Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Նամակ Յղած է Ատրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ յղած է Կովկասի մահմետականներու վարչութէան նախագահ, Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ-էլ-Իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշա Զատէին` կոչ ընելով ջանքեր գործադրելու, որպէսզի երկրի իշխանութիւններուն կողմէ չվտանգուի Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Այս մասին կը հաղորդէ Elq.am-ը:

Ամենայն Հայոց Հայրապետի նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

“Սահմանամերձ բնակավայրերու անդադար գնդակոծութիւնը ատրպէյճանական կողմէ, յարձակողական գործողութիւնները, հրադադարի խախտման տեւական փորձերը լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն մեր տարածաշրջանի փխրուն, բայց դժուար ձեռքբերուած խաղաղութեան համար: Մենք խորապէս անհանգստացած ենք լարուած իրավիճակով, որուն հետեւանքով կը զոհուին զինուորներ, կը խաթարուի սահմանամերձ բնակչութեան խաղաղ կեանքը: Աստուածատուր մարդկային կեանքը սուրբ է, իսկ անոր իրաւունքը` սրբազան, եւ ոտնձգութիւնները մարդկային կեանքին հանդէպ անթոյլատրելի են: Սադրանքները եւ մարտական գործողութիւնները չեն կրնար այլընտրանք ըլլալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ, բանակցային ճանապարհով` համապատասխան միջազգային չափանիշներուն: Հաւատարիմ մնալով Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Գիրիլ Ա-ի միջնորդութեամբ իրականացուող տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմ հանդիպումներու խաղաղարար ոգիին` Մենք կը դիմենք Ձեզ` իբրեւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ,  ջանքեր գործադրելու, որպէսզի Ձեր երկրի իշխանութիւնները, պահելով աւելի շուտ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, պահպանեն հրադադարը եւ իրենց գործունէութեամբ չխափանեն ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ”:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին