Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ընկերուհի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանի Խօսքը՝ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»ի Մեկնարկումի Ձեռնարկին

Յարգելի ներկաներ,

Շնորհակալութիւն յայտնելով կ՛ուզեմ սկսիլ խօսքս նախ Պատկառելի ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, եւ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի նորանշանակ պատասխանատու խմբագիր  ընկ. Սեւակ Յակոբեանին, զիս «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի խմբագրական կազմին մէջ ընդգրկած ըլլալնուն համար: Ապա, շնորհակալ եմ Ձեզի՝ սիրելի ներկաներ, որ ժամանակ տրամադրած էք այսօր այստեղ գալով մեզի լսելու եւ մեր հետ հաղորդակցելու: Բարի եկած էք:

10393938_729789407062489_1983798140351398233_n

Մամուլ (տեղեկատուութիւն)… կամ՝  Հիւլէական ուժ…

Եթէ հարցնէք թէ ի՞նչ կապ ունին իրար հետ, համեստ կարծիքս յայտնելով կ՛ըսեմ թէ, Հիւլէականը այն ուժն է, որ ռումբի վերածուելով պատերազմ, աւեր ու մահ կրնայ տարածել, սակայն նոյն այդ ուժը ադոմակայանի մը մէջ վերածուելով օրինակի համար ելեկտրականութեան, կը լուսաւորէ մարդոց տուները, կը ջերմացնէ բնակարանները եւ կը զարգացնէ տնտեսութիւնը…

Տեղեկատուութիւնն ալ նոյնը չ՞է արդեօք, որ ունի հասարակութիւնը զարգացնելու, տեղեկացնելու, սերունդներ դաստիարակելու պարտականութիւն, սակայն ունակ է նաեւ՝ ապատեղեկացնելով, անհիմն զրպարտանքներով օրինակի համար քաղաքացիական պատերազմներ հրահրելու…: Երկուքն ալ ե’ւ տուն կը կառուցեն ե’ւ տուն կը քանդեն… ոչ միայն տուն, այլեւ՝ ազգ ու երկիր, ոչ միայն երկիր, այլեւ՝ մոլորակ… նայած թէ ո՞վ ինչպ՞էս կը գործածէ զայն…:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, այս հզոր ադոմական գործիքը տնօրինող անձնակազմի անդամ ըլլալով, մեծ պատասխանատուութիւն կը զգամ հանդէպ հարազատ կուսակցութեանս, զոր իր գաղափարախօսութեամբ եւ հոգեբանութեամբ զիս դաստիարակած է, ինչպէս նաեւ ձեր հանդէպ յարգելի հիւրեր եւ գաղափարակիցներ,  կը դիմեմ ձեզ «ընկեր» ըսելով: Բառ մը, որ իր մէջ կը խտացնէ վսեմ իմաստներ ինչպէս՝  հարազատութիւն, հաւասարութիւն, ջերմութիւն եւ կեանքի անհրաժեշտութիւն: Պատասխանատուութիւն կը զգամ նաեւ հանդէպ նոր սերունդին, որուն մաս կը կազմեն երեխաներս, որոնց Հայեցի առաքինի եւ առողջ դաստիարակման համար պարտաւոր եմ ինքս նախ ազնիւ ու խղճմտանքով գործել:

«ՌԱԿՄԱՄՈՒԼ»-ի առաքելութիւնն ու նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝Հայժողովուրդիզաւակներ:

Արդիակական համացանցային արուեստագիտութիւնը ինչպէս նաեւ օրէ օր աճող մեր ելեկտրոնային հասցէացանկը, առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մերառաքելութեան, ամէնէնարագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր գաղած հայկական լուրերը մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են հայկական լուրի, ինչպէս նաեւ ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առհասարակ՝ Հայկականութեան:

Այս բաւականին լուրջ նախադասութիւններու տարափէն ետք պիտի ուզէի բեմը յանձնել ընկեր Սեւակին, որպէսզի ան այլ մանրամասնութիններ տեղակացնէ մեզի ինչ կը վերաբերի այսօր պաշտօնապէս մեկնարկող՝ ragmamoul.net-ին:

Կրկին անգամ  բարի եկած էք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին