*ՊԷՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ* Երկուշաբթի, 4 Օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: