Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Taekwondo-ի Ֆետերասիոնին, Կիրակի 10 Օգոստոս 2014-ին տեղի ունեցաւ Երէց Կարգի Սեւ Գօտիի Տարեկան Ախոյեանութիւնը տարբեր կշիռքներու դասակարգներու համար, Մոն Լա Սալի մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սեւ գօտի ունեցող մարզիկներ՝ Նարեկ Պուլտուքեան (68 քիլոկրամ) եւ Էլիաս Հիտէրի (87 քիլոկրամ) հսկողութեամբ «Կրան Մասթըր» Պասըմ Աատին եւ «Մասթըր» Գոզէթ Պասպուսին մասնակցեցան սոյն մրցաշարքին:
Առաջին եւ երկրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Էլիաս Հիտէրի եւ Նարեկ Պուլտուքեան, որոնք իրենց յաղթանակներով յատկանշական մրցանիշներ ապահովեցին ՀԵԸ-ի Taekwondo-ի մարզաձեւին մէջ տեղական եւ միջազգային մակարդակով:
Մրցաշարքի աւարտին զոյգ մարզիկները մետալներ եւ վկայագիրներ ստացան ձեռամբ Լիբանանի Taekwondo-ի Ֆետերասիոնի նախագահուհի Սոֆի Ապու Ժաուտէի եւ ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Զէյտանի:
Շնորհաւորութիւններ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզիկներ Էլիաս Հիտարիին եւ Նարեկ Պուլտուքեանին, իրենց մարզիչներուն եւ համայն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի շրջանակին այս պատուաբեր արդիւնքներուն համար մաղթելով իրենց նորանոր յաջողութիւններ: