Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սիրոյ Պանթէոն՝ Վահան Թէքէեան Սիրոյ այն Բանաստեղծը, որ Յոյզերու Աշխարհէն Խոկումի Տիեզերք մը Բացաւ

tekeian

Գերազանցապէս սիրոյ եւ խոհականութեան բանաստեղծը եղաւ Վահան Թէքէեան, որուն ստեղծագործութիւնը խորապէս ապրուած յոյզերու խոհուն, այլեւ խոկումի գեղեցկագոյն աշխարհ մը բացաւ հայոց սերունդներուն առջեւ։

Ամէնէն անձնական սիրոյ զգացումներն անգամ Թէքէեան գեղեցկօրէն բացաւ ընթերցողին առջեւ եւ երգ տուաւ իւրաքանչիւր սիրահարի, որպէսզի իր սեփական յոյզերը արտայայտելու եւ լիանալու իրա՛ւ ու անկրկնելի պահերը ապրի։

Ո՜վ չէ ապրած Թէքէեանի «Անունդ» խորագրով բանաստեղծութեան վերծանած յուզաշխարհը՝

Ինչո՞ւ անունըդ այստեղ չըկարենա՜մ գրել ես
Եւ աշխարհի չյայտնեմ, թէ քեզ ինչպէս սիրեցի…
Երկու վանկերը անոր ես կը զուրցեմ
գաղտնապէս,
Եւ ան ամբողջ կը թըվի սիրոյ մատեան մը ինձի…
Ինչո՞ւ անունըդ այստեղ չըկարենամ գրել ես…։

Հիմա, հեռո՛ւ իրարմէ՝ միայն անունըդ ունիմ
Բերնիս վըրայ, համբոյրի մը պէս 
աննիւթ եւ անուշ…
Գիշեր ատեն, սենեակիս մենութեան մէջ մտերիմ,
Ես զայն կ՛ըսեմ եւ ահա՝ քեզ կը տեսնեմ 
քաղցրայուշ…
Հիմա, հեռու իրարմէ՝ միայն անունըդ ունիմ…։

Գեղեցկութիւնդ ու իմ սէրս յօրինեցին զայն կարծես…
Սիրտս՝ իր անդուլ տրոփմամբ 
անընդհատ զա՛յն կը հեգէ
Թէպէտ վաղուց մտքիս մէջ քեզ 
ամբողջ գոց գիտեմ ես.
Քեզ չըճանչցած ունէի՞ր դուն այդ անո՛ւնը միթէ…
Գեղեցկութիւնդ ու իմ սէրս յօրինեցին
զայն կարծես…։

Ո՛չ, չեմ ուզեր, չեմ կրնա՜ր ես 
զայն յանձնել աշխարհի.
Երկու վանկովն իր կ՛ուզեմ խնկել 
իմ կեա՜նքս միայն,
Եւ երբ վերջի՛ն արեւիս վերջին ճաճա՛նչը մարի՝
Անունդ ի շուրթ դեռ կ՛ուզեմ ողջունել այգը մահուան.
Ո՛չ, չեմ ուզեր, չեմ կրնա՜ր ես զայն
յանձնել աշխարհի…։

Կողքի գեղանկար՝ JANSEM

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին