Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները` ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

*ՅԱԿՈԲ  ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*

Vartivarian

Մեր կուսակցութիւնը խորհրդանիշը

կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի

միասնականութեան ոգիին. ան ժխտումն է

հայ ժողովուրդին վերագրուած անմիաբանութեան

սխալ վարկածին։

Երուանդ Պապայեան

ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Ծնած է Մայիս 25, 1913ին Այնթէպ։  Զաւակն է Ներսէս Ա. Քահանայ եւ Երիցուհի Նեկտար Պապայաններու։  Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան եւ Հայկազեան վարժարաններու մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը` Հալէպի Ֆրանսական Լիսէ Վէյկանի մէջ աւարտելով 1933ին։  Կիլիկեան վարժարանին որպէս ուսուցիչ ծառայած է 1933-1940 տարիներուն, իսկ որպէս տնօրէն` 1940էն մինչեւ 1953։

Հիմնադիրներէն է Հալէպի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, որուն ատենապետը եղած է հիմնուած տարին 1935ին։  Հիմնադիրներէն եղած է նաեւ Հալէպի առաջին մշակութային հայ երիտասարդական միութեան` «Արեգ» անունով։

Պապայեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է հայրենական պատերազմի (Համաշխարհային Բ. Պատերազմի) տարիներուն Սասունցի Դաւիթ  Զօրասիւնի հանգանակութեան աշխատանքներուն, Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ Զարեհ Սրբազանի հովանաւորութեամբ։  Մաս կազմած է Հայ Դատի հետապնդումին համար կազմուած Ազգային Խորհուրդին եւ այդ հանգամանքով մասնակցած է Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) մէջ գումարուած խորհրդաժողովին որպէս սուրիահայութեան ներկայացուցիչ ու այս առթիւ այցելած է Գահիրէ, Երուսաղէմ, Հայֆա, Եաֆա, Թել Աւիւ եւ Պէյրութ։

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Ընտանեօք Պէյրութ փոխադրուած են 1953ին։  Երուանդ Պապայեան ամուսնացած է Ռոզին Գապաքեանի հետ եւ բախտաւորուած` երեք զաւակներով. Դոկտ. Սիլվա (Գարայեան), Ներսէս եւ Արա։  Բարեբախտութիւն եղաւ Պապայեանի համար իր զաւակները տեսնելու ազգային հասարակական կեանքէն ներս։  Այսպէս դուստրը` Սիլվան, որպէս կրթական մշակ բերաւ իր ծառայութիւնը մեր կրթական կեանքէն ներս, Ներսէս, շրջան մը մաս կազմեց Պոստոն հրատարակուող ՌԱԿ «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, իսկ Արան բոլորանուէր ծառայութիւն կը բերէ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի եւ անոր թատերական շարժումներուն։  Ներսէս եւ Արա հաւատաւոր, օրինապահ եւ կարգապահ անդամներն են Ռ. Ա. Կուսակցութեան։  Իսկ Ներսէսի շնորհալի դուստրը` Թալին կը շարունակէ պահել ընտանեկան ազգային աւանդոյթները` ծառայելով հայ մամուլին ու բեմին։

1953-54ին հետեւած է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Հայագիտութեան եւ Արեւելեան Դպրութեան դասընթացքներուն եւ ստացած է համալսարանական վկայական «Շատ Լաւ» գնահատականներով։  1961ին մանկավարժական ճիւղին մէջ մասնագիտանալու համար դասընթացքներու հետեւած է Centre International d’Etudes Pédagogiques համալսարանին մէջ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան միջնորդութեամբ։

ԹԷՔԷԵԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՏՆՕՐԷՆ ՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին ծառայած է որպէս տնօրէն 32 տարի սկսելով Պէյրութ փոխադրութեան օրէն` 1953ին։

1967-1971 տարիներուն վարած է ատենապետութիւնը Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան։  Այդ չորս տարիներուն, կազմակերպուած են համազգային առումով բարձրորակ մշակութային եւ յոբելենական հանդիսութիւններ, փառատօներ, որոնք որակ մը եւս աւելցուցին այլապէս հարուստ լիբանանահայ մշակութային տարեգրութեան էջերուն։  Իր օրով եւս հայրենի մտաւորականներ ու մշակութային գործիչներ այցելեցին Լիբանան եւ հայրենասիրութեամբ խանդավառեցին, արդէն իսկ Հայ Սփիւռքի սիրտն ու միտքը նկատուող` լիբանանահայ գաղութը։

1970ին Վահան Թէքէեանի մահուան 25ամեակին առիթով դասախօսութիւններով առաջին անգամ այցելած է Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախաձեռնութեամբ։ Տեղւոյն ԹՄՄի մասնաճիւղերու հրաւէրով ու օգնութեամբ կազմակերպած է նուիրահաւաք Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի շինութեան եւ Վահան Թէքէեան վարժարանի կարօտեալ սաներու օգտին։

Մա´նաւանդ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը եղած է սրտամօտիկ կրթական հաստատութիւնը ամերիկահայ մեր շրջանակին համար։  Նախ վարժարանի հողի գնման ու ապա` վարժարանի շինութեան համար նախաձեռնութեամբ Անդրանիկ Լ. Փոլատեանին կազմուած են Վահան Թէքէեան Վարժարանի Օժանդակ Մարմիններ Նիւ Եորք, Պոստոն ու Ֆրեզնօ։  Մեծագումար նուիրատուութիւններ հանգանակուած են կրթանուէր ազգայիններէ ու նաեւ` ամերիկաբնակ ռամկավար ազատականներէ։  Պապայեանին համար հեշտ եղաւ նուիրահաւաքի աշխատանքը տանիլ, որովհետեւ արդէն այդ ուղղութեամբ աշխատանքի գետինը պատրաստ էր ու պարարտ։  Այս աշխատանքներուն նպաստեցին նաեւ Պոստոնի Ս. Երրորդութիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեանն ու  երէցկին` Ազատուհին։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

1972ին, Ամերիկաբնակ Այնթէպցիներու կեդրոնական վարչութեան որպէս ներկայացուցիչ` կատարած է Հայաստանի «Նոր Այնթէպ» աւանի վարագոյրի եւ ժանեակի գործարանին հիմնարկէքը։  1974ին, ՀԲԸՄի եւ ԹՄՄի ներկայացուցիչի հանգամանքով այցելած է Հարաւային Ամերիկա, ուր գաղութը նոր զարթօնք մը սկսած էր ապրիլ, շնորհիւ գաղափարապաշտ նոր սերունդի մը` Նահապետ Նահապետեանի, Աւետիս Պարսամեանի, Աւետիս Նալպանտեանի, Օշին Մոստիչեանի, Մարտիրոս Մոմճեանի, Հայկ Շահինեանի, որոնք կարճ ժամանակուան ընթացքին կազմակերպեցին համայնքներու հայրենասիրական աշխատանքները, հիմնելով Բարեգործականի եւ Թէքէեանի դպրոցներ ու երիտասարդական ու մշակութային կեդրոններ ու «Սարտարապատ» շաբաթաթերթը։

Պապայեան հրապարակային դասախօսութիւններու կողքին բացումը կատարած է Պուէնոս Այրէսի «Մարի Մանուկեան» եւ Մոնթէվիտէոյի «Նուպարեան» վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Արշակ Չօպանեան Մշակութային Կեդրոնին, որ աւելի ուշ վերանուանուեցաւ` Թէքէեան Մշակութային Միութիւն։  Սատարած է Հարաւային Ամերիկայի Բարեգործականի զոյգ վարժարաններու կազմակերպչական աշխատանքներուն, մանկավարժական դասախօսութիւններով եւ նմոյշ դասեր աւանդելով։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ

Նախ քան ՌԱԿի շարքերը իր միանալը, երիտասարդական օրերուն ան խանդավառուած էր սոցիալ դեմոկրատ գաղափարախօսութեամբ եւ արձանագրուած` Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերը։  Սակայն, տարիներու հասունութիւնը զինք մղած են առաջնորդուիլ աւելի ազատական ռամկավարական դաւանանքով, ու աւելի ուշ, մա´նաւանդ Պէյրութ հաստատուելէն ետք Պապայեան թեքած է ՌԱԿին ու անդամակցած` անոր շարքերուն։  Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ։  Սակայն բեմը մնացած է անոր ամենէն լայն ծառայութեան դաշտը եւ սրտամօտիկը։  Որպէս քաջ ատենախօս, բեմբասաց, պատգամաբեր ու ճառախօս հմայած է իր ունկնդիրները զանոնք կապելով մեր հայրենասիրական որդեգրած ուղեգիծին։

ՌԱԿի յիսնամեակին առթիւ, հրաւիրուած է խօսելու Գահիրէ, Ապրիլ 6, 1972ին։

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն ամենածանր շրջանին, 1977-1978ին, վարած է ատենապետութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութեան։

1976ին Լիբանանի աղէտեալներուն համար նուիրահաւաք կազմակերպած է Երուանդ Ակիշեանի հետ Միջին Արեւելեան երկիրներ այցելութեամբ։ Արաբական ծոց, Պարսկաստան, Եգիպտոս եւ Յորդանան կատարուած նուիրահաւաքի աշխատանքները կու տան չակնկալուած դրական արդիւնքներ։  Նոյնպէս, այդ օրերուն, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը դարձած էր մարդասիրական կեդրոն ամէ´ն լիբանանցիի, քրիստնեայ թէ մահմետական եւ ամէն հայու համար։  Դարձած էր պահեստանոց, դարձած էր ապաստանարան եւ ՌԱԿի երիտասարդական կազմերու համար զինուորական մարզումի հաւաքավայր եւ հայկական թաղերու հերթապահութեան կեդրոն, սերտօրէն գործակցելով ՌԱԿ մարտական ուժերու հրամանատար Զօհրապ Քէշիշեանին հետ։

Մաս կազմած է Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմնին։

ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

1986ին կը հաստատուի վերջնականապէս Լոս Անճելըս, ֆիզիքապէս մօտ ըլլալու համար իր զաւակներուն` Սիլվային ու Արային։ 1987-1993ին ստանձնած է ԹՄՄի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։ Իսկ 1994-1997ին վարիչի պաշտօնը` ԹՄՄի »Շիրակ» Գրական Շրջանակին։

1988էն սկսեալ, Պապայեան տիկնոջ` Ռոզինին հետ, երեք անգամ այցելած է Աւստրալիա ՀԲԸՄի եւ ԹՄՄի կողմէ հրաւիրուելով։  Յաջողցուցած է Սիտնիի ՀԲԸՄի «Ալեքսանտր» վարժարանի կառուցումը, որուն պաշտօնական բացումին ներկայ եղած է որպէս Պրն. Ալեք Մանուկեանին անձնական ներկայացուցիչ։

ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐ

Կրթական հասարակական գործունէութեան 50ամեայ յոբելեանը տօնուած է Պէյրութի մէջ Յունիս 19, 1983ին, եւ Լոս Անճելըսի մէջ տօնուած է Յունիս 13, 1989ին։

1983ին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իրեն շնորհած է Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ շքանշան յատուկ կոնդակով, Լիբանանի Կրթական նախարարութիւնը զինք պարգեւատրած է Արժանեաց, իսկ Սին-էլ-Ֆիլի (Պէյրութի արուարձաններէն) քաղաքապետութիւնն ու Վահան Թէքէեան վարժարանը ոսկեայ կրծքանշաններով։

Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն Պատուոյ գիրով պարգեւատրած է, մեր ազգային գործիչ ընկերը իսկ 1989ին յոբելեարը ստացած է գնահատագիրներ Ալեք Մանուկեանէն, Գալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանէն, Կլենտէյլի եւ Փասատինայի քաղաքապետներէն, ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութենէն, Կիլիկեան Բարեգործական Միութենէն, Լոս Անճելըսի Հայ Այնթապցիներու Մշակութային Միութենէն։  Նոյն առիթով Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճը զինք պատուած է Նախագահական Շրջանակի Պատուոյ Անդամ անդրանիկ տիտղոսով եւ Գոլէճի նորակառոյց Տատեան դպրոցաշէնքին ուսուցչարանը կոչուած է «Երուանդ եւ Ռոզին Պապայեաններ»ու անունով։

1992ին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի 40ամեակին եւ 2003ին 50ամեակին առիթներով Պապայեանները հրաւիրուած են Պէյրութ։ 2003ին, Արամ Ա. Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը իրեն շնորհած է Ս. Մեսրոպ շքանշանը, իսկ կրթական նախարարութիւնը երկրորդ գնահատանքի շքանշան մը։  1992ին, Պէյրութէն ետք հրաւիրուած է Հալէպ, ներկայ ըլլալու իր եւ տիկնոջ ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյին։

1991ի Հոկտեմբերին հրաւիրուած է Երեւան, ներկայ գտնուելու իր հեղինակած «Յիշատակներու Արահետներով» գիրքի շնորհահանդէսին։  Խօսք առած են Սիլվա կապուտիկեան, Ռոմէն Կոզմոյեան, Լեւոն Հախվերտեան եւ ուրիշներ։ 2002ին Մաշտոց Գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան Պապայեանը պատուած է «Պատուոյ Փրոֆեսէօր» տիտղոսով։

Մաշտոց Գոլէճը կազմակերպած է նաեւ, համագաղութային մեծարանքի երեկոյ մը, Պապայեանի ծննդեան 90 եւ վաստակի 70 ամեայ զոյգ յոբելեաններուն առիթով, Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Յունիս 13, 2004ին։

Իսկ ծննդեան դարադարձը արժանավայել շուքով տօնուեցաւ Պըրպէնքի հայոց առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։  Այս առթիւ, Լա Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը կոչուեցաւ «Երուանդ Պապայեան Շաբաթօրեայ Վարժարան»։

Պապայեան ՌԱԿի ղեկավարութենէն ամենէն աւելի բախտաւորը եղաւ.  յիշատակուած ու մեծարուած անդամը եղած է իր ողջութեան։  Դժբախտաբար, իր գործակիցներէն շատեր չունեցան այդ բախտաւորութիւնը իրենց կենդանութեան մեծարուելու …նոյնիսկ` մահուընէ ետք։  Անոնց ճակատագիրը տարբեր էր տնօրինուած։

ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հրատարակած է Աշխարհագրութեան դասագիրքերու շարք մը, Օննիկ Սարգիսեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի գործակցութեամբ, 1961-1963։  Աշխատակցած է «Արարատ», «Պայքար», «Արեւ», «Նոր Օր», .Սարտարապատ» եւ այլ թերթերու ու յատկապէս «Զարթօնք»ին, որուն հաւատարիմ աշխատակիցը եղած է երկար տարիներ, անոր էջերուն մէջ ստորագրելով ազգային, կրթա-դաստիարակչական բազմաթիւ յօդուածներ, ճանապարհորդական տպաւորութիւններ, կուսակցական, ազգային ու կրօնական անձնաւորութիւններու մասին դիմաստուերներ։  Իր ստորագրած յօդուածները պատուաւոր տեղ գրաւած են «Զարթօնք»ի հրատարակած գրեթէ բոլոր բացառիկ համարներուն մէջ։

Ունի հրատարակած գիրքեր. «Ժողովուրդին եւ Հայրենիքին հետ», 1983,  «Պատմութիւն ՀԲԸՄի» (դասագիրք), 1989, «Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Գ. Հատոր, 1994, «Յիշատակներու Արահետներով», 1998։

ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յովնան Արք. Տէրտէրեան (Լոս Անճելըս). « Պէյրութի Թէքէեան Վարաժարանին մէջ մենք ալ վայելած ենք իր գուրգուրանքը եւ ջամբած կրթութիւնը երբ ան կը պաշտօնավարէր որպէս տնօրէնը յիշեալ վարժարանին»։

Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան (Պէյրութ). «Կազմակերպելու եւ համոզելու շեշտուած կարողութիւններով օժտուած անձ մը եղած է ան»։

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան (Պէյրութ). «Մասնաւորաբար անփոխարինելի եղաւ քու դերդ, թէ´ բարոյապէս եւ թէ նիւթական հասոյթներ ապահովելու գծով, Թէքէեան վարժարանի բարգաւաճումին եւ անոր փառաւոր շէնքին գոյառման մէջ»։

Մեթր Պերճ Սեդրակեան (Նիւ Ճըրզի). «Քաղցր յիշատակներ ունինք ողբացեալ հօրեղբօրս (Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան), ծնողքիս եւ մեր հանդէպ ձեր ցուցաբերած տարիներու ջերմ բարեկամութենէն։  Տակաւին մեր մտքին մէջ թարմ են միութենական եւ ազգային հարցերու առանցքը կազմող մեր հանդիպումներն ու սրտբաց զրոյցները»։

Տոքթ. Յարութիւն Եոզկաթեան (Պէյրութ). «Պարտաճանաչութեան, պատուախնդրութեան տիպար, բարոյական հայեցի բարձր գիտակցութեամբ օժտուած, հմուտ դաստիարակ ու մանկավարժ, ճարտար վարչագէտ, անսակարկ եւ հաւատաւոր ազգային գործիչ` Սփիւռքի տխուր իրականութեան մէջ Պապայեանը եղաւ պայծառ դէմք մը, որ կը վայելէ անվերապահ սէրն ու համակրանքը իր շրջապատին ու գաղափարի ընկերներուն»։

Հայկ Շահինեան (Պուէնոս Այրէս). «Նոր սերունդի անդամներս կը տեսնենք բնօրինակը, որ մեզ կը մղէ շարունակելու իր ճանապարհով` որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի նորանոր բարձրունքներ»։

Սարգիս Խաչատուրեան (Աթէնք). «Յիսուն տարիներու տքնաջան եւ բեղուն աշխատանք, որուն իբրեւ արդիւնք` հազարաւոր պարման-պարմանուհիներ թրծուած հայրենասիրական եւ ազգասիրական առողջ շունչով` կը ծառայեն այսօր աշխարհի չորս ծագերուն` բերելով իրենց համեստ բաժինը նոյն նուիրական ճամբուն վրայ»։

Դոկտ. Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան (Նիւ Եորք). «Պրն. Պապայեան խորապէս ապրած է մեր ժողովուրդի կեանքի փուլերը այնպիսի խոր ըմբռնումով, անսակարկ նուիրումով, վտանգաւոր զոհողութեամբ, որ իր գործունէութեան դաշտը եղած է բոլորանուէր ազգային-քաղաքական եւ կրթական մարզերուն մէջ, ուր ան հանդիսացած է ներշնչիչ ղեկավար, անխոնջ մշակ եւ զինուորագրեալ ծառայ»։

Երուանդ Ազատեան (Տիթրոյթ). «Իբրեւ երբեմնի ուսուցիչներէն մէկը Վահան Թէքէեան վարժարանի` ինծի ծանօթ են նուիրումը, բծախնդրութիւնն ու իտէալապաշտութիւնը Պապայեանին։  Ինչպիսի~ տխուր ու սրտաճմլիկ պայմաններու տակ էր Թէքէեան վարժարանը, երբ ինք անցաւ գործին գլուխը եւ հիանալի ծառայութեամբ եւ առաջնորդութեան գիտակից կամքով մը ան վարժարանը վերածեց հպարտութիւն պատճառող հաստատութեան մը»։

Կարապետ Պապահէքեան (Պէյրութ). «Հսկայական եղած է Պապայեանին բաժինը` Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզած տագնապներու ընթացքին հայ գաղութի դրապաշտ դիրքորոշման մէջ, ապաւինած` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան առողջ ու իրապաշտ կեցուածքներուն եւ իր կազմակերպչական կարողութիւններուն»։

Դոկտ. Աւետիս Եափուճեան (Գահիրէ). «Աննկուն կուսակցական, կուսակցութիւնը իրեն համար եղաւ հայրենիքին եւ ժողովուրդին ծառայելու միջոց, եւ ոչ թէ նպատակ։  Երբեք չձգտեցաւ աթոռներու, թէեւ հասաւ ալ անոնց, բայց իրեն համար դաստիարակի, տնօրէնի աթոռը մնաց բարձրագոյնը, ամենանուիրականը, եւ այդ ոգիով ալ դաստիարակեց սերունդներ»։

Վարուժան Պետիկեան եղած է աշակերտն ու գաղափարի ընկերը Պապայեանին եւ թուղթին յանձնած է Նիկոսիոյ իր մենաստանէն գողտրիկ այս ոտանաւորը` «Ողջո~յն Մշակ», որմէ քանի մը տող կու տանք.

 Ո~վ դուն մըշակ համբուրելի,

Միտքիդ, հոգւոյդ

Գոգնոցներէն ճաճանչալիր`

Բուռ-բուռ հունտեր դուն սփռեցիր

Ակօսներու մէջ նորաբաց …

 

Ու սեղմելով ուժգի´ն, ուժգի~ն,

Ձեռքըդ, հեռուէն,

Մըշակ բարի

Սիրտիս խորէն,

Քեզի կ’ըսեմ խոնարհաբար`

Արեւըդ` վա´ռ,

Վարձքըդ կատա´ր։

 Պապայեան կը մահանայ Լոս Անճելըսի մէջ, խոր ծերութեան, Օգոստոս 6, 2014ին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին