Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Լուրեր Նիւ Եորքէն՝ Արժանթինահայ Դերասան Գալուստ Ճանսըզեանի Մենակատարութիւնը Թէքէեանի Բեմէն

*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*

Vartivarian

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2014-ին երեկոյեան, Թէքէեան Կեդրոնի մէջ առանձին ներկայացումով բեմ ելաւ արժանթինահայ տաղանդաւոր դերասան Գալուստ Ճանսըզեան։  Ան հիւրն էր, այդ երեկոյ, ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբին։

Գալուստին թատերական վաստակը կու գայ Պէյրութէն, երբ ան գլխաւոր դերասաններէն էր եղած Լիբանանի Համազգայինի Գասբար Իփէկեան թատերախումբին, որուն բեմադրիչն էր թատերական ծանօթ գործիչ Ժորժ Սարգիսեան։  Ան թատերական հիւրախաղերով այցելած է զանազան հայաշատ կեդրոններ` Միջին Արեւելք, Եւրոպա ու Ամերիկաներ եւ Պուէնոս Այրէս այցելութեամբ հանդիպած է իր ապագայ կեանքի ընկերոջ` արժանթինահայ դարձեալ թատերական գործիչ Հերմինէին ու այնուհետեւ հոն ալ ընտանիք կազմած ու արդէն մօտ 40 տարիներէ ի վեր Արժանթին  հաստատուած։

Հարաւային Ամերիկայի մէջ ազգային թատերական աւանդութիւնները վառ պահող գրեթէ միա´կ դերասանն է Գալուստ Ճանսըզեան։  Մայրաքաղաքի հայկական թաղամասին մէջ ունի իր սրահը «Թատրոն» անունով, թէեւ փոքր իր տարածութեամբ, սակայն լեցուն իր հայկականութեամբ եւ մնայուն գործածութեամբ, ուր կը ներկայացուին հայկական եւ օտար թատերական հեղինակներու գործերը։  Թատերախումբին բեմադրիչը Հերմինէն է։

«Չի գիտցայ թէ ինչպէս» ներկայացումով կու տայ ազգային մեր կեանքը հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին վրայ սփռուող։  Այս ամէնը կու տայ իր հի~ն ու չսպիացող վէրքերովն ու նո´ր մարտահրաւէրներով։  Անշուշտ մեծագոյն ցաւը որ կը ներկայացնէ այս սրտցաւ թատերական գործիչը մեր լեզուին յամրօրէն նահանջող այսօրուան տխուր պատկերն է։  Այդ աւելի զգալի է հարաւ ամերիկեան հայկական համայնքներէն ներս։  Անոր ցաւը հետզհետէ  սկսած է զգացուիլ գրեթէ ամէն գաղութներէ ներս։

Կը ցաւի նաեւ այն չհասկցուած յարաբերութիւններուն`հայրենաբնակ հայուն եւ սփիւռքահայուն միջեւ։  Ոչ միայն լեզուական յարաբերութիւններու, այլեւ`  հոգեմտաւորական արժէքներու գնահատումին ու հայրենասիրական զգացումներու չափանիշերու։  Ան կ’երգէ ցաւը Էրզրումի հայոց լեռներէն եկող մեր ֆէտայիներուն։  Կ’երգէ մեր երէկի յեղափոխականներու անձնազոհողութեան ոգին։  Կը սգայ հայրենիքին կորուստին։  Կը ջատագովէ հայութեան քաղաքական ուժերու միութիւնը, կ’ուզէ տեսնել եկեղեցին միացած։ Մեր մշակոյթի արժէքներու տարածումը կը նկատէ անհրաժեշտութիւն։  Մեր պատմութեան խորերէն եկած տխուր շղթաները կ’ուզէ քանդել. Արտաւազդը` տակաւին շղթայակապ իր ձեռքերէն կ’ուզէ ազատել, որպէսզի այլեւս դառնանք իրաւ անկախ ու հզօր ազգ մը` իր հզօր ու միակ հայրենիքով։

Ցեղասպանութեան դարադարձի նախօրէին, լաւապէս հրամցուած մենակատարութիւն մը, ուր կան պատգամներ մեր մեծ գրողներէն Վարուժանէն, Թէքէեանէն, Սիամանթոյէն ու Շանթէն։

Վերջապէս Գալուստ կու լայ իր իսկ ցա´ւը եւս … հոն` Ռիօ Փլաթա գետի ափին, իր  մինակութեան մէջ ան կը խաղայ մեր 3000ամեայ թատրոնը. գէթ պահիկ մը եւս շարունակելու մեր այդ գեղեցիկ աւանդութիւնը` Հայ Թատրոնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին