Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Օրագրութիւն՝ Օր 8

*ԹՈՐՈՍ  ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

 Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 29 Յունիս 2014

Հանդիպում մը ունեցայ Քեսապէն գեղանկարիչ Հրաչ Այնթապլեանին հետ, որ այս գիւղախումբին ազատագրուելէն երկու օր ետք մեկնելով Քեսապ, իր ականատեսի տպաւորութիւնները պատմեց ինծի:

Հրաչ ականատես եղած էր փլատակներու, համատարած կողոպտումի, տուներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու պատերուն վրայ արաբերէն լեզուով լուտանքներու, սպառնալիքներու եւ նոյնիսկ քանդուած գերեզմանաքարերու:

Կորսուած էր, չկար կիսանդրին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ին, որ գործն էր Արա Շիրազ քանդակագործին:

Քանդած էին դամբանը Հայ Կաթողիկէ վարդապետ Գլընճեանին ու անոր ոսկերոտիքը հոս ու հոն նետած:

Հրաչ ականատես եղած էր թուրքական փասփորթի մը եւ Սէուտական Արաբիայէն ղրկուած կերակուրի  ծանրոցներու, որոնց վրայ գրուած էր .- Նուէր Սէուտական Արաբիայէն:

Նման մակագրութեամբ Քաթարէն ղրկուած էր շարժական հիւանդանոց մը իր բոլոր յարմարութիւններով, բուժական առաջին օգնութիւն մը ցոյց տալու, ելուզակ վիրաւորներուն մինչեւ որ ենթակաները հասցնէին մօտաւոր Թուրքիա:

Տակաւին, Հրաչ ականատես եղած էր թուրքական մակնիշով ջարդուած տասնեակ մը շտապ օգնութեան մեքենաներու:

Խօսող ապացոյցներ փլատակներու մէջ ցոյց տուող, որ քանդիչ արշաւողներ ամէն կողմ ուզած էին Հայկական գիւղերը վերածել անապատի:

Հրաչ լուսանկարած էր այդ տեսարանները, 21-րդ դարի նոր վայրագութիւնները:

Նոյն օրը այցելեցի Հայկազեան Համալսարան, որուն գեղարուեստի Մաթոսեան սրահին մէջ տեղի կ’ունենար գեղանկարչական ցուցահանդէս մը, մասնակցութեամբ  հայ եւ արաբ արուեստագետներու գործերուն ի նպաստ Քեսապի մէջ տուժած մեր հայրենակիցներուն:

Տեղ մը քանդում ու կողոպուտ, սպաննութիւն, այլ տեղ գեղանկարչական ցուցահանդէս: Կեանքի պատկերներ, ուր իւրաքանչիւր կողմ իր իսկ ձեռքով իր պատկերը կը հիւսէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին