Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ի Յուշ Նորոգ Հանգուցեալ Դաստիարակ Երուանդ Պապայեանի

*ԴՈԿՏ.  ԶԱՒԷՆ ԱՒԱԳ  ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ*

Father-Zaven

«Կեանք ընդ մահու փոխարկելով»
Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ

Օգոստոս 14-ին, համազգային յուղարկաւորութիւնը կատարեցինք Տնօրէն եւ Դաստիարակ 101-ամեայ Երուանդ Պապայեանին խուռներամ մտաւորականներու ներկայութեան։ Արդարեւ մեծ ուսուցչին, մտաւորականին, գիրքերու հեղինակին եւ անզուգական դաստիարակին կը վերաբերի Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին յիշեալ դրուատիքը՝ «Մահը կեանքի վերածելով»։ Երուանդ Պապայեան եղաւ ճշմարիտ այն անձը որ չծերացաւ, մնաց մշտարթուն իր հայ մշակոյթի եւ հայրենասիրութեան պատուանդաններուն վրայ բարձր եւ պարթեւահասակ։ Իր համակ կեանքը մահ չճանչցաւ, այլ «մահը կեանքի վերածեց»։

Մասնակցեցայ յուղարկաւորութեան եւ հետեւեցայ այդ մեծ մարդու դագաղին՝ հիացումով եւ ոչ արտասուքով։ Յիշեցի ասկէ 58 տարիներ առաջ, իբր նորընծայ հոգեւորական, մասնակցած ըլլալս նաեւ այլ յուղարկաւորութեան մը եւ հետեւած անոր դագաղին եւս։ Երուանդ Պապայեանի լուսահոգի հօր Տ. Ներսէս Աւագ Քհնյ. Պապայեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգն էր այդ Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Երէկ մտովի ըսի՝ «հայր ընդ որդւով բերկրեալ»։

Այնթապէն մազապուրծ ազատած հարիւրամեակ մը առաջ քաջարի Տ. Ներսէս Աւագ Քահանայ Հայրը իր ընտանիքը Հալէպ կը փոխադրէր ուր Երուանդի նորաբողբոջ կեանքը ծլարձակուեցաւ իր հօր խնամքին տակ որպէս իր «առաջին դաստիարակը» ինչպէս ինք նշած է յաճախ։ Շատեր կենսագրական մը ձգելով իրենց ետին կը մեկնին այս աշխարհէն, սակայն Երուանդ Պապայեան, պատուախնդիր, ուսումնատենչ եւ բացառիկ աշխատունակոււթեամբ, նուաճելով հեռաւոր երկրա-մասեր անարձակուրդ իր այցելութիւններովն ու գործունէութեամբ, իր ետին շատ աւելին կը թողու, դպրոց մը ամբողջ, քանի որ իր կեանքը եղաւ դպրոց բոլորիս համար, առանց անպայման իր հարիւրաւոր աշակերտներէն մին ըլլալու։

1957-ի գարնան այցելեցի Պէյրութի Թէքէեան Վարժարանը հանդիպելու Տնօրէն Պրն. Երուանդ Պապայեանին, երբ Եգիպտոսի Առաջնորդ երջանկայիշատակ Մամբրէ Արքեպիսկոպոսէն հրաւէր եկած էր Եթովպիա որպէս հոգեւոր հովիւ մեկնելու։ Պրն. Պապայեանի համեստ տեսչարանը աշխատանքի սեղան մըն էր լոկ, եւ երբ զբօսանքի ելած հարիւրաւոր աշակերտներն ալ տեսնելու պատեհութիւնը ունեցայ իր հետ, հպարտութիւնս արտայայտեցի նեղ պայմաններու մէջ լայնսիրտ եւ արդիւնաւոր աշխատանք տեսնելով ամենուրեք՝ նայուածքին տակ պատկառելի տնօրէնին։ Ըսաւ թէ Եթովպահայ գաղութը բարեկեցիկ էր, եւ եթէ կրնայի մտքիս մէկ անկիւնը վառ պահել իր խնդրանքը Թէքէեան Վարժարանին նիւթապէս օժանդակելու։ Հոն գտայ Տիկնանց Բարեսիրաց Միութիւնը որուն մէկ ժողովին նախագահելով յայտնեցի Պրն. Պապայեանին խնդրանքը։ Ընթացք տրուեցաւ եւ յատուկ նպաստ մը ուղարկեցին։ Ես մոռցած էի։

Ուղիղ տաս տարի առաջ երբ պաշտօնով Փասատինա եկայ, 40 տարիներ Արեւելեան Թեմ ծառայելէս ետք, եկեղեցւոյ կից Յովսէփեան Վարժարանի մէկ ցերեկոյթին ներկայ եղան նաեւ Տ. եւ Տիկ. Երուանդ եւ Ռոզին Պապայեանները։ Նոյն յաղթանդամ եւ ժպտերես հեղինակութիւնն էր, առաւել գաւազան մը ձեռքին։ Զիս տեսնելով անմիջապէս իմ մոռցածս ինք չմոռցաւ, ըսելով որ դուք եղաք միակը որ ձեր խոստումը կատարեցիք եւ նիւթապէս օժանդակ եղաք յանուն Եթովպիոյ գաղութին։

Պապայեան հանդիսացաւ համազգային անձնաւորութիւն։ Այցելեց ամենէն հեռու երկիրները յանուն հայ դպրոցին եւ մշակոյթին որպէս իսկական դաստիարակ եւ մտաւորական։ Եղաւ աջ բազուկը մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանին ամէն տեղ Բարեգործական Մեծ Միութիւնը կեանքի կոչելով՝ բովանդակ վստահութիւնը շահելով մեր բարերարին։ Եթէ գիտնաք թէ քանի անգամ Աւստրալիա եւ կամ Հարաւային Ամերիկա այցի ելած է միայն յանուն հայրենասիրութեան եւ հայ մշակոյթին, պիտի զարմանաք։ Եկաւ անշուշտ Միացեալ Նահանգներ եւս։

Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ համայնքին հովիւն էի 70-ական թուականներուն երբ Երուանդ Պապայեան քաղաքս ժամանեց, գտաւ զիս եւ ես միայն երախտագէտ սիրով կրնայի դիմաւորել զինք։ Գիտէր թէ Ֆիլատելֆիոյ մէջ Այնթապցի հայրենակից մը ունէր, յայտնի ճարտարագետ Հերրի Գլճեան, որուն հետ իմ կապը որդիական մնաց միշտ երբ սկիզբէն մեր խնդրանքին վրայ Ֆիլատելֆիոյ նորակառոյց Ս. Երրորդութիւն հայադրոշմ եկեղեցւոյ ճարտարապետական նախագիծերն ու յարակից բոլոր նախադրեալները ձրիաբար կատարած էր իր հաստատութեան ճարտարապետներուն միջոցաւ։ Իր հիմնարկը արտասահմանեան Power Plant-ներու կառուցման յայտնի կեդրոնն էր Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Ժամադրուեցանք Պրն. Գլճեանի հետ եւ Պրն. Պապայեանը առաջնորդեցի իր հայրենակիցին մօտ։ Այնթապի վառ յուշերով զիրար ողջունեցին՝ հպարտութեամբ եւ անցեալի մտերիմ յուշերով։ Անտարակոյս Պրն. Հերրի Գլճեան սատար հանդիսացաւ մեծ ուսուցչի առաքելութեան։

Մօտիկ անցեալին նշեցինք Երուանդ Պապայեանի ծննդեան 100-ամեակը իր եւ տիկնոջ ներկայութեան Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս Ս. Պատարագի մատուցմամբ, որուն յաջորդեց յոբելինական յատուկ յայտագիր Զօրայեան Թանգարանի սրահին մէջ։

Հանգուցեալին դագաղին կը հսկէին իր պատկառելի եւ անմոռանալի նկարն ու կողքին ի մի հաւաքուած մեծադիր շրջանակի մը մէջ իր տարիներու ընթացքին ստացած տասնեակ մը եւ աւելի արժանեաց շքանշանները՝ հայ հոգեւոր կեդրոններէն, համալսարաններէն, միջազգային հիմնարկներէն եւ պետական շրջանակներէն։ Անոնց մասին խօսք մը անգամ չէինք լսած իրմէ որ իսկական մեծութիւն մըն էր ինքնին իր համեստութեան եւ բացառիկ հեղինակութեան շնորհիւ։ Դպրոց մըն ալ այս մէկը։

Երուանդ Պապայեան չի մեկնիր, այլ միայն կը հեռանայ, եւ հեռուէն աւելի կը գեղեցկանայ երկնային լոյսերուն մէջ։

Կլէնտէյլ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին