Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանի Երկարամեայ Տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» Մետալով

Յուլիսի 29-ին Հալէպի Կրթասիրաց Ս. Ճեմպերճեան երկրորդական վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան եւ Հալէպի Կրթասիրաց մշակութային միութեան խնամակալութեան անդամ Ճորճ Քասարեանը այցելեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կայքը:

Հանդիպմանը ներկայ էր նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի փոխնախագահ Ալեքսան Գարատանայեանը, որ նոյնպէս Հալէպի Կրթասիրաց Ս. Ճեմպերճեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ եղած է:

Antranig 1

Անդրանիկ Պօղոսեան ներկայացուց վարժարանի անցած ճանապարհը եւ ներկայ գործունէութիւնը: Վարժարանը հիմնադրուած է 1924 թուականին` իբրեւ նախակրթարան, 2003 թուականին վարժարանի մէջ բացուած է միջնակարգ բաժին՝ աշակերտներու յետագայ կրթութիւնը ապահովելու նպատակով:

2006 թուականին Կրթասիրացի զարգանալու արդիւնքով բացուած է երկրորդականի բաժին եւ զայն վերանուանած են Կրթասիրաց Սարգիս Ճեմպերճեան երկրորդական վարժարան` նուիրատու Գաբրիէլ Ճեմպերճեանի նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ: Վերջին տարիներուն դպրոցը կը յաճախեն նաեւ այլազգի քրիստոնեայ աշակերտներ, որոնք հայեցի կրթութիւն կը ստանան եւ յետագային կը դառնան «հայերու դեսպաններ օտար երկիրներու մէջ: Այսօր դպրոցը ունի 540 աշակերտ:

Անտեսելով ներկայ դժուարին պայմանները՝ վարժարանը առ այսօր կը շարունակէ իր գործուն մասնակցութիւնը ունենալ Հալէպի հայկական, ազգային, մշակութային կեանքին եւ հայ զաւակներու ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան գործին մէջ:

Բարձր գնահատելով Անդրանիկ Պօղոսեանի համայնքային արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անգնահատելի աւանդը Հայաստան-Սփիւռք գիտակրթական գործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման, սերունդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, հայապահպանութեան գործին մէջ՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զինք պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Անդրանիկ Պօղոսեանը եղած է Գամիշլիի քաղաքապետարանի անդամ,  Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ, ապա` ատենապետ: 1990-1993թթ. եղած է Գամիշլի քաղաքի եւ իր շրջաններու թաղական խորհուրդի ատենապետ: 1991-ին ընտրուած է Բերիոյ թեմի գաւառական ժողովի անդամ` ներկայացնելով Ճեզիրէի շրջանը: Երկրորդ եւ երրորդ անգամ վերընտրուած է Բերիոյ թեմի գաւառական ժողովի անդամ` առ այսօր ներկայացնելով Հալէպի մայր գաղութը: Եղած է Բերիոյ թեմի հայկական կալուածներու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ապա` նոյն խորհուրդի ատենապետ: Եղած է Բերիոյ թեմի դատաստանական խորհուրդի նախադատ ատեանի դատախազ: 1999-էն առ այսօր Կրթասիրաց Ս. Ճեմպերճեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնն է:

Անդրանիկ Պօղոսեանը եւ Ճորճ Քասարեանը բարձր գնահատեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ջանքերը այս դժուարին օրերուն Սուրիոյ հայ համայնքին աջակցելու եւ համայնքը կանգուն պահելուն ուղղուած ջանքերուն համար: Անոնք ողջ սուրիահայ համայնքի երախտիքի խօսքը փոխանցեցին՝ նշելով, որ իրենց թիկունքին մշտապէս զգացած են Հայրենիքի հզօր աջակցութիւնը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին