Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Հանրապետութիւն Պաշտպանութեան Նախարարի Ուղերձը Երիտասարդներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով երիտասարդներուն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի.   «Սիրելի՛ երիտասարդներ, Հայկական բանակը, որ հսկայական զոհողութիւններու գնով կայացաւ եւ յաղթեց արցախեան ազատամարտին մէջ, իսկ տագնապալի այս օրերուն իր հերոսական առաքելութիւնը փայլո՛ւն կերպով կատարելու ատեն ամէն վայրկեան իր թիկունքին զգաց իսկապէս համաժողովրդական աջակցութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի մեծագոյն երիտասարդական կառոյցն է: Եւ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, ամէն վայրկեան զգալով Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները երիզող մարտական դիրքերուն վրայ հակառակորդին դիմաց կանգնած 18-էն 20 տարեկան զինուորներուն, պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն կատարողներուն եւ երիտասարդ սպաներուն վստա՛հ շնչառութիւնը, տեսնելով անոնց երիտասարդ, բայց խուճապի նշոյլ իսկ չկրող համարձակ դէմքերը, յիշելով անոնցմէ առաջ այդ խրամատներուն մէջ կանգնած մարտիկները, եւ բոլորդ շնորհաւորելով Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով, պարզ մարդկային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, հայրենիք եւ ժողովուրդ պաշտպանել կարենալու, Հայաստան եւ Արցախ բառերը լսելով` մեր սերունդին պէս ամէն զոհողութեան պատրաստ ըլլալու համար: Դժուարին պահերուն երիտասարդութիւնը կ՛առաջադրէ նոր գաղափարներ, կ՛ընտրէ զանոնք կեանքի կոչելու ուղին, եւ կը խորհրդակցի իրենց իմաստութեամբ զգուշացնելով հեռու մնալու տարբեր փորձութիւններէ, թիկունք կը կանգնին ձեզի: Ձեր աւիւնն ու եռանդը, ձեր նուիրուածութիւնը ազգային եւ համամարդկային արժէքներուն, եւ միաժամանակ նոր, յաճախ առաջին հայեացքէն աւելի քան համարձակ թուացող գաղափարներն են, որոնք կը կամրջեն հայութիւնը` ստեղծելով այն հիմքը, որուն վրայ պիտի խարսխուի հայկական համաժողովրդական բանակը եւ պիտի դիմագրաւէ հայութեան սպառնացող ամէնէն տարբեր նենգ վտանգները: Անկախ սերունդներէն, մենք նոյն ուղին ընտրած ենք, եւ վստահ եմ, որ ոչ մէկ գայթակղութիւն կամ փորձութիւն մեզ պիտի չշեղէ այդ դժուարին, բայց ճակատագիրով մեզի՛ վերապահուած ճամբէն»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին