Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՕՐ 5

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Պէյրութ, 25 Յունիս 2014

Ճաբոնէն եւս օրինակ մը չբերե՞նք: Ճաբոնցին կ’ըսէ.- Եթէ դժուար լուծելի հարց մը մէկը կրնայ լուծել, ես ինչո՞ւ լուծել չկարենամ: Եւ եթէ նոյն հարցը այլք չկարենան լուծել, ես անպայմա՛ն պիտի լուծեմ:

Հաստատակամ չըլլա՞նք ճաբոնցիին պէս: Ըլլանք եւ ո՛չ թէ ըսենք.- անկարելին չփորձենք: Անկարելին՝ կարելի դարձնել պէտք է:

Բարեկամներէս մէկը, որ Պէյրութ կ’ապրէր, ունեցաւ երեք աղջիկ զաւակ: Մեծը մեկնեցաւ Գանատա եւ ամուսնացաւ Ֆրանսացիի մը հետ: Միջնեկը մեկնեցաւ Լոնտոն եւ ամուսնացաւ Անգլիացիի մը հետ: Կրտսերը մնաց Պէյրութ եւ ամուսնացաւ Հայու մը հետ:

Մեր յոյսը այս վերջինն է:

Թէեւ վերը յիշուածները իրենց զաւակներուն հետ սկսած էին Հայերէնով բացատրուիլ …

Կատարուած իրողութիւններու դիմաց կը գտնուինք: Հայը հայ պէտք է պահենք: Ո՞ր զինուորը իր զէնքը խրամատ կը նետէ: Կը ճակատի՛: Այդ է իրա՛ւ զինուորը:

Մենք բոլորս զինուոր դառնանք զէն ի ձեռին կամ վահանով, կամ վահանին: Ան է իրա՛ւ Հայը:

                                                                     *********

Ամերիկա մեկնած ազգական մը ունէի, Լոս Անճելըս, օր մը երբ հանդիպեցայ իրեն, ըսաւ ինծի .- Այո՛, սխալ ըրի գալով Ամերիկա, Սկովտիացիի մը հետ ամուսնացայ, ունեցայ երկու զաւակ եւ որպէս Հայուհի ու կին՝ զաւակներս հայերու հետ ամուսնացուցի: Մեռնիմ իրենց հոգիին անոնց իրենց զաւակները որպէս հայեր պիտի մեծցնեն …
Ի՞նչ կ’ըսէք, մխիթարուի՞նք:

                                                                    *********

Պէյրութ, սփիւռքահայութեան մայրաքաղաքին մէջ (թէեւ աշխարհի բոլոր հայերը մէկ մայրաքաղաք ունին՝ Երեւանը), օտար ամուսնութիւն կնքողներուն թիւը մեծ համեմատութիւններու հասած է, մերթ անհաւատալի: Ինչ կ’ըսէք, նստինք ու լաց ու կոծ բարձրացնենք:

Այս միջոցին դիմողները կ’ըսեն .- Սիրեցինք, ամուսնացանք: Կարեւորը երջանկութիւնն է: Երջանիկ ենք: Մարդ ենք չէ՞, այդ է կարեւորը:

Անոնց մայրերն ալ, Հայ մայրերը կ’ըսեն .- Մեր փեսաները սքանչելի էակներ են, սկսած են Հայերէն բառեր արտասանել, մեր երեխաները կարեւորը թող երջանիկ ապրին …
-Բայց Տիկնայք, չէ որ դուք ոչ միայն մայրեր, այլ՝ Հա՛յ մայրեր էք, մոռցա՞ք: Ձեր թոռնիկները թէեւ Հայ մայրերէ պիտի աշխարհ գան, բայց պիտի մնա՞ն Հայ: Պիտի իմանա՞ն թէ ո՛վ է Սբ. Մեսրոպը, պիտի իմանա՞ն մեր մշակոյթին մեծութիւնը:
Զէնքերը վար դնելը երջանկութիւ՞ն կը սեպուի …

                                                                 *********

Ուրիշ Հայ մօր մը հանդիպեցայ, որ սապէս կը մտածէր .-
-Եթէ աղջիկս ամուսնանար Հայու մը հետ եւ այս մէկը արտառոց մը ըլլալով աղջիկս դժբախտացնէր: Ո՞վ կ’ըլլար պատասխանատուն: Փեսաս լաւ տղայ է, պարկեշտ, համե՜ստ … կարեւորը երեխայիս երջանկութիւնն է, հոգին սիրեմ անոյշիկիս …
-Համեսատափայլ  Տիկին, բայց չէ՞ որ օտարանալը մեծ դժբախտութիւն է, չէի՞ք գիտեր այս մէկը:

                                                            *********

Ուրիշ Հայ մայր մը, մեծայարգ ազգայինի մը ազնիւ Տիկինը .-
-Երկու զաւակներս Ամերիկա ղրկեցի: Փրկուեցան:
-Տիկին, փրկուած զաւակներդ հոն ամուսնացա՞ծ են …
-Այո՛, այո՜, երջանիկ են, թէեւ օտարուհիներ են …
-Ուրեմն դուք «փրկեցիք» ձեր զաւակները …
-Բայց ձեր զաւակները պիտի կարենա՞ն փրկել ձեր թոռները …
-Չէ՞ որ օտար հողը որքան ալ լայնարձակ ըլլայ՝ թաղար է Հայուն համար եթէ չըսենք դագաղ …

Հասկնալի՞ է, յարգարժան Տիկին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին