Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Նոր հրատարակութիւն. «Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)

*Պէյրութ, Լիբանան* Մեսրոպ Հայունիի գրիչէն լոյսին ընծայուեցաւ «ՄԽԻԹԱՐ» մատենաշարի 44-րդ գիրքը`«Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)» խորագրով, նուիրուած երջանկայիշատակ եպիսկոպոսի կեանքին եւ գործունէութեան: Գիրքի հրապարակման թուարկութիւնն է 2013 տարին, վայրը` Այնճար:

Ինչպէս գիրքի յառաջաբանին մէջ կը նշուի, 176 էջերէ բաղկացած այս նկարազարդ հատորը հեղինակին սիրոյ եւ յարգանքի տուրքն է “Վիեննական Մխիթարեանին եւ Հոգեւորականին”, զոր ան ճանչցած է 1961 թուականէն ի վեր եւ որուն առաքելակիցը եղած է 1979-1983, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ (Հազմիէ), հետագային անոր հետ մնալով սերտ գործակիցներ` հոգեւոր ծառայութեան եւ  կրթական ու գրահրատարակչական մարզերուն մէջ:

Սոյն գիրքով  Մեսրոպ Հայունի  ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի կեանքն ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մատենագիտական զեկոյցներ` անոր հրատարակած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ “Մուսա Լեռ” ամսաթերթի եւ “Աւետիք” պաշտօնաթերթի մէջ հրապարակուած յօդուածներուն եւ գրութիւններուն մասին: Ոգեկոչական գրութիւններուն մէջ ան վեր կը բերէ հայր Վարդանի  մարդկային նկարագիրն ու հոգեւորականի հանգանակը, այդ նպատակին ծառայեցնելով յատկանշական քաղուածքներ անոր գրական եւ քարոզախօսական գործերէն:

Գիրքին “Յաւելուած” վերնագրուած մասով, հրատարակուած է ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին խօսքը` հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի վախճանումին առիթով, ինչպէս նաեւ հոգեւորական, մշակութային եւ հանրային մարզի ներկայացուցիչներու վկայութիւնները անոր մասին` նոյն առիթով:

Գիրքը կարելի է ձեռք բերել Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն կամ Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութենէն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին