Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Առաջին Անգամ Հրատարակման Կը Պատրաստուի Հայ Երաժշտութեան Հանրագիտարան

Երաժշտական հանրագիտարանները, ինչպէս եւ առհասարակ հանրագիտարանները, նշանակալի ներդրում են համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ կը համարուին ազգային հարստութեան անքակտելի մաս: Երաժշտական հանրագիտարաններ ունին գրեթէ բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդները` երաժշտութեան պատմութեան համաշխարհային գործընթացներու մէջ շեշտելով նաեւ սեփական ժողովուրդի ձեռքբերումները այդ ոլորտին մէջ:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ մինչ օրս մեր մօտ գոյութիւն չունի նման համապարփակ հրատարակութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը ձեռնարկած է “Հայ երաժշտութեան հանրագիտարան”-ի ստեղծումը եւ հրատարակումը: Այս նպատակով ՀՀ մշակոյթի նախարարի հրամանով ստեղծուած է յանձնաժողով, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են վաստակաշատ երաժշտագէտներ, Հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան, ՀՀ ԳԱԱ արուեստի ուսումնարանի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի, Հայաստանի երաժշտահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան, Հայաստանի երգչախմբային ընկերութեան ներկայացուցիչներ:

Յուլիս 26-ին ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւն հրաւիրուած էր վերոնշեալ յանձնաժողովի առաջին նիստը. ներկայացուած է նախարարութեան յանձնարարութեամբ Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութեան կողմէ պատրաստուած նախագիծը, որուն շուրջ տեղի ունեցած մտքերու փոխանակութեան եւ առաջարներու քննարկմամբ` ճշդուած է հանրագիտարանի կառուցուածքի եւ թեմաթիկ բառացանկի սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ընթացիկ կազմակերպչական հարցեր:

Spread the Word

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին