Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը ԼՂ Հակամարտող Կողմերուն Հրադադարը Յարգելու Կոչ Կ’ուղղէ

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի Մունը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած է իրականացնելու համաձայնութիւնները հրադադարի վերաբերեալ, եւ զերծ մնալու բռնութենէ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով “ՌԻԱ Նովըստի”-ն:

“Պան Գի Մունը բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղէ յարգելու հրադադարի համաձայնագիրը եւ զերծ մնալու յետագայ բռնութենէն, շարունակելու երկխօսութիւնը` շուտ հասնելու համար խաղաղ քաղաքական կարգաւորման”,- ըսուած է ՄԱԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Համաձայն փաստաթուղթին` Գլխաւոր քարտուղարը լիակատար աջակցութիւն յայտնած է  ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին, կիսելով անոր մտահոգութիւնը` հակամարտութեան գօտիին վրայ վերջին օրերուն իրավիճակի սրման առնչութեամբ:

Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն հրադադարը բազմիցս խախտուած է: ԼՂՀ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` վերջին օրերուն սպաննուած է 25 ատրպէյճանցի եւ զոհուած հինգ հայ զինուորական ծառայող:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին