Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի Աշխատանքային Նիստը Զմմառու Վանքին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական աշխատանքային նիստը գումարեց Զմմառու վանքին մէջ մասնակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու վանքի մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի։

Այս ժողովին, ՌԱԿ-ը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի մէջ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը:

Օրակարգը կը վերաբերէր միօրեայ խորհրդաժողով-համագումարի, որ կը նախատեսուի կազմակերպել յառաջիկայ աշնան։ Խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուին զեկուցումներ, Ցեղասպանութեան վերաբերող` Զմմառի արխիւատան մէջ գտնուող փաստաթուղթերուն, Վատիկանի արխիւներուն, եւ Լիբանանեան մշակութային ու հոգեւոր տարբեր կեդրոններու մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներուն։ Իբրեւ զեկուցաբերներ նկատի առնուած են Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ  իտալիայէն գիտաշխատողներ։

Համագումարի բաժինը առաւելաբար կը վերաբերի 100-ամեակին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն։Կը ծրագրուի հրաւիրել նաեւ միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին