Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Ատրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Պատասխանեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին

Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար, Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ-ուլ-Իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ  պատասխանեց  Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նամակին:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուական միջոցներուն, Փաշազատէ, մասնաւորապէս, կոչ ուղղած է վեհափառին իր հեղինակութիւնը օգտագործելով ազդեցութիւն բանեցնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի վերջիններս «դուրս բերեն ուժերը Ատրպէյճանի տարածքէն եւ իմաստուն դիրքորոշում որդեգրեն խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին»:

Յիշեցնենք, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Օգոստոս 5-ի իր նամակին մէջ Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդին կոչ ուղղած էր ջանքեր գործադրելու, որպէսզի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ չվտանգուի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին