Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Արենի Աղպապեանի Ալպոմին

«Նիւ Եորք Թայմզ» անդրադարձած է քալիֆորնիաբնակ Արենի Աղպապեանի վերջերս հրապարակուած անդրանիկ ալպոմին՝ «Քիսի (Պեկ)»ին («Kissy (Bag)»), որ տրամադրելի է անոր arenismiles.com կայքէն։

Իր իւրայատուկ բիւրեղային ձայնով ծանօթ Արենի Աղպապեանը, որ մինչեւ այս ալպոմի հրատարակումը աշխատակցած է զանազան այլ արուեստագէտներու հետ, ներառեալ՝ Տիգրան Համասեանի, «Քիսի (Պեկ)»ին մէջ իր ձայնին միացուցած է նաեւ իր նուագած դաշնակի մեղեդիները։

«Ալպոմը խիստ կեդրոնացած եւ քնարերգական պարզ պատկերներով եւ պատմութիւններով դէպի ծածուկ ճշմարտութեանց յառաջացող արուեստագէտի մը ստեղծագործութիւնն է», գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին