*ՀՐԱՅՐ ԳԱՖԷՍԵԱՆ*
Ընկ. Գերսամ Ահարոնեանը իբր Հայոց Պատմութեան ուսուցիչս՝ բախտաւորութիւնը ունեցած ըլլալով, շատ յանցաւոր պիտի զգայի, նման թուականի մը յիշողութիւնս անարձագանգ ձգելով: Հետեւաբար՝ ստորեւ կը կցեմ ուսանողական օրերէս, Պատմութեան նոթատետրէս քանի մը նախադասութիւններ ուսուցիչիս՝ մտածումներէն:
Սեւրի Դաշնագիրը, ստորագրուած 10 Օգոստոս 1920ին, կը հանդիսանայ մեր իրաւունքներուն միջազգային ու պաշտօնական ճանաչումը:
Սեւրի Դաշնագիրը ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՐԱՆԱԼԻ ԿԱԼՈՒԱԾԱԹՈՒՂԹ-ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ է մեր ձեռքին մէջ՝ Ուիլսընեան սահմաններու կամ արեւմտահայ հողերու մասին, որուն վրայ կրնանք խարսխել մեր ներկայ քարոզչութիւնն ու պահանջները:
Ճիշդ է թէ, Սեւրի դաշնագիրը իր ստորագրումէն շուրջ երեք տարի ետք, 24 Յուլիս 1923ին, Լոզանի Դաշնագրով չեղեալ հռչակուած եղաւ, ջնջուած եղաւ միջազգային դիւանագիտութեան կամ քաղաքականութեան համար, Լոզանը դարձաւ Սեւրի գերեզմանը, ուր ի միջի այլոց, թաղուեցաւ մեր Արեւմտահայ հողային դատը, ուր սրբուեցան Ուիլսընեան սահմանները, ուր գիծ քաշուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի արեւմտեան մասը քարտէսին վրայ: Սակայն, Լոզանը մեր իրաւունքներուն ուրացումը չէ, խնդրոյ առարկայ հողերուն հայկականութեան ժխտումը չէ, այլ պարզապէս, Թրքական կատարուած իրողութեան մը ճանաչումն է, յաղթական Քեմալականներու բռնագրաւումներուն մասին միջազգային արձանագրութիւն մըն է: Մեր իրաւունքը, սեփականութեան մեր փաստաթուղթը չէ հերքուած, այլ կը մնայ ի զօրու, կը մնայ անհերքելի և անուրանալի:
Սեւրի մէջ մեր յաջողութիւնը համահայկական ճիգերու արդիւնք էր, զայն իւրացնելու փորձերը քաղաքական չարաշահութիւն են, մեծամոլութեան աւելորդ ցուցադրութիւններ են:
Սեւրի դաշնագրին տարեդարձը լաւագոյն առիթ մըն է համահայկական կազմակերպուածութեամբ, աւելի եւս խորացնելու և ծաւալելու Հայկական Դատը հետապնդելու աշխատանքները, ներկայացնելու համար մեր պահանջները: