Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ պայքարող թրքական, այսպէս կոչուած, «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ASIMDER) ամենախոշոր կազմակերպութեան ղեկավար Կէոքսել Կիւլպէյը յայտարարած է, որ աշխարհի եկեղեցիները Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար միաւորուած են Թուրքիոյ դէմ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ թրքական «Ռատիքալ» թերթի հետ զրոյցի մը ընթացքին Կիւլպէյը ըսած է, որ Աշխարհի եկեղեցիներու միութիւնը 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդ ժամանակ զոհուած 1,5 միլիոն հայերը որակած իբրեւ նահատակ: Անոր խօսքով, օգտագործելով կրօնը, Աշխարհի եկեղեցիներու միութիւնը կ’ուզէ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ:
Թուրք ազգայնականը մտահոգութիւն յայտնած է այն առնչութեամբ, որ 2013 թուականի Հոկտեմբեր 30-ին տեղի ունեցած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համաժողովին կառոյցի նախագահ ընտրուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին 2-րդը, եւ որ կառոյցը որոշած է 2015 թուականի Ապրիլին կազմակերպուելիք բազմաթիւ ձեռնարկներու մասնակից դարձնել միութեան անդամ բոլոր եկեղեցիները:
Կիւլպէյը յիշեցուցած է, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան անդամ են նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող եկեղեցիները եւ այդ երկու երկիրներու ԱԳՆ-ներու ղեկավարներուն կոչ ուղղած է համապատասխան զգուշացումներ ընել տեղի եկեղեցիներու պատասխանատուներուն եւ հոգեւոր առաջնորդներուն` զերծ մնալու այդ ձեռնարկներուն մասնակցութենէն:
www.armenpress.am