Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Օրագրութիւն՝ Օր 6

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

 Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 27 Յունիս 2014

Այսօր Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ էի: Կարդացի «Սիրտս Լեռներու Մէջ Է» թատերգութիւնը: Յիշողութիւններ երամներ սկսան թեւածել միջոցին մէջ: Սարոյեանին հանդիպած էի Փարիզի մէջ, իսկ կարդացած գիրքը թարգմանած էր ուսուցիչս՝ Յովհաննէս Շէօհմէլեանը որպիսի՜ յիշողութիւններ կան կապուած այս երկու անուններուն:

1945-ի դպրոցական տարին Պրն. Շէօհմէլեանը դասարան մտնելով յայտարարեց.- Նիկոսիոյ գլխաւոր պողոտայի գրատունը ստացած է նոր գիրք Սարոյեանի գրիչէն, այս ամիս այդ գործը մեր դասագիրքը պիտի ըլլայ, գացէք ունեցաէք մէկ օրինակ:

Դասէն ետք փութացինք դէպի յիշեալ գրադարանը եւ ունեցանք այդ գիրքը .- «48 Saroyan Stories», անմիջապէս կարդալ սկսանք:

Տարին 1945 էր, ուրեմն թուականէն 69 տարի առաջ: Այս գիրքէն, այսօրուան պէս կը յիշեմ, Սարոյեանի այս տողերը.- «Մարդու մը բնական մահը տրտմութիւն չի պատճառեր ինծի, բայց երեխայի մը ճկոյթէն ելած կաթիլ մը արիւնը արցունք կը խլէ աչքերէս …»

Հիմա, այս թատերգութիւնը .- «Սիրտս Լեռներու Մէջ Է», որքա՜ն մարդկայնութիւն կայ այս գիրքին էջերուն վրայ: Որքան անմիջականութիւն, պարզութիւն Ճոնիին մօտ, որ աննման հարցասէր մըն է: Նոյնը Ճոնիին հօրը՝ Պէն Ալեքսանդրի մօտ, որ բանաստեղծ մըն է:

Իսկ Ճէսբըր Մաք Կրէկըր, որուն սիրտը լեռներուն մէջ է, կատարեալ տէրվիշ դերասան մը, դարձած թափառական, 5000 քմ. հեռու իր հայրենիքէն Սկովտիայէն, կուրծքին սեղմած իր նուագարանը կը նուագէ:
Իր երգերը տխուր են:

Պարոն Գոսաքը նպարավաճառ է: Այնքան բարի, որ հակառակ որոշած ըլլալուն, որ այլեւս պարտքի ապրանք չտայ բանաստեղծին, կը շարունակէ տալ պարտքի ապրանք, հմայուելով Ճոնիի շքեղ խօսքերէն:

Հենրի լրագրավաճառ տղան, որքա՜ն բարեմոյն. Այդ տղան ինքն է՝ Սարոյեանը: Թատերգութեան գործող բոլոր անձերը չարիքի աշխարհ Ամերիկայի մէջ այնքա՜ն բարի են, որ կարելի չէ երեւակայել:

Այդ բարին ինքն է՝ Սարոյեանը, որ աշխարհը բարի կը տեսնէ, որ աշխարհը դառնայ բարի: Որքա՜ն ճիշդ բնորոշած է մեր բանաստեղծներէն Վահագն Դաւթեանը այս անգլերէն գրող բայց խորապէս Հայ Սարոյեանը, զայն կոչելով՝ «Բարի Հսկան»:

ՃԷսբըր, որուն սիրտը լեռներուն մէջ է, ո՞ր Հայուն սիրտը լեռներուն մէջ չէ որ, վտարանդի, իր երկիրէն հինգ հազար մղոն հեռու կը մահանայ, բայց մահանալէն առաջ Շէյքսպիրէն տողեր առնելով կը նուագէ.- Լինե՞լ, թէ չի լինել …»

Այդ խօսքերը, օ՜ այդ խօսքերը մեր այսօրն ալ են, ահա .-
-Փչեցէք հող մեր, պայթեցուցէք ձեր արտերը: Կատղեցէք դուք հեղեղատներ, մրրիկներ պայթեցէք, ժայթգեցէք ահեղ թափով, մինչեւ ողողէք աշտարականերն ու հողմաղացները բոլոր: Բոցեր որ կը սլանաք միտքէն արագ, խանձեցէք գլուխս սպիտակ …»

Միթէ այսօրուան աշխարհին պատկերը չէ՞ վերեւ տրուածը  երբ ապուշ Պուշ կրտսերը մերձաւոր Արեւելքը բոցերու կեր դարձուց եւ ինք նստած իր բեթրոլի տակառին վրայ  մեղկօրէն ծիծաղեցաւ:

Սարոյեանը, Բարի Հսկան, կանխատեսած է երէկ, մեր այսօրուան մէջ պատահելիքը Ամերիկայի ձեռքով, ի՜նչ տաժանութիւն, կարծէք հին դարերու քարայրաբնակ մարդեր են այս վայրենիները, որ աշխարհը քանդելով իրենք ապրիլ կ’ուզեն:

Բարի Հսկան կը կանգնի վեհօրէն այս բոլոր դժուարութիւններուն դէմ, իր կողքին ունենալով մեզ բոլորս՝ իր ընթերցողները:

Սարոյեանն է մեզ բոլորս՝ բարիին առաջնորդողը:

Շէօհմէլեան թարգմանիչը, Բարի Հսկայի գրականութեան այս սիրահարը, այս հատորին մէջ զետեղած էր վեց թատերգութիւն:

Այդ վեց թատերգութիւններէն, ընտրեցի ուրիշ մըն ալ, ամենէն կարճը՝ «Անօթիները», որ մէկ արարնոց էր հինգ դերասաններով, երիտասարդ վաճառորդը, գրողը, աղջնակը,  ծեր կինը եւ մահը:

Բոլորն ալ անօթի են: Այս իրողութիւնը Սարոյեանը աւանդավէպ կոչած է որպէսզի անօթիներու արտայայտութեան հաւատանք:

Կարդացինք եւ հաւատացինք թէ այս գործը աւանդավէպ մը չէ, այլ՝ իրողութիւն: Մարդիկ անօթի են եթէ ոչ հացիւ այլ հոգիով …:

Իսկ Նիւ Եորքը ի՞նչ է, գիտէք: Խօսողը այս փիէսին հերոսներէն մէկն է. Գրողը, որ այս պատասխանը կու տայ սիրող աղջկան.-
-Նիւ Եորքը շատ հեռու է նոյնիսկ երբ հոն ըլլաս: Անիկա նաեւ ամենէն մութ եւ ամենէն լուսակեաց վայրն է աշխարհի մէջ: Ձմրան՝ ամբողջ քաղաքը ծածկուած կ’ըլլայ ձիւնով եւ մարդիկ կը մեռնին մարդոց բազուկներուն մէջ ինչպէս եւ ամրանը:

Այդքան երբ հոգիի սով կայ:

Իսկ մահը, որ այս փիէսին մէջ եկած էր այս երեք անօթիները տանելու Ֆոնոկրաֆի մը մէջ ձայնապնակ մը զետեղելով կը սկսի քնանալ:

Ամբողջն այս է զայն ձեզ սիրով կ’ընծայեմ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին