Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Թուրքիա Կը Վերահաստատէ Հայաստանի Հետ Սահմանը Փակ Պահելու Մտադրութիւնը

Թուրքիա պաշտօնական մակարդակով կը շարունակէ յայտարարել Հայաստանի հետ սահմանը բանալու մտադրութեան բացակայութեան մասին:

Արդարեւ, ըստ Armenpress.am-ի, Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական Կիւրճան Թիւրքօղլու Չորեքշաբթի, Օգոստոս 13-ին, ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուամիջոցին յայտնած է, որ անհիմն են թրքական մամուլին մէջ շրջող այն լուրերը, թէ հայ-թրքական սահմանը Սեպտեմբերին կրնայ բացուիլ։

«Այդ տեղեկատուութիւնը որեւէ հիմք չունի: Իկտիրէն մինչեւ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող Ալիճանի սահմանային անցակէտ տանող ճանապարհներու կուրպապատումը կը կատարուի ոչ թէ սահմանի բացման, այլ այդ շրջանի բնակիչներու տեղափոխութեան յարմար պայմաններ ստեղծելու համար»,- յայտարարած է Թիւրքօղլու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին