Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանն Օգոստոս 4-ին աշխատանքային խորհրդակցութիւն անցուցած է պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի հետ, այդ ընթացքին ներկայացուած են ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին միջադէպերու, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի վարչաձեւի կոպիտ խախտումներու, Արցախի տարածք յարձակող-հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերու մասին զեկոյցներ: Այս մասին կը յայտնէ panarmenian.net-ը։
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է ուղղուած հակառակորդի յառաջխաղացման փորձերը արդիւնաւէտօրէն կասեցնելուն ուղղութեամբ ՊԲ հրամանատարութեան եւ անձնակազմի գործունէութիւնը, որուն արդիւնքով վերջինս` կրելով մեծ կորուստներ, նահանջած է ելման դիրքեր: Բակօ Սահակեանի գնահատմամբ` ՊԲ գործողութիւնները եւս մէկ անգամ ցոյց տուած են հայկական զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձր մակարդակը:
Նախագահը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է առաջին գիծ մեկնած արցախեան ազատամարտի վետերաններուն` բարձր գնահատելով այդ ուղղութեամբ Արցախի ազատամարտիկներու միութեան կատարած աշխատանքը:
Լսելով պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի` իրականացուած գործողութիւններու, ներկայիս տիրող իրավիճակի եւ հնարաւոր զարգացումներու վերաբերեալ զեկոյցը` Բակօ Սահակեան յանձնարարականներ տուած է ՊԲ հրամկազմին: Նախագահը ընդգծած է, որ հակառակորդի կողմէ առաջնագծին իրավիճակի ապակայունացման որեւէ փորձ պէտք է կասեցուի` միաժամանակ նշելով, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կողմնակից: