Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները՝ Միհրան Տէր Ստեփանեան

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Ara Aharonian

Դաւիթ ծածկանունով ծանօթ այս երգիծագիր-հրապարակագրողը ծնած է 1899-ին Տէօրթ Եոլ գիւղաքաղաքին մէջ:

Ընտանեկան տոհմիկ մթնոլորտին մէջ ան հասակ կ’առնէ յաճախելով ծննդավայրի Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը, ապա շրջան մըն ալ՝ Պոլսոյ Պեզազեան երկրորդական վարժարանը, ուր կը ճաշակէ գիրի ու գրականութեան ուրախութիւնը:

Վերադառնալով ծննդավայր 1914-ին, Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանի հետ իր պատանի տարիքին մասնակից կը դառնայ «Նուիկ» անունով շաբաթաթերթի հիմնադրութեան: Նոյն տարին որպէս պատանի թարգման աշխատանքի կ’անցնի ծննդավայրի Ֆրանսական զինուորական կառավարման կեդրոնէն ներս: Ապա Ճկեր գաւառի կուսակալութեան մօտ կը ստանձնէ դիւանապետի պաշտօնը, զոր յաջորդ չորս տարիներուն կը վարէ, դառնալով հմուտ թարգման տակաւին 20 գարունները չբոլորած:

Ծննդավայրէն ներս ան իր խանդավառ մասնակցութեամբ մաս պիտի կազմէր հասարակական տեղւոյն կեանքին, ու գաղափարի իր ճամբան ընտրելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը, պիտի դառնար Տէօրթ Եոլի կուսակցական ակումբի խանդավառ անդամներէն մին:

1920-22 Տէր Ստեփանեան իր ծննդավայրէն ներս կը ձեռնարկէ  իր ընկերոջ Արիս Շաքլեանի հետ «Սիսուան» շաբաթաթերթի հրատարակութեան: Կիլիկիոյ պարպումին որպէս հետեւանք ան կը ստիպուի հաստատուիլ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուր կը պաշտօնավարէ վարչապետարանի դիւանէն ներս երկար տարիներ:

Դամասկոս հաստատուելէն ետք, շուրջ տարի մը ան կանոնաւոր կ’աշխատակցի Ալեքսանտրէթ հրատարակուող «Զարթօնք» շաբաթաթերթին, զոր կը հրատարակէր իր հօրեղբօրորդին՝ Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանը:

1933-ին կը կազմէ ընտանեկան իր տոհմիկ բոյնը՝ կեանքի ընկեր ընտրելով՝ Ալիս Քեշիշեանը. Անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ մանչը Ալմիժան-Մանուկ եւ դուստրերը՝ Իրմա եւ Սիլվա:

Պետական իր պաշտօնին մէջ ան լեզուական հմտութեան շնորհիւ կը դառնար փնտռուած դիւանապետ մը ու կը հասնի կառավարիչի պաշտօնին:

Միհրան Տէր Ստեփանեանի սփիւռքահայ լրագրութեան մասնակցութիւնը դարձած է հետեւողական եւ բեղուն. Հեռաւոր Ամերիկա հրատարակուող «Նոր Գիր» ամսագրին մէջ նոյնիսկ կը հանդիպինք իր պարբերական ստորագրութեանց:

ՌԱԿուսակցութեան Սուրիոյ ատենի պաշտօնաթերթ՝ «Եփրատ»ին մէջ է որ կը սկսի իր երգիծանքի «Պարսատիկէն» սիւնակին, որ յետագային պիտի շարունակուէր Պէյրութ հրատարակուող «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ:

Իր անունին հետ կապուած են Ճկոյտ եւ Սուրճ ծածկանունները, որոնք կանոնաւորապէս երեւցած են «Լիբանան» եւ «Ժողովուրդի Ձայն» թերթերուն մէջ:

Որպէս կուսակցական, ան պիտի դառնար մղիչ ուժերէն մին Դամասկոսի Հայկական գաղութին եւ տեղւոյն ՌԱԿ-ի Կիլիկիա ակումբին, սատարելով Դամասկոսի հասարակական կեանքի վերելքին, մանաւանդ Հայց. Առաքելական եկեղեցին պահելով Ս. Էջմիածնի հաւատարմութեան ուղիղ ճամբուն վրայ:

Պէյրութ հրատարակուող «Շիրակ», «Անի» եւ «Կրթասիրաց» գրական ամսագիրներուն կ’աշխատակցէր մնայուն կերպով, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպ հրատարակուող Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին:

Բեղուն գրիչի տէր եղած է Միհրան Տէր Ստեփանեան, որուն եթէ բոլոր գործերը ամփոփուին, կը կազմեն 4-5 հատոր: Իր գլխաւոր գեղարուեստական գործերէն է «Նայիրի»ի մէջ յաջորդաբար տպուած «Զէյնապ» սիրավէպը, որ տակաւին կը սպասէ առանձին գիրքով հրատարակութեան …: Իր ողջութեան, Սիմոն Սիմոնեանի քաջալերանքով լոյս տեսած է «Յոյսի Խարոյկներ» պատմուածքներու ժողովածուն: Յետ մահու իր կուսակցական բարեկամները կը հրատարակեն իր «Երկեր»ը:

Գրած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, վիպակներ եւ յատկապէս քրոնիկներ: Գրական գործերուն նիւթը կը կազմեն ընդհանրապէս ծննդավայրին կենցաղը, հաւատալիքները, սարսափի օրերը, Հայուն թափառական կեանքը, հայրենասիրութիւնն ու հայրենադարձը: Որպէս  քրոնիկագիր իր սիւնակներուն գլխաւոր նիւթը եղած են մեր ազգային կեանքի զանազան ծալքերը՝ եկեղեցին, կուսակցութիւնները, հասարակական գործիչները, ձեռնարկները, հայրենադարձութիւնը:

Պայմաններու բերումով ան ընտանեօք կը փոխադրուի Պէյրութ 1956-ին, ուր պիտի շարունակէր իր բեղուն մասնակցութիւնը Ռամկավար Ազատական աշխարհացրիւ մամուլին, դառնալով բոլորին «Դաւիթ»ը իր Պարսատիկէն սիւնակով:

Լրագրութեան հանդէպ հարազատ սիրով լեցուն այս երախտաւորը Պէյրութի մէջ իր աչքերը յաւիտեան պիտի փակէր՝ 1964 Դեկտեմբերին, 65 տարեկան հասակին, իր ետին թողելով սփիւռքահայ մամուլի էջերուն լրագրութեան հարուստ աւանդ մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին