս 1-14 գտնուած է Զուիցերիոյ Դաւոս քաղաքքը ` իբրեւ Դաւոս միջազգային երաժշտական փառատօնի «Composer in Residence» (սա այն պատուաւոր հեղինակն է, որուն ստեղծագործութիւններու շուրջ կը ծրագրուին փառատօնի համերգները):

Խօսելով փառատօնի կազմակերպման ու դրան հայ երաժիշտներու մասնակցութեան մասին` Տիգրան Մանսուրեան Հայելի.am-ին ըսած է. «Կարեւոր եմ համարում նշել, որ մինչեւ Դաւոս քաղաքի միջազգային փառատօնին իմ մասնակցութիւնը, այդ փառատօնին իբրեւ դաշնակահար եւ կոմպոզիտոր Հայաստանից մասնակցել է երիտասարդ տաղանդաւոր կոմպոզիտոր, տեսաբան եւ դաշնակահար Արթուր Աւանեսովը»:

Զուիցերիոյ Դաւոս քաղաքի եւ անոր յարակից շարք մը բնակավայրերու մէջ հնչած են Տիգրան Մանսուրեանի մեծ թիւով գործեր: Անոնց կատարման մասնակցած են այսօր արդէն միջազգային անուններ դարձած «Meta 4» լարային քառեակը Ֆիլանտիայէն, «Cavatine» քառեակը ֆրանսայէն, «Schumann» քառեակը Գերմանիայէն, «Trio Rafale» եռեակը Զուիցերիայէն: Զուիցարական երգչախումբի կատարմամբ հնչած է (ի դէպ, հայերէն բնագիրով) չարենցեան «Արուեստ քերթութեան» խմբերգերու շարքը` ղեկավարութեամբ արդի խմբերգային արուեստի նշանակալի դէմքերէն մէկուն` Անդրէաս Ֆելբերի: Նշենք, որ այս գործը, թէ՛ երգչախումբի ցանկութեամբ եւ թէ՛ ունկնդիրներու պահանջով, համերգային ծրագրէն դուրս եւս երկու համերգներու հնչած է: «Ես երջանիկ էի, որ փառատօնում այնքան հրաշալի հնչեց չարենցեան հայերէնը՝ մեր լեզուին չտիրապետող երգչախմբի կողմից:-Ըսած է Մանսուրեան:-Համերգին ներկայ մասնագէտներէն լսեցի, որ չարենցեան այդ շարքի կատարումը փառատօնի բարձրակէտը կարելի է համարել: Շնորհակալ եմ երգչախումբին եւ անոր ղեկավար անդրէաս Ֆելբերին եւ յոյսով եմ, որ մեր ստեղծագործական համագործակցութիւնն իր շարունակութիւնը կ’ունենայ»:

Փառատօնի մասնակից կատարողներու շարքին հարկ է նշել նաեւ մեծանուն ջութակահար Իլիա Գրինգոլցը, որ հնչեցուցած է Մանսուրեանի Ջութակի առաջին կոնսերտը: Փառատօնին կատարուած Մանսուրեանի ծաւալուն երկերէն էին նաեւ «Agnus Dei» եւ «Con anima» կամերային գործերը, ինչպէս նաեւ ալտի եւ հարուածային նուագարաններուի համար գրուած  շարք մը աւելի փոքր ծաւալի ստեղծագործութիւններ:

Ինչպէս կը վկայէ զուիցերական մամուլը, եօթանասունհինգամեայ հայ երաժշտահանը դարձած է երիտասարդ կատարողներու եւ ունկնդիրներու սիրելին, եղած է եւրոպական ԶԼՄ-ներու ուշադրութեան կեդրոնին է` զրոյցներ վարելով թէ՛ իր երաժշտութեան, թէ՛ հայ երաժշտական արուեստի մասին՝ ընդհանրապէս:

www.hayeli.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին